Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հալէպահայութեան
ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Հալէպահայ քաջ ժողովուրդ,
Տառապանքը բախեց դուռդ:
Գիտեմ` դուն միշտ հիւրընկալ ես,
….
Յոյժ նուիրեալ, առատաձեռն:
Դուռդ երբեք դուն չես փակեր`
Ճակատդ բաց անվախ տանտէր,
Քու արիւնդ չես խնայեր
Քեզ կերակրող հողին դարեր:
Ոսկորներդ կ՛ապրին անվերջ
Արիւնահեղձ Տէր Զօրին մէջ:
Այս հողը քեզ հիւրընկալեց,
Ազատեց չար թուրքին ջարդէն:
Բոկոտն ոտքեր, ողջ դիակներ`
Հասար Սուրիա տկար, անտէր:
Քու արիւնդ այս հողին հետ
Շաղախուած է պատմութեան մէջ:
Տէր Զօր, Հալէպ պիտի մնան
Հայրենիքդ յաւերժական:
CATEGORIES Անդրադարձ