Կիրակնօրեայ Խօսքը. Տօնական, Յաղթական, Յաւերժական Եւ Հայրենական…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, 12-16 եւ 14-16 օրերն էին ցնծաբաշխ տօնին, անցելայուշ յաղթանակին ու ակնդէտ յաւերժին, որովհետեւ միաժամանակ Խաչվերացն էր, Մուսա լեռի հերոսամարտն էր եւ պապին այցելութիւնն էր:

Խաչվերացը կրօնական հաւատալիքներուն բացայայտիչն է:

Մուսա լերան հերոսամարտը տոհմային նուիրականութիւններուն պահպանիչն է:

Պապին այցելութիւնը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն զարթուցիչն է:

Անցեալը, ներկան եւ ապագան ոչ միայն իրարու, այլ նաեւ մեզ իրենց զօդող այս դէպքերն են, որոնք մեզի առթեցին եւ միշտ կը պատճառեն ցնծութիւն, հպարտանք ու կեանք: Բայց նաեւ առիթը կ՛ընծայեն քաղելու հոգեմտաւոր դասեր` յա՜ր օգտակար մեզի ու մեր շրջապատին համար:

Մեր տարեկան տօնախմբումով` Խաչվերացը կու գայ մեզի յիշեցնելու 628-ին ազատագրումը տէրունական խաչափայտին, զոր պարսիկները տարիներ առաջ գերեվարած էին Երուսաղէմէն:

Բիւզանդիոնի յաղթական կայսրը` Հերակլ (610-641), իրեն սննդեղէն ու զինուորական օգնութեամբ օժանդակած հայերուն իբրեւ շնորհակալութիւն եւ վարձատրութիւն, սրբազան գանձը կ՛անցընէ Հայաստանէն` զայն ամէն տեղ վերացնելով ու բարձրացնելով «ի ցոյց եւ յուրախութիւն հաւատացելոց»:

Հայ ժողովուրդը, խաչահաւա՛տ ու խաչակի՛ր, գիտակից էր իր Խաչեալին անյաղթելի հզօրութեան եւ անանցանելի փառաւորութեան, որոնց արժանի կը դարձնէ զինք պաշտողները` զանոնք պսակելով իր յաւիտենականութեամբ:

Հայ ժողովուրդը, խաչապա՛շտ ու խաչակրո՛ղ, արդար հպարտանքով համոզուած էր իր խաչածին պատմութեան անցելապանծ էջերուն, որոնցմէ մին եղաւ Մուսա լերան 1915-ի հերոսամարտը` շառաւիղը Աւարայրի հերոսամարտին «Վասն հայրենեաց եւ վասն կրօնի»:

Հայ ժողովուրդը, խաչասէ՛ր ու խաչափա՛ռ, իր կտրիճ զաւակներուն դարաւոր եւ գործօն սխրագործութեամբ, միշտ կրցած է միացնել եւ շաղախել հայրենիքն ու կրօնը, հողն ու հաւատքը, արիւնն ու յաւերժութիւնը:

Հաւատալիքնե՜ր, նուիրականութիւննե՜ր եւ արժէքնե՜ր, որոնց վերազարթնումին, վերարժեւորումին ու վերապրումին համար իր պատգամներն ուղղեց Լիբանան այցելող Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետը. անոր պարզ, բայց խորիմաստ, անշպար, բայց սրտաբուխ, ներկան կերտող եւ ապագան յաւերժացնող խօսքերը ճիշդ խօսքերն էին ներկայիս մեծագոյն աստուածաբանին ու սիրազեղ հովուապետին, որ լաւագոյնս գիտէ, թէ ի՛նչ եւ թէ որո՛ւ կը խօսի…

Քրիստոնեաներուս դժուարութիւններուն անդրադառնալով` սրբազան պապը խօսեցաւ համակերպումով ու սիրով խաչին մասին, որ թէ՛ կը գոյանայ համոզուած հաւատքէն եւ թէ՛ կը գոյացնէ հաւատացող համոզումը` անհրաժեշտ դառնալով մեր առօրեային կենսունակութեան համար:

Ուշադրութի՛ւն: Սրբազան պապը չվարանեցաւ խօսելէ նոյնիսկ նահատակութեան մասին` իր քրիստոսական զաւակները քաջալերելով ու մղելով վկայող անվախութեան, խոստովանող յօժարութեան, սիրահաւատ արիութեան եւ մահայաղթ հաւատարմութեան:

Կը  խորհիմ, թէ իրենց արիւնագիր պատմութենէն եւ իրենց մարտիրոսներուն կենսաբաշխ մահով փորձառու հայերս ըմբռնեցինք միտքն ու սիրտը ալեփառ հայրապետին, որուն նաեւ յայտնելու ենք մեր մնայուն երախտագիտութիւնը: Ինչո՞ւ…

Քանի Պենետիկտոս ԺԶ. յոյժ հայասէր է: Քանի այցելեց Զմմառի հայավանքը, որուն մասին խօսեցան պապին ընկերացող լրագրողները` ութսուն երկիրներէ: Քանի միջազգայնացուց հայերէն առաջին տպուած մատեանին 500-ամեայ յոբելեանը (1512-2012), երբ շաբաթ, սեպտեմբեր 16-ին, ժամը 2-ին, «Վերափոխեալ Տիրամայր» մեր մենաստանին դարպասին առջեւ օրհնեց նորակերտ արձանը Յակոբ Մեղապարտին` հայ առաջին տպագրող-հրատարակիչին, Վենետիկի մէջ:

Մասնագէտը կը հասկնայ Պենետիկտոս ԺԶ.-ի արարքին բարոյական ու գովազդային մեծագոյն նշանակութիւնը միջազգային լրատուական գործակալութիւններու լուսարձակին տակ, ինչպէս ալ կրնայ մտաբերել այն աստղային գումարը, որ մեր ժողովուրդին պիտի արժէր այսպիսի յոբելենական իրողութեան մը համաշխարհայնացումին համար:

Մեր ժողովուրդի՞ն, որ «տօն Հայաստանի անկախութեան» կատարելով ամսոյս 21-ին` կը յիշատակէ իր հողին կտրիճները, իր երկրին մարտիրոսները, իր անունին վկաները, իր արիւնին գաղափարապաշտները, իր հաւատքին նահատակները, եւ այն` անցեալէն ու ներկայէն…

Անկասկած, սակայն, ընտրանի ոգեկոչուողներուն փաղանգին չեն պատկանիր 2012-ին այն ընտրուած, վերընտրուած ու չընտրուած իշխանաւորները, կարծեցեալ «անկախացածները», որոնք «ստրուկ» դարձած իրենց աթոռապաշտումին, իրենց դրամասիրութեան, իրենց եսակենդրոնացումին, իրենց օրէնքին անունով եւ իրենց պաշտօնին հանգամանքով իրենց կատարած հարստահարութեան` տակաւին կը շարունակեն գերեվարել մեր հայրենիքին վշտակոծ եւ ընչազուրկ զաւակները` զանոնք պարտադրելով կա՛մ երկրակործան արտագաղթին, կա՛մ հայուն անվայել գործերու եւ կա՛մ…

Այնճար, 17 Սեպտեմբեր 2012

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )