Արուեստի Աշխարհէնէ Էտուարտ Մունքի «Ճիչը» Կը Ցուցադրուի Նիւ Եորքի Մէջ

Պատրաստերց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՆՈՐՎԵԿԻԱԿԱՆ ԳԵՂԱՆԿԱՐ ՄԸ, ՈՐ ՏԵՒԱԲԱՐ ՀՄԱՅԱԾ Է ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐԸ, ԱՅԺՄ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԲԵՐ ՄԷԿ ԱՆԿԻՒՆԷՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԳՐԷ.

Էտուարտ Մունքի «Ճիչը» գեղանկարին մէկ տարբերակը, որ այս տարի աճուրդի ընթացքին ամէնէն սուղ գինով վաճառուած արուեստի գործն էր, պիտի ցուացադրուի Նիւ Եորքի մէջ:

Անանուն գնորդ մը 120 միլիոն տոլար վճարած էր 1895-ին գծուած այս գեղանկարին համար: Անիկա 24 հոկտեմբերէն սկսեալ եւ մինչեւ վեց ամիս պիտի ցուցադրուի Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարանին (ՄօՄա) մէջ:

Թանգարանին տնօրէնը` Կլեն Լաուրի կ՛ըսէ, թէ այս ցուցադրութիւնը «անհաւատալի առիթ մըն է»` տեսնելու թանկագին գեղանկարը:

Նորվեկիացի տպաւորապաշտ գեղանկարիչ Էտուարտ Մունք 1893-1910-ի միջեւ գծած է «Ճիչը» գեղանկարին չորս տարբերակները: Անոր գծած երեք տարբերակները կը պատկանին նորվեկիական թանգարաններու:

«Ճիչը» կը պատկերէ լերկ գլուխով կերպար մը` կամուրջի մը վրայ, բոցավառ երկինքի մը տակ:

«Տը նիւ Եորք Թայմզ» թերթին համաձայն, գեղանկարին նոր սեփականատէրը Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող դրամատէր Լէոն Պլեքն է, որ գեղանկարներու հարուստ հաւաքածոյ մը կը պահէ  եւ անդամ է Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարանին խնամակալներու կազմին:

Փասթել գեղանկարը պիտի ցուցադրուի մինչեւ 29 ապրիլ 2013, թանգարանին հինգերորդ յարկին վրայ, ապահովական շատ խիստ հսկողութեան տակ:

«Ճիչը» գեղանկարին երկու տարբերակները գողցուած են 1994-ին եւ 2004-ին, սակայն վերագտնուած են:

Մայիսէն առաջ, երբ վաճառուեցաւ «Ճիչը» գեղանկարին մէկ տարբերակը, աճուրդի մը ընթացքին արուեստի գործի մը համար վճարուած ամէնէն բարձր գինը 106.5 միլիոն տոլար էր: Այս գինը 2010-ին վճարուած էր Փիքասոյի «Մերկ, կանաչ տերեւներ եւ կիսանդրի» գեղանկարին համար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )