«Պաշտպանութեան Ռազմավարութիւնը Գաղտնի Է, Հետեւաբար Պէտք Է Անիկա Վերցնել Փողոցի Քննարկումներէն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութէլ Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նախանցեալ օրուան նիստը եղած է ամէնէն հանդարտ եւ խաղաղ նիստերէն մէկը, որուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անդրադարձած է լիբանանեան քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային հիմնական իրադարձութիւններուն, որոնք արձանագրուած են վերջին հանգրուանին:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նախագահ Սլէյման անդրադարձած է նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարած այցելութեան եւ անոր պատմական կարեւորութեան` աւելցնելով, որ բոլոր լիբանանցիներուն պարտականութիւնն է պապին այդ այցելութիւնը ծառայեցնել լիբանանեան ներքին հարցերուն լուծման:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ տնտեսական հարցին շուրջ համախոհութիւն գոյացած է, որովհետեւ բոլորը կը զգան այս հանգրուանին վտանգաւոր կացութիւնը: «Լիբանանի տնտեսական ներկայ կացութեան պատասխանատուութիւնը միայն ներկայ կառավարութեան վրայ պէտք չէ բեռցնել, որովհեիեւ նախորդ կառավարութիւնները իրենց կարգին պատասխանատու են ստեղծուած ներկայ կացութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին բոլորը համաձայն գտնուած են աշխատավարձի յաւելումները կատարելու, ինչպէս նաեւ ընդգծած են այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու աշխատանքին մէջ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը նշեց նաեւ, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը անդրադարձած է նաեւ երկրին տնտեսական կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան գծով հանրապետութեան նախագահին պատկերացումին, որ կարեւոր փաստաթուղթ մըն է, սակայն անիկա վերջնական չէ եւ ենթակայ է քննարկումի: «Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած պաշտպանութեան ռազմավարութեան պատկերացումով մենք կրցանք դէպի հազար մղոնի ուղղութեամբ քայլ մը առնել: Թէեւ մէկէ աւելի քաղաքական անձնաւորութիւններ շեշտեցին այս փաստաթուղթին կարեւորութիւնը, սակայն անհրաժեշտ է զայն վերցնել փողոցին մէջ քննարկուելէ, որովհետեւ ի վերջոյ անիկա պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մըն է, եւ գաղտնի պէտք է պահել անոր մանրամասնութիւնները: Մենք պէտք չէ մեր բոլոր խաղաքարտերը բանանք Իսրայէլի դիմաց», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններուն պարտականութիւնն է գաղտնապահ ըլլալ եւ իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնել: «Մենք չենք կրնար Լիբանանը ենթարկել իսրայէլեան վտանգին: Իսկ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը կարիքը ունի յաւելեալ ժամանակի եւ գիտակցութեան, ինչպէս նաեւ երկար քննարկումի», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով այդ ռազմավարութիւնը քննարկել առանց իրարու դէմ դաւաճանութեան ամբաստանութիւններ արձակելու եւ զիրար մեղադրելու:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը կարեւոր փաստաթուղթ մը ներկայացուցած է եւ կատարած է կարեւոր իրագործում մը, որմէ պէտք է օգտուինք, որովհետեւ մենք մուտք գործած ենք նոր հանգրուան մը:

«Լիբանանի մէջ համախոհութեան եւ ազգային համերաշխութեան դրութիւնը կը նշանակէ, թէ մենք ստիպուած ենք շարունակելու երկխօսութիւնը, որուն յատկացուած սեղանը կրնայ ընդգրկել քաղաքական բոլոր կողմերը: Իսկ պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու համար պատասխանատու են բոլորը, ե՛ւ կառավարութիւնը, ե՛ւ ընդդիմութիւնը», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Նախագահ Սլէյմանի ներկայացուցած պաշտպանութեան ռազմավարութեան պատկերացումին մասին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման պաշտպանութեան ռազմավարութեան իր պատկերացումը հիմնած է Ատայսէի միջադէպին վրայ` շեշտելով, որ կարեւորը այդ ռազմավարութեան քննարկումն է:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ռազմավարութեան այդ պատկերացումին մասին որոշ դիտողութիւններ կան, «պէտք է օրինակ բացատրել, թէ ի՛նչ պէտք է հասկնանք բանակին հեղինակութիւնը եզրով», ըսաւ ան: Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ «եթէ բանակին եւ Դիմադրութեան միջեւ ամբողջական գործակցութիւն արձանագրուի, ապա չեմ կարծեր, որ այդ ռազմավարութիւնը մերժող կողմեր կ՛ըլլան»: «Յուլիսեան պատերազմը լաւագոյն օրինակն էր, որովհետեւ այդ պատերազմին ընթացքին բանակին եւ Դիմադրութեան միջեւ ամբողջական գործակցութիւն գոյութիւն ունէր»: ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի եզրափակեց ըսելով, որ թիւրիմացութիւն մը կայ նաեւ ռազմավարութեան պարագային նշուած «Դիմադրութիւնը կը սկսի բռնագրաւումէն ետք» միտքին շուրջ: «Բռնագրաւումը կայ եւ կան հողեր, որոնք պէտք է ազատագրուին, հետեւաբար այդ դիտանկիւնէն մեկնելով պէտք է մօտենալ հարցին», նշեց ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES