Սարգիս Յովսէփեան Լքեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ Սարգիս Յովսէփեան, իր ակումբին Փիւնիկ Երեւանի պաշտօնական կայքէջին ընդմէջէն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ 24 տարի ֆութպոլի կանաչ դաշտերուն վրայ տեսնուելէ եւ Հայաստանի հետ 131 մրցումի ընթացքին (մրցանիշ մը) 2 կոլ նշանակելէ ետք, Յովսէփեան թէեւ դժուար որոշում մը տուաւ, սակայն ան աւելցուց ըսելով, որ տուաւ ճիշդ որոշումը:

Ստորեւ կու տանք անոր կատարած յայտարարութենէն կարգ մը ամփոփ խօսքեր.

«Ես շատ երջանիկ եմ, որ այսքան երկար տարիներ ֆութպոլին հետ եղած եմ: Մեծ յաղթանակներ կը մաղթեմ Հայաստանի ազգային հաւաքականին, մեր հայկական ֆութպոլին եւ կամ հարազատ Փիւնիկին:

«Շնորհակալութիւն` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանին` մեծ վստահութեան եւ գնահատականի համար, Փիւնիկի բոլոր պատասխանատուներուն, յատուկ շնորհակալութիւն հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանին, որուն հետ աշխատիլը իսկապէս հաճելի է:

«Չմոռնամ հաւաքականի բոլոր խմբակիցներս, որոնց հետ միասին երկար տարիներ պաշտպանած ենք մեր երկրին պատիւը: Շնորհակալութիւն ֆութպոլասէրներուն, որոնք միշտ աջակցած են մեզի: Եւ վերջապէս ռուսական Զենիթ եւ Թորփերօ ակումբներուն, որոնց հետ անցուցած եմ իմ արհեստավարժ ասպարէզիս անմոռանալի քանի մը տարիները»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )