2014-Ի Մոնտիալ. Այսօր Կը Սկսին Ծախուիլ Հայաստան – Իտալիա Մրցումին Տոմսերը

Ինչպէս ծանօթ է, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Հրազդան մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Իտալիան:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ այս մրցումին տոմսերը հրապարակ կ՛իջնեն այսօր` երկուշաբթի, 24 սեպտեմբերէն սկսեալ, հանրապետական մարզադաշտին շուրջ գտնուող տոմսակ վաճառողներուն մօտ:

Տոմսակներուն գիները սահմանուած են հետեւեալ ձեւով. 3000 դրամ, 5000 դրամ (հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւն), 7000 դրամ (արեւելեան թրիպիւն) եւ 10,000 դրամ (արեւմտեան թրիպիւն):

Share this Article
CATEGORIES