Մուսաուի Ընդունեց Փլամպլին

Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Մուսաուի յայտնեց, որ Հըզպալլա կը դրուատէ լիբանանեան բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ հալածելու եւ պատժելու համար օրինազանցները:

Մուսաուի յայտնեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին Փլամպլիի հետ քննարկած է Մոհամետ մարգարէն եւ իսլամական կրօնը վարկաբեկող ժապաւէնին ու անոր դէմ հակազդեցութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Մուսաուի Փլամպլիին ըսաւ, թէ Հըզպալլա խստիւ կը դատապարտէ այդ ժապաւէնը եւ բոլոր կրօններուն ու սրբութիւններուն պատկերը աղաւաղող բոլոր արարքները:

Մուսաուի վերահաստատեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի պահանջը` կրօնական խորհրդանիշներուն եւ հաւատալիքներուն դէմ նման արարքները դատապարտող եւ զանոնք քրէական արարքներ նկատող միջազգային եւ ազգային օրէնքներ մշակելու:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )