Սուրիական Ազատ Բանակի Անդամներ Կը Յարձակին Լիբանանեան Բանակի Արսալի Կեդրոնին Վրայ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով Սուրիական ազատ բանակը Արսալի շրջանէն մուտք կը գործէ լիբանանեան հողեր:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանան մուտք գործած Սուրիական ազատ բանակի անդամները յարձակած են լիբանանեան բանակի կեդրոնին վրայ եւ կրակ բացած` առանց մարդկային վնասներ պատճառելու:

Բանակի հրամանատարութիւնը նշեց, որ նկատի ունենալով այդ կացութիւնը, լիբանանեան բանակի յաւելեալ զինուորներ ուղղուած են Արսալ` հալածելու համար Սուրիական ազատ բանակի զինեալները, որոնք փախուստ տուած էին դէպի լեռները:

«Բանակի հրամանատարութիւնը ոչ մէկ կողմի պիտի արտօնէ լիբանանեան հողերը օգտագործել` Լիբանանը այլոց տագնապներուն միջամուխ դարձնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ խիստ կերպով պիտի դիմադրէ երկրին ապահովութիւնը խախտել փորձող որեւէ ուժի փորձերուն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ մեկնեցաւ Լոնտոն` շարունակելու համար լիբանանեան բանակին զինման նպատակով եւրոպական օժանդակութիւններ ապահովելու ջանքերը:

ԵՐԷԿ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ ձերբակալած է Հասան Քարաքին, որ ճանչցուած է Անթար ծածկանունով: Հասան Քարաքի պահանջուած է բազմաթիւ յանցանքներով, եւ ան քանի մը օր առաջ Հարաւային արուարձաններուն մէջ կրակ բացած էր զինք փնտռող բանակի գաղտնի սպասարկութեան զօրամասին դէմ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )