Լիբանան Վերապահութիւն Կը Յայտնէ Հայկական Տեսակէտը Անտեսող Բանաձեւին

Ազգային երկխօսութեան վերջին նիստին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, անդրադառնալով Թեհրանի մէջ գումարուած Ոչ-յանձնառու երկիրներու վեհաժողովին, յայտնեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը ոչ միայն ձեռնպահ մնացած է, այլ նաեւ վերապահութիւն յայտնած է Արցախի կապակցաբար ներկայացուած բանաձեւին:

Նախագահը Ազգային երկխօսութեան նիստին յայտնեց, որ ինք լաւ ճանչնալով հայութեան այդ խնդիրը, բանաձեւը նկատած է անհաւասարակշռուած ու արտայայտած իր վերապահութիւնը` միաժամանակ շեշտելով Արցախի տագնապը երկու կողմերուն միջեւ խաղաղ միջոցներով լուծելու հրամայականը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )