Գրողի Անկիւն. Մենք Եւ Մեր Հաւատքը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չեմ գիտեր` տարին քանի կիրակի օրեր ու տաղաւար կիրակիներ եկեղեցի կրնամ երթալ, կամ կ՛երթամ եւ գացած եմ եւ կամ ալ կ՛ուզեմ երթալ: Բայց այս բոլորը ի՜նչ անհամ հարցումներ են, եւ աւելի՛ն, որո՞ւ հոգը: Բայց…

Գիտեմ, որ եթէ առիթ ունենամ կամ ինծի համար նման բան մը ստեղծուի, ոչ միայն կը փափաքիմ, այլ նաեւ ամէն ճիգ  կը թափեմ` նոյնիսկ ընտանեկան կարգ մը պարտաւորութիւններէս խուսափելով կամ զանոնք զոհելով, յամառօրէն կը փորձեմ երթալ ու «չփախցնել» յատկապէս «Տէր ողորմեա»-ի բաժինը:

Մանկութեանս, նախակրթարանի տարիներուս, տակաւին «դպիր» տարիքիս, զիս մեծապէս տպաւորած էր այս «մասը»: Յուզիչ, նոյնքան ալ` խորհրդաւոր: Հոգեկան անտեսանելի կապի ստեղծում եւ տեսակ մը վերացում: Ի՛նչ կ՛ուզէք` հաշուեցէք, հոգս չէ, ես սիրած եմ այս բաժինը` զայն պաշտելու աստիճան:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, երբ ամէն անգամ եկեղեցի մտած եմ, հակառակ կնոջս կողմէ «հո՛ս եկուր, մօտս տեղ կայ» աչքով ցուցմունք-պնդումներուն, միշտ ուզած եւ նախընտրած եմ պատին տակ ոտքի կեցած մնալ եւ այդպէս մինակս, առանձնութեանս մէջ հետեւիլ արարողութեան, երգեցողութեան եւ հոգիս ու միտքս լեցնող քառաձայն պատարագին:

Նախ մտովի «Հայր մեր»-ս կ՛ըսեմ եւ ապա յիշողութեանս վրայ հիմնուելով` դարձեալ մտովի կը միանամ պատարագի արարողութեան եւ շարականներու երգեցողութեան:

Ապա, երբ յանկարծ «խանգարուիմ» կամ, աւելի ճիշդ, քրիստոնեայի իմ հասկացողութեամբս, կարգ մը անհոգ եւ անտարբեր «հաւատացեալներ»-ու անգիտակից արարքները  զիս անջատեն, կտրեն իմ տեսակ մը վերացումէս եւ կեդրոնացումէս, կը սկսիմ շուրջիններս դիտելով զբաղիլ»:

Հետաքրքրութիւն եւ ան ալ` անվնասը: Ու յանկարծ, այս ընթացքովս, մեղա՜յ, հազա՛ր մեղայ, եկեղեցին ինծի համար կը դառնայ սովորական սրահ մը, ուր մէկ կողմէ իրենց հարազատ հաւատքով լեցուցած եւ ձեռքերնին երբեմն դէպի վեր պաղատագին բարձրացուցած մամիկներն ու պապիկները, միւս կողմէ` նեղ տաբատներ հագած, զանազան զարդարանքներով կիներն ու իրենց սեւ շապիկներուն առաջին երկու կոճակները բաց թողած այրերը, մաքուր, կոկիկ ու պատշաճ հագած իրենց փոքրերուն միշտ «զգուշութիւն» թելադրող զոյգերը եւ մանաւանդ ձեռքերնին 5-6 մոմեր բռնած ինքնզինքնին եկեղեցի բերող «ճինզեր» եւ բարձր կրունկներ հագած երիտասարդ աղջիկներն ու իրենց մէկ ձեռքը գրպանը պահող, շապիկը դուրս ձգած տղաքը, անզգալաբար կը դառնան նայուածքս գրաւող, բանտարկող եւ ասպատակող տեսանելի ու երեւելի դէմքեր:

Ըսի` հետաքրքրական երեւոյթ եւ նոյնքան ալ ցաւալի: Յանցանքը կամ մեղքը սակայն, իմս չէ, կը համոզեմ ես զիս ու ի տես այս տեսարաններուն, ուրախ եւ երբեմն ալ անհանգիստ եւ մտահոգ զանազան բաներ միտքէս ըսելով, գլուխս կը շարժեմ, յաճախ` ցաւագին:

Բայց, ինչ որ ալ ըլլան աչքերուս հանդիպած կամ ականատես եղած ու տեսած այս «գունաւոր», տխուր ու երբեմն ալ ուրախ երեւոյթները, ամէն կերպով միշտ կը փորձեմ շուտով վերադառնալ նախկին վիճակիս եւ արդարացնել եկեղեցի գալս:

Ու անկեղծօրէն կրնամ ըսել, թէ յաճախ շատ դժուար կը յաջողիմ իմ այս ճիգիս մէջ, իսկ երբեմն ալ, հակառակը պատահելով, Աստուծոյ այդ տան մէջ, ինծի բոլորովին անծանօթ անհատներու հետ նոյնիսկ վէճի կամ վիճաբանութեան կը բռնուիմ, անոնց` եկեղեցւոյ մէջ անպատշաճ կեցուածքէն թելադրուած իմ կատարած մատնանշումներուս կամ սաստումներուս պատճառով:

Ապա շուտով մը ես զիս զգաստութեան հրաւիրած եմ:

Ո՞վ եմ ես: Ի՞նչ իրաւունք ունիմ եկեղեցի եկող նման մարդոց հետ այսպէս վարուելու կամ արտայայտուելու: Ե՞ս մնացի եկեղեցւոյ մէջ պատշաճ մնալու կամ կենալու տարրական սովորութիւնները յարգել տուող միակ «ոստիկանը»: Ո՞ւր են այս պաշտօնին կոչուած, եթէ կան անշուշտ, անհատները: Եւ ապա, ո՞վ ինծի իրաւունք կամ պաշտօն տուած է այս թելադրանքները կատարելու: Հապա՞ եթէ ջղային մէկ «րոպէին», թալադրանք ստացող խօսակիցս զիս տեղւոյն վրայ հրէ, զարնէ, ապտակէ եւ կամ` բարձրաձայն վիճաբանի եւ կամ ալ վերջը, դուրսը, եկեղեցւոյ կանգառին մէջ, քանի մը ընկերներով զիս անհամբեր սպասէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ վիճակս:

Այսպէս, ամէն անհամ առիթի միտքս արագ կ՛աշխատի: Մտածումի տեսակաւոր փոթորիկներ, վայրկեանին կը հալածեն երեւակայութիւնս: Ներքին պրկում մը կը ցնցէ ամբողջ էութիւնս:

Նման մտածումներ մտաբերելով այս Զատկին ալ եկեղեցի գացի:

Անհաճոյ եւ տեւական հրմշտկող բազմութեան ալիքը քանի մը վայրկեանէն զիս արդէն հասցուցած էր եկեղեցւոյ մեծ դրան մօտ եւ ապա իմ կողմէ քիչ մը ճիգով մը` վերջապէս ոտքս դրած եմ սեմէն ներս:

Կին, զաւակ, թոռնիկ փնտռելու ժամանակը չէր: Կարեւորը հիմա արդէն ես ներսն էի: Կռնակս պատին տուած, կարմրած վիճակով նախ կը փորձեմ աղօթքս ըսել: Աղմուկ եւ անհամ իրարանցում: Անդադար ներս մտնողներու եւ ելլողներու անկարգ շարքեր կը խանգարեն զիս, ու ես գրեթէ կռթնած` պարզ «Հայր մը» մը իսկ չեմ կրնար մտովի լման եւ անսխալ արտասանել: Անկեղծ ըսելով` չեմ յաջողիր: Տարօրինակ եւ անհաճոյ: Ջղայնացուցիչ եւ ամօթալի: Քարոզի պահն էր արդէն, ուստի մոռնալով աղօթելու բաժինս, այս անգամ կը փորձեմ ուշադիր հետեւիլ օրուան պատգամին, սուրբ յարութեան մեզի փոխանցուելիք խորհուրդին: Կրկի՛ն ձախողութիւն:

Ճիշդ կողքիս կեցող կին մը, մէկ ձեռքին հեռաձայն մը, իսկ միւսին ինքնաշարժի բանալին իր «սուղնոց» պայուսակը ուսէն վար կախած, յանկարծ չեմ գիտեր ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս սկսած էր իր բարեկամուհիին հետ խօսքի, երկար զրոյցի «բռնուիլ» եւ ան ալ` բարձրաձայն:

Իր կեանքի մէկ տարուան պատմութիւնն էր, որ կը փոխանցէր շատախօս այս կինը, ճիշդ իր դիմաց կեցող, կռնակը խորանին տուած իր լսակից կնոջ: Ան ալ իր կարգին զայն կ՛այպանէր երկար ատեն այս լուրերէն հեռու եւ անմասն մնալուն համար:

– Քա, խի՞ չես զանգում…

Այդ վարկեանին ինծի համար արդէն քարոզ-մարոզ չէր մնացած: Քովինիս ձայնէն իսկապէս բան մը լսելի չէր: Հիմա քարոզի փոխարէն` կային իր հարսին դժուար յղի մնալու պատմութիւնը, մանչ թոռնիկ մը ունենալու ծանուցումը եւ ապա անցեալ կիրակի նորածինը քառասունքէն հանելու արարողութիւնը` իրենց բոլոր «գունաւոր» մանրամասնութիւններով:

Աստուա՛ծ իմ, այս յիմար խօսակցութեան վերջ մը տալու համար ի՞նչ ընելու էի:

Շուարած էի: Երկուքն ալ չափն ու սահմանը անցած էին:

Հոս եկեղեցի էր, մտովի կը կրկնէի, հայկական եկեղեցի եւ ոչ թէ փողոց: Կը վախնայի, որ յանկարծ ջիղերուս «տէրը» չըլլալով` անհամ միջադէպի մը ստեղծման առիթ տայի: Ստեղծուած իրավիճակը հաստատապէս իմ հասկացողութեանս դէմն էր:

Անմիջապէս աչքիս առջեւ պատկերացաւ տակաւին երկու օրեր առաջ Քրիստոսի թաղման արարողութեան ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ մեծ խաչով եւ երկու մոմակալներով կազմուած տէր հօր արարողութեան երթը, թափօրը, որուն ընթացքին ներկայ եղող հաւատացեալները մեծով ու պզտիկով, զիրար հրելով, կ՛ուզէին անպայման շուտով տէր հօր ձեռքի խաչը համբուրել, նոյնիսկ տէր հօր շուրջառը իրենց մատներով շօշափել եւ երեսնին քսել, սրբել:

Եւ աւելի՛ն. բոլոր հաւատացեալները անհամբեր կը սպասէին խորանին առջեւ Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող ծաղիկներով ու վարդերով զարդարուած սեղանին տակէն անցնիլ եւ ապա դուրս գալու պահուն, իրենց հետ փունջ մը ծաղիկ վերցնելով տուն տանիլ:

Իրականութեան մէջ կը կարծեմ, որ նման տեսարաններ են, որոնք մեր հոգեւոր մշակոյթի ժառանգութեան եւ արմատներուն հանդէպ յարգանքի, սիրոյ ու մեծարանքի ինքնահաստատման ազդակները կ՛ամբողջացնեն:

Ահա մեր ժողովուրդին հաւատքը: Հաւատք եւ ան ալ` հայու հաւատք, որ վայրկեանին կը յուզէ քեզ, մտովի կրկնած էի վայրկեանին:

Այս պատկերին առջեւ միտքս կրկին անգամ կ՛երթար երանաւէտ բաներու: Այդ օրուան ներկաներուն հաւատքը զիս հեռուները տարած էր: Տեսարանը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` բաժնեկից ըլլալ հաւատքի համեստ տան մեր Փրկչի յարութեան գեղեցիկ յիշատակին ու անկէ առաջ Անոր գերեզմանէն արտացոլող լոյսին:

Յանկարծ կը զգաստանամ: Կրկին ինքզինքս կը փորձեմ կեդրոնացնել: Բայց դարձեալ կը լսեմ մօտս կեցող կնոջ ձայնը:

Շուտով կ՛որոշեմ: Պէտք է լռեցնել կամ զսպել այս կինը: Ա՛լ բաւ է: Եթէ այս երկու շատախօսները իրարու պատմելիքներ ունէին, այդ մէկը կրնային դուրսը ազատօրէն ու անկաշկանդ կատարել: Հոս տակաւին հաւատքի տան մէջ էին եւ ներելի չէր նման բաներ: Հոս հայկական եկեղեցի էր: Մեր ժողովուրդը իր լայն ու նեղ օրերուն, իր տառապանքի, հալածանքի ու կամ հանգիստ պայմաններուն, իր հոգիին ու մտքին մէջ ամրօրէն պահած էր իր մեծ հաւատքի այս հաստատութիւնը: Անոր համար խորհրդաւոր էր Հայաստանեաց եկեղեցին` իր անզուգական կառոյցով, դէպի վեր սլացող իր գմբէթով եւ իր գաղտնի ճամբայով: Եթէ այս երկուքը նման բաները չէին գիտեր, ուրեմն այս վայրկեանին իսկ եկեղեցւոյ մէջ մնալու իրաւունք չունէին:

Ուստի, համբերութեանս լեցուն բաժակէն մեկնած` շատ համարձակ իրենց դառնալով այդ նեղ տեղը ըսի, քիչ մը ջղային եւ նոյնքան ալ բարկացոտ ձայնով.

– Տիկի՛ն, բաւ է խօսիք, զիս կը խանգարէք:

– Խի՞,- անմիջապէս պատասխանեց իր ընտանեկան պատմութեան հեղինակուհին: Արտայայտութեան մէջ տեսանելի էր իր մեծ ընդվզումը, իսկ աչքերուն մէջ ալ ինծի հասցէագրուած բողոքի վայրի նայուածքը:

– Այո՛,- շարունակեցի վրդոված,- թողէ՛ք, որ ես ալ խօսիմ իմ Աստուծոյն հետ:

– Է՛հ, խօսեցէ՛ք,- ըսաւ երկրորդը,- ազատ էք: – Ըսաւ ու անտարբեր սկսաւ շարունակել իր հին ընթացքը:

– Բայց ձեր ձայնը զիս կը խանգարէ,- շուտով պատասխանեցի այդ իմաստակ կնոջ:

– Մեզանից ի՞նչ էք ուզում, տուք տուրս ելէք, էնտեղ խօսեցէք, ով է ծեզ պռնողը,- այս անգամ յարձակողականի անցաւ միւսը` երկրորդը:

Զգացի, որ պատասխանը ոչ միայն անիմաստ էր, այլեւ խորունկ հաւատքի ջիղերուս հասնելով` նաեւ անարգական: Անոր համար ամէն բան «աչքիս առնելով»` աւելի բարձր ձայնովս, գրեթէ պոռալով, ըսի.

– Դուք դուրս ելէ՛ք, տիկին, ա՛լ կը բաւէ, ամօ՛թ է. հոս եկեղեցի է…

Այսչափ միայն: Ճիշդ մեզ շրջապատողները լսելով շատ բարձր ձայնս, անմիջապէս ինծի  դարձան:

Քրտինքս կը մատնէր ներքին խռովքս: Հիմա աւելի պատրաստ ու քաջալերուած` կը սպասէի գալիքին: Նախ փորձեցի աչքիս ծայրովը նայիլ «հակառակորդներուս»» միաժամանակ հետեւիլ ձեւացնելով, գրեթէ չլսուող արարողութեան:

Աստուած իմ, ի՜նչ տեսնեմ: Չորս կիսագունդ աչքեր, իմ վրաս կեդրոնացած պատրաստ էին իրենց նայուածքներով զիս «բզքտելու», «հում- հում» ուտելու:

Յանկարծ կրկին լսեցի կնոջ փոթորկալից ձայնը.

– Արա՛, չէ՞ք ամաչում, էտբէս գոռում էք. եւ ապա.

– Թո՛ղ, Լիանա ջան, առի կնանք, էս մարդը գիժ ա, առի տուրս կնանք…

Այսչափ միայն ու զիս հրելով, ծուռ-ծուռ նայելով երկուքն ալ խճողումին մէջ կորսուեցան:

«Մուրազիս հասած էի: Ուրախ էի, որ նախ տեղս քիչ մը լայնցած էր եւ, միւս կողմէ, ականջիս սկսած էր հասնիլ քահանային եկեղեցւոյ աւարտին սուրբ յարութեան առթիւ կատարած բարի մաղթանքները:

Արդեօք ա՞յս էր մեր կեանքը, մեր կենցաղը, մեր ժամանակէն ստացած թելադրանքը, մեր ճակատագրին խաղը կամ վերջապէս` մեր բնազդը: Չեմ գիտեր. միայն այն գիտեմ, որ դիւրին բաներ չեն հայ ըլլալն ու հայ մնալը:

Յաճախ ըսած եմ զաւակներուս եւ միշտ կրկնած, թէ օտարամուտ բարքերու զոհ դառնալով` մեզմէ կամովին կը հեռացնենք մեր ազգային եւ հաւատացեալի մեր մաքուր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները: Նման անհաճոյ եւ բազմապատկուած տեսարաններու ստեղծումով մեր ազգային ինքնութեան ու կեանքին լեղի համ կու տանք:

Այս մէկը տակաւին չենք կրցած ըմբռնել կամ լաւապէս գիտնալ կամ հասկնալ:

Միայն այն գիտեմ, որ այդ օր, երբ եկեղեցիէն դուրս կու գայի, ես զիս յաղթական կը նկատէի, որովհետեւ իմ կարգիս ես ալ ձեւով մը մաքրած էի Տիրոջ տունը:

Գրեթէ երջանիկ էի:

 

Լոս Անճելըս

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )