Հաղորդագրութիւն

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արեւելեան պատը

Սուրիոյ տագնապի ընթացքին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցիները անխափան կերպով կատարեցին իրենց նուիրական առաքելութիւնը: Սուրիահայութեան մայրաքաղաք եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի կեդրոն` Հալէպ քաղաքի հինգ եկեղեցիները շարունակեցին կանոնաւորութեամբ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը մինչեւ զինեալ գործողութիւններու քաղաքիս մէջ տարածուիլը: Անապահով կացութեան պարտադրութեամբ եւ հաւատացեալներու կեանքի անվտանգութեան համար, Թեմակալ Առաջնորդի տնօրինութեամբ, ժամանակաւոր կերպով փակուեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին (Սալիպէ) եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին (Սըրեէն): Վտանգաւոր մագլցումներու եւ յատկապէս Նոր Գիւղի (Մէյտան) ռազմական աննախընթաց բախումներուն պատճառով նոյն կարգավիճակին ենթարկուեցան Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները, որոնք որոշ վնասներ կրեցին, սակայն Ամենակալին պահպանութեամբ մնացին հաստատ: Սուրբ Խաչի (Խաչվերացի) տօնը համախումբ կերպով կատարուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ (Վիլլաներ) մէջ, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խրախուսական ու մխիթարական հոգեւոր պատգամով հրաւիրեց հաւատացեալ հայորդիները ամբողջական հաւատքով  քալելու խաչին ու Խաչեալին ճանապարհէն դէպի յաղթական յարութիւն եւ կեանք:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գմբեթը

 Դիւան
Բերիոյ Հայոց Թեմի
Ազգային Առաջնորդարանի

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )