Արուեստի Աշխարհէն. Արդեօք Ձեր Զաւակները Պիտի Ժառանգե՞ն Ձեր Ելեկտրոնային Գիրքերը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Հրթիռը յայտնագործած ռահվիրայ Ռոպըրթ Կոտտարտի հօրեղբայրը` Սփատ, 1898-ին «Տը ուոր աֆ տը ուըրլտծ» վէպին այս օրինակը մակագրած է իրեն: Աւելի քան 100 տարի ետք զայն ժառանգած է անոր թոռը` Ամանտա Քազ:

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԵՒԱԲԱՐ ԲԱԽՈՒՄԻ ՄԷՋ ԵՆ: ԱՅՆ ՕՐԷՆ, ԵՐԲ «ԱՄԱԶՈՆ» ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԳԻՐՔԵՐ ԱՄԲԱՐՈՂ ԳՈՐԾԻՔ ՄԸ` ՔԻՆՏԸԼԸ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԾԱՅՐ ՏՈՒԻՆ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ԱՐԴԵՕՔ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՍԱՐՔ ՄԸ ԿՐՆԱ՞Յ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ԹՈՒՂԹԻ ՎՐԱՅ ՏՊՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՐԴԵՕՔ ԱՆԻԿԱ ՊԻՏԻ ԽԹԱՆԷ՞ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԹԷ՞ ՊԻՏԻ ԹԱՂԷ ԳԻՐՔԸ: «ՆԵՇԸՆԸԼ ՓԱՊԼԻՔ ՌԵՏԻՕ»-Ն ԻՐ ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ Է «ՊՈՍԹԸՆ ԿԼՈՊ» ԹԵՐԹԻ ՓՈԽ ԽՄԲԱԳԻՐ ԱՄԱՆՏԱ ՔԱԶԻ ՄԷԿ ՅՕԴՈՒԱԾԸ, ՈՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՋԵՐՄ ԵՒ ՏՊԱՒՈՐՉ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ՄԸ ԿԸ ԶԱՐԳԱՑՆԷ ԱՅԼ ՎԷՃ ՄԸ. Ի ՎԵՐՋՈՅ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻ ՁԵՌՔԷ ՁԵՌՔ ԱՆՑԱԾ ԵՒ ԻՐԵՆՑ ՍԵՓԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՒՍԱԾ ԱՅՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ, ԶՈՐՍ ՕՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՁԳԵՆՔ ՄԵՐ ԵՏԻՆ:

Մարդ մը 1898-ին գիրք մը գնած էր իր 16 տարեկան եղբօրորդիին համար եւ անոր առաջին դատարկ էջին վրայ մաղթանքներ արձանագրելով` զայն մակագրած էր «Անքըլ Սփատ»:

Գիրքը` Հըրպըրթ Ճորճ Ուելզի «Տը ուոր աֆ տը ուըրլտծ» վէպը նոր լոյս տեսած էր Ամերիկայի մէջ, «Հարփըր էնտ Պրատըրզ» հրատարակչատունէն: Անիկա կը պատմէր Հրատէն Երկիրի վրայ կայծակնային յարձակումի մը մասին եւ նախակարապետն էր նման նիւթերով գրուած գիրքերու: Աւելի՛ն. անիկա շատ ուշագրաւ է այսօրուան ընթերցողին համար, մանաւանդ` իր դարավերջի մանրամասնութիւններու նկարագրութեամբ, ինչպէս` ձիակառքերու արկածներ, շտապ հեռագիրներ, միայն օրաթերթերու միջոցով փոխանցուած լուրեր: Վէպին վերջաւորութեան պատմիչը Հրատէն արշաւած արտերկրացիներուն յարձակումներէն ետք կը գտնէ «Տէյլի Մէյլ» թերթին մէկ օրինակը եւ կ՛ըսէ. «Ոչ մէկ նորութիւն կար, բացի անկէ, որ մէկ շաբթուան ընթացքին Հրատի բնակիչներուն մեքենական համակարգերը տուած էին զարմանալի արդիւնքներ: Յօդուածը ինծի համոզեց բանի մը, որուն չէի հաւատացած ատենին, թէ` «թռչելու գաղտնիքը» յայտնաբերուած էր»:

Անշուշտ ասիկա գիտաերեւակայական պատմութիւն մըն էր, սակայն նաեւ մարգարէական էր: Անքըլ Սփատի պատանի եղբօրորդին իր անունը դրոշմած էր վէպին առաջին էջին վրայ, ամենայն նուիրումով զայն կը կարդար ամէն տարի, եւ իր կեանքին ընթացքին պիտի յայտնաբերէր թռչելու բազմաթիւ գաղտնիքներ: Ան Ռոպըրթ Հաչինկզ Կոտտարտն էր` հեղուկ վառելանիւթով թռչող հրթիռը յայտնագործած անձը:

Կոտտարտ մահացաւ 1945-ին: Միլթըն Լեհման անունով լրագրող մը 1950-ական տարիներուն սկսաւ գրել հրթիռը յայտնագործած ռահվիրային կենսագրութիւնը` «Տը հայ մեն», որ լոյս տեսաւ 1963-ին` «Ֆարար Սթրաուս» հրատարակչատունէն: Հրատարակութենէն քանի մը ամիս առաջ Լեհման նուէր մը ստացաւ Ռոպըրթի այրիէն` Էսթըր Կոտտարտէն: Անիկա իր ամուսինին նախասիրած «Տը ուոր աֆ տը ուըրլտծ» վէպին օրինակն էր: «Միլթըն Լեհմանին` երախտագիտութեամբ», գրած էր ան Անքըլ Սթատի մակագրութեան տակ:

Գիրքին մէջ թռչելու գաղտնիքին վերաբերող պարբերութեան լուսանցքին մէջ Լեհման արձանագրած էր նոթ մը. «Ռ.Հ.Կ.» եւ պարոյկ մը աւելցուցած էր Ռոպըրթ Հաչինկզ Կոտտարտի սկզբնատառերուն վրայ: Եւ նոյնինքն այն առաջին էջին վրայ, ուր Սփատ եւ Էսթըր արձանագրած էին իրենց խօսքերը, Լեհման նշած էր. «Տեսնե՛լ էջ 287-291»: Իր կենսագրութեան մէջ Լեհման գրած էր, թէ Կոտտարտ 50 տարեկանին նամակ մը գրած էր Ուելզի` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր ներշնչած թռչելու գաղափարին համար: Ուելզ պատասխանած էր. «Շնորհակալ եմ գեղեցիկ նամակիդ համար: Ասիկա այն տեսակի ողջոյն մըն է, որ մէկը պիտի փափաքէր լսել քեզի պէս անձէ մը»:

Լեհման մահացաւ 1966-ին, եւ գիրքը ժառանգեց անոր այրին, որ նոյնպէս  գրագէտ էր եւ խմբագիր: Ան ապրեցաւ մինչեւ 93 տարեկան: Մահացաւ այս տարուան մարտին եւ «Տը ուոր աֆ տը ուըրլտծ»-ի օրինակը ծրարուեցաւ անոր մնացեալ գիրքերուն հետ: Շաբաթներ ետք, երբ անոր թոռները գետինը նստած` կը դասաւորէին զանոնք, հանդիպեցան այս գիրքին: Անոնք կարդացին Անքըլ Սփատի, Ռոպըրթի, Էսթըրի եւ Միլթընի բառերը եւ անդրադարձան, թէ ինչպիսի՛ գիրք մը ի յայտ եկած էր: Կամ պէտք է ըսեմ` անդրադարձանք, թէ ինչպիսի՛ գիրք մըն էր, որովհետեւ ես այդ թոռներէն մէկն եմ եւ այժմ գիրքը նստած է սեղանիս վրայ, դիմացս:

Ի՞նչ կը պատահի մեր գիրքերուն, երբ կը մեռնինք: Անշուշտ բազմաթիւ գիրքեր կ՛անհետանան մեզմէ առաջ: Անոնք կը պատռտուին, կամ զանոնք կը դնենք դռնէն դուրս, որպէսզի մէկը հաւաքէ: Այսուհանդերձ,  նման գիրք մը, որ տակաւին կը կարդացուի եւ կը վերահրատարակուի, եւ որ այնքան յատկանշական դեր խաղցած է 20-րդ դարու երեւակայութեան մէջ, նաեւ` նման վէպի մը մէկ օրինակը, որ այնքա՛ն յատուկ եւ հետաքրքրական դեր մը խաղցած է, շատ հաւանական է, որ գուրգուրանքով փոխանցուի, այնքան ատեն որ կրնանք պահպանել զայն եւ ճանչնալ: Այն Աստուածաշունչերուն պէս, որոնք կը պահուին ընտանիքներու մէջ, եւ որոնց մէջ կ՛արձանագրուի ընտանիքներուն պատմութիւնը, այս գիրքը ընթերցողներու շղթայ մը պիտի ունենայ ժամանակի ընթացքին:

Հարվըրտ համալսարանի դասախօս Լէա Փրայս իր վերջերս հրատարակուած «Հաու թու տու թինկզ ուիտ պուքս ին Վիքթորիըն Պրիթըն» (ինչպէս վերաբերիլ վիքթորեան ժամանակաշրջանի Բրիտանիոյ գիրքերուն հետ) վերնագիրով գիրքին մէջ կը նշէ, թէ գիրք մը ձեռքէ ձեռք անցնելու յաճախ մէկ պատճառ գոյութիւն ունի, եւ այն ալ մահն է: «Ընթերցողներ գիրք մը կ՛արժեւորեն նաեւ այն պատճառով, որ անոնք ի տարբերութիւն օրաթերթերուն` շրջանառութեան մէջ կը մտնեն միայն իրենց սեփականատիրոջ կամքին հակառակ» կը գրէ ան: Ասիկա մասնաւորաբար Ճիշդ է «կապակցուած օրինակներու» պարագային. այսպէս կը կոչուին հաւաքածոյ պահողներու կողմէ փնտռուած այն գիրքերը, որոնք ստորագրուած են հեղինակին կողմէ` յատկանշական անձի մը համար, կամ` այն գիրքերը, որոնց տէրը կամ զանոնք մակագրողը յատկանշական անձ մըն է, ինչ որ գիրքը կը վերածէ տեսակ մը հմայեակի: «Սուրբերու մասունքներու տրամաբանութիւնը փոխ առնելով` «կապակցուած օրինակները» գիրքերը կ՛օժտեն զանոնք օգտագործած անձերուն ինքնութեան արժէքով: Եւ` ինչպէս սուրբերը, անոնց նախկին տէրերը պէտք է մեռած ըլլան», կը գրէ ան:

Կոտտարտ կը փորձարկէ իր շինած պողպատէ խցիկը եւ հրթիռի քիթը (1915):

Ամէն անգամ որ լուրջ ընթերցող մը կը մեռնի, անոր ժառանգորդները դէմ յանդիման կը գտնուին հանգուցեալին գիրքերը ցրուելու աշխատանքին: Սակայն մեզմէ քիչեր կը մտածեն, թէ ի՛նչ պիտի պատահի մեր սեփական գրադարաններուն: Արդեօք մեր զաւակները արժէք պիտի տա՞ն մեր գիրքերուն (եւ արդեօք բաւարար դարաններ շինելու տեղ պիտի ունենա՞ն): Արդեօք ուսումնասիրական գիրքեր հաւաքող լուրջ գրադարան մը պիտի գնէ՞ զանոնք, կամ մարդիկ աճուրդի գիներ պիտի առաջարկե՞ն Քրիսթի՛զ վաճառատան մէջ: Պատասխանը ժխտական է, բացի եթէ հռչակաւոր անձ մըն ենք կամ մեր ունեցած գիրքերը առաջին հրատարակութիւններ են: Թերեւս անոնք վերստին շրջանառութեան մէջ կրնան մտնել գործածուած գիրքերու գրատուներու մէջ, վաճառուիլ` քանի մը դահեկանի, կամ` դարձեալ վաճառուիլ քանի մը տոլարի: Հաճելի է զանոնք տեսնել վերադարձած` դէպի գիրքերու ծովը, նոր ընթերցողի մը ուռկանին մէջ իյնալու համար: Անշուշտ այս մէկը պարզապէս ցանկութիւն է. նոյնիսկ Նիւ Եորքի «Սթրենտ» գրատունը իր «18 մղոնի վրայ երկարող գիրքերու դարաններով» այս օրերուն կը մերժէ ընդունիլ բազմաթիւ առաջարկներ (այսուհանդերձ 2010-ին վիպագիր Տէյվիտ Մարքսընի մահէն ետք այս գրատունը ընդունեց գնել անոր մակագրուած գիրքերու հսկայական հաւաքածոն, եւ Մարքսընի գիրքերուն մէջ գանձեր փնտռելու արշաւը ծայր տուաւ գրական հրաշալի քննարկումներու` անոր երկրպագուներուն միջեւ):

Ինչպէս Փրայսի գիրքը մտածել կու տայ, իրենց տէրերուն մահէն ետք իրենց կեանքը շարունակող գիրքերուն հետ վարուելու հարցը հասարակաց դժուարութիւն մը դարձած է 19-րդ դարու կէսերէն ետք, երբ շոգիով տպագրող մեքենաները եւ աժան թուղթի գոյութիւնը մեծապէս ընդարձակեցին գիրքերու շուկաները: Այս անկիւնադարձէն առաջ ընտանիքներու համար հարց չէր բազմաթիւ գիրքեր ժառանգելը: Սակայն այժմ մենք հաւանաբար կը գտնուինք 150 տարուան տպագրական ծաղկումի մը աւարտին, որուն կ՛ընկերակցի կերպարանափոխութիւն մը` գիրքերը ընթերցողէ ընթերցող եւ կեանքէ կեանք բաժնելու ձեւին մէջ:

Ելեկտրոնային գիրքերու (ի-պուք) այս դարուն թղթակազմ գիրքը կը դիմագրաւէ հաւանական երկու ներհակ ճակատագրեր: Անիկա կրնայ վերածուիլ աղբի, այն գիրքերուն պէս,  որոնց լուսապատճէնները կը հանեն գրադարաններ, ապա կը փճացնեն զանոնք (այլ գիրքի մը` «Անփեքինկ մայ լայպրըրի. ռայթըրզ էնտ տեր պուքս»-ի յառաջաբանին մէջ Փրայս կը նկարագրէ Կուկըլի գրասենեակներուն մէջ կախուած գիրքերու կողքեր` «զմռսուած անասուններու պատեանին պէս»): Միւս տարբերակը այն է, թէ գիրքը կրնայ վերածուիլ յատուկ իրի մը, զոր կարելի է պահպանել եւ վաճառել: Յայտնապէս «Ուոր աֆ տը ուըրլտծ» վէպին մեծ հօրս տարբերակը կը պատկանի այս երկրորդ դասակարգին: Սակայն 19-րդ դարու կէսերէն ի վեր հրատարակուած գիրքերէն միայն քիչերը պիտի փափաքէինք պահել: Թէեւ «Ամազոն»-ի մէջ կը հանդիպինք անծանօթ, սակայն երբեմն վաճառք արձանագրող գիրքերու «երկար պոչի մը». այսուհանդերձ, այն «պոչը», որ կ՛երթայ 150 տարի ետ, գրեթէ ծայր չունի եւ թելի չափ բարակ է:

Մինչ այդ, բազմաթիւ ընթերցողներու միջեւ գիրք մը բաժնելու սովորութիւնը (ինչպէս զայն կը նկարագրէ Փրայս), սկսած է տեղի տալ գիրք մը միաժամանակ եւ «համաչափ» բաժնելու սովորութեան: Ելեկտրոնային գիրքեր պարունակող Քինտըլի միջոցով  կարելի է տեսնել, թէ հազարաւոր այլ անձեր ի՛նչ նոթեր արձանագրած են մեր կարդացած գիրքին լուսանցքներուն մէջ, ինչ որ հրաշալի նորարարութիւն մըն է: Սակայն գիրքի մը ձեռքէ ձեռք անցնելու յատկութիւնը, եւ այս միջոցին նոթեր ու արձանագրութիւններ հաւաքելու անոր կարողութիւնը մաս չեն կազմեր ելեկտրոնային գիրքերու տնտեսութեան: Արդեօք մեր թոռները պիտի ժառանգե՞ն մեր ելեկտրոնային գիրքերը: Ոչ ոք գիտէ: Սակայն նկատի ունենալով գաղտնի բանալի բառերու (փասուըրտ) պաշտպանութեան եւ ելեկտրոնային տեղեկութիւններու շատ արագ անգործածելի դառնալու բնոյթը` նման ժառանգութիւն մը շատ անհաւանական է:

Այսուհանդերձ, ինչ կը վերաբերի յաւիտենութեան, ելեկտրոնային գիրքերու համակարգը կը վայելէ շարք մը առաւելութիւններ` նախկին տնտեսութեան վրայ: Նոթագրութիւնները կ՛արձանագրուին օդին մէջ: Հետեւաբար, եթէ հրոյ ճարակ դառնայ ձեր բնակարանը, գիրքերը կը պահպանուին ամպերուն մէջ: Լուսանցքներու մէջ արձանագրած ձեր գրութիւնները հասանելի են ոչ միայն այն անձին, որ իր ձեռքին մէջ պիտի առնէ ձեր գիրքը, այլ նաեւ` շատերուն: Ապագայի կենսագիրները վստահաբար իբրեւ նուէր պիտի չստանան իրենց նկարագրած անձին կարդացած մէկ գիրքը` անոր այրիէն: Ելեկտրոնային գիրքերու պարագային,  գոյութիւն չունի գրատան մը մէջ մնացած միակ գիրքի մը շուրջ պայքարը: Ծառեր չեն հատուիր հոն` գիրքերուն թուղթ ապահովելու համար, չվաճառուած գիրքերուն թուղթը վերստին շրջանառութեան մէջ դնելու կարիքը չկայ, ոչ ալ` գիրքերը մէկ բնակարանէն միւսը տեղափոխելու տաղտուկը: Իսկ գիրքերուն էջերը երբեք չեն բորբոսիր:

Սակայն, ի՞նչ կը կորսնցնենք, երբ հրաժեշտ կու տանք մարդկային պատմութեան մէջ այն կարճ ժամանակամիջոցին, երբ սովորական անձեր գիրքեր ունեցած են: Կը մտածեմ իմ սեփական արդէն ստուար գիրքերու հաւաքածոյիս մասին: Անիկա կը պարունակէ գիրքեր, զորս սիրած եմ, եւ որոնց վրայ աշխատած եմ իբրեւ խմբագիր եւ թարգմանող, եւ զորս ստացած եմ իբրեւ նուէր: Թէեւ կը յուսամ, որ ինծի յաջորդող սերունդը եւս պիտի սիրէ զանոնք, սակայն այս մէկը հարց չէ ինծի համար, որովհետեւ գոյութիւն պիտի չունենամ, որ տեսնեմ:

Սակայն, երբ կը մտածեմ մեծ հօրս սնտուկներուն մէջ ծրարուած գիրքերուն մասին, նոյնիսկ` այն գիրքերուն, զորս չէինք կրնար կամ չէինք ուզեր պահել, եւ կը մտածեմ` թէ ի՛նչ գիրքերու հանդիպեցանք հոն, ուրախ կը զգամ, որ անոնց փոխարէն «Ամազոն»-ի մէջ ելեկտրոնային գիրքերու հասողութիւն ունենալու գաղտնի բառ մը չէր փոխանցուած ինծի: Ելեկտրոնային այս դարաշրջանը լեցուն է բարիքներով, սակայն ամէնէն հակասական երեւոյթը այն է, թէ պաստառի մը լոյսին մէջ կը տեղադրենք բան մը, որ կը պատրաստուինք մէկ կողմ դնելու. հին գիրքի մը միջոցով փոխանցուած մասնայատուկ, տեսանելի կամ անտեսանելի պատմութիւն մը, գիրք մը, որ կը կրէ արձանագրութիւնը այժմ արդէն մեռած ընթերցողներու մատներուն եւ մտածումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )