Ֆորմիւլա-Ռընոյի Ախոյեանութիւն. Շահան Սարգիսեան Դէպի Սիլվըրսթոն` Յաւելեալ Կէտեր Ապահովելու Նպատակով
Լիբանանահայ փորձառու վարորդ Շահան Սարգիսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ անգլիական Ֆորմիւլա Ռընոյի ախոյեանութեան, յառաջիկայ 6-7 հոկտեմբերին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սիլվըրսթոնի վերջին հանգրուանի մրցումին:
Սարգիսեան, որ մաս կը կազմէ «Էմ- թեք լայֆ» խումբին, դէպի Սիլվըրսթոն ուղղուելով պիտի փորձէ յաւելեալ կէտեր ապահովել, մանաւանդ որ ան վերջին հանգրուանի մրցումներուն տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգեց:
Ան Տոնինկըն Փարքէն ապահովեց 11 կէտ, այսպիսով 17-ի բարձրացնելով իր ունեցած կէտերուն ընդհանուր գումարը ընդհանուր դասաւորման մէջ, որ կ՛ընդգրկէ 32 ինքնաշարժներ:
Իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին Սարգիսեան ըսաւ. «Բնականաբար, վերջին հանգրուանին արձանագրած այս բացառիկ արդիւնքս ինծի համար յաւելեալ մղիչ ուժ մը պիտի դառնայ, որ յաջորդ հանգրուաններուն, մեծ կորովով կատարեմ մրցումներս: Խումբիս պատասխանատուները մեծ վստահութիւն ունին վրաս եւ անոնք առաւելագոյնս կ՛օգնեն ինծի: Յոյսով եմ, որ Սիլվըրսթոնի մէջ շատ լաւ արդիւնք պիտի արձանագրեմ»:
Իսկ խումբին տնօրէն Լէյս Ճոնզ Շահան Սարգիսեանին մասին խօսելով ըսաւ, որ ան բացառիկ յատկութիւններ ունեցող վարորդ մը ըլլալով, այս տարի անկասկած տուաւ իր առաւելագոյնը: Ան անկասկած յառաջիկայ տարի կրնայ այս տարուան իր տուածին կրկնապատիկը տալ:

