Երուանդ Քասունի. «Քննական ակնարկ – «Միշըների հերըլտ»-ի 1915-1918 թթ. հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան եւ վերածնունդի մասին արձանագրած վկայագրութիւններուն» Պէյրութ 2012 (606 էջ)
ԶԱՒԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
Կուտակ-կուտակ մանրամասնութիւններ… ո՞ր թելը մանեմ:
Գրիչով գրուածը բրիչով կը ջնջուի՞…
Իսկ արեամբ պատմուա՞ծը…
Միշտ սիրամարգի փետուրի տակ` այսօր ալ նոյն ագռաւը կը մնայ ցեղասպանը: Իսկ մե՞նք` ցեղասպանուածնե՞րս…:
Մեր աջ ականջին բլթակը աջ ձեռքով բռնելու անկար` կը շարունակենք ձախը երկարել մեր պարանոցի ետեւէն: Ուստի եւ աշխարհ կը նշկահէ մեր կամաւոր ծուլութիւնն ու կամակոր յուլութիւնը: Եւ կը սայթաքինք միջազգային բեմերու նոյնիսկ մաքուր հարթակներու վրայ: Կը մնայ
շորշոփը մեր համազգային հիւանդութեան, որքան որ ալ «հատ ու կենտ» կուլ տանք մեր թառանչակուլ թուքը:
Մինչ գերանի նման աչք կը ծակէ ցեղասպանին հարիւրամեայ լրբութիւնը, յարդի ծեղի նման հազիւ կը դառնայ նշմարելի մեր ցեղասպանուող պահանջատիրութիւնը:
Կ՛ուզէ՞ք յայտնաբերել աւելի՛ն, քան` ձեր ակնկալածը: Պէտք է որ անպայման ձեր գրասեղաններուն վրայ (ո՛չ` գրադարակներուն մէջ) ունենաք Երուանդ Քասունիի պատրաստած ուսումնասիրութիւնը` Հայկական տասնհինգի հարիւրամեակի նախօրէին, որ իմանաք ցարդ ձեր չիմացածն ու չիմանալիքը:
Միեւնոյն բանալին, ընդհանրապէս, չի բանար մէկէ աւելի դուռեր, բայց այս ուսումնասիրութեամբ ձեր առջեւ կը բացուին բազմագոյն եւ բազմաթիւ դուռեր, որոնց ետին ծուարած կը մնան բազմապիսի ծալքեր:
Բանալին` ամերիկացի միսիոնարներու «Միշըների Հերըլտ» պարբերականի վկայագրութիւններն ու տեղեկագրութիւններն են, սակայն Քասունին, պատմագէտի եւ բանասէրի իրեն յատուկ բծախնդրութեամբ, այդ մէկ բանալիով կը բանայ այնպիսի դուռեր, զորս չէինք կրցած կամ չէինք կամեցած թակել ցարդ:
Վեց հարիւր էջերէ բաղկացած այս գիրքը կարելի է կարդալ մէկ շունչով եւ երկու էջանիշով:
Առաջին էջանիշը Եւնիկէ Եագուպեանին թարգմանչական աշխատանքն է, երկրորդը` Քասունիին «Քննական ակնարկ»-ը:
Եւնիկէ Եագուպեանը այնպէ՛ս է թարգմանած ամերիկացի միսիոնարներուն վկայագրութիւններն ու տեղեկագրութիւնները, որոնցմէ ամենահոտառու ընթերցողն անգամ չի զգար անգլերէնի հոտը: Եւ լաւ է, որ չի զգար…
Քասունին, ապա, մաղէ կ՛անցընէ Եագուպեանին թարգմանած բնագրի ամէն անձնանուն կամ տեղանուն, դէմք ու դէպք, նոյնիսկ` աննշան համարուող որեւէ մանրամասն:
Կա՛յ նաեւ երրորդ էջանիշը, յատկացուած «Յաւելուած»-ին, որ կը պարունակէ քսաներկու պատմական փաստաթուղթ:
Հայը, ընդհանրապէս, հաւաքականէ աւելի կը փայլի անհատական ներուժով:
Հայկական պատմագիտական երկնակամարի վրայ իր անհատականութեամբ կը փայլի Քասունին, որուն երակներուն մէջ կը հոսի թէ՛ աճառեանական բանասիրական բծախնդրութիւն եւ թէ թէոդիկեան համայնագիտական «ամէնուն»-ականութիւն:
Հայկական տասնհինգի հարիւրամեակի շեմին երախտաւոր աշխատանք մըն է այս մեծարժէք գիրքը` իր կուտակ-կուտակ մանրամասնութիւններով:
(Մոնթէվիտէօ, Ուրուկուէյ)
05. 09. 2012

