Ճատրակի Եռակի Ողիմպիական Ախոյեանները Պարգեւատրուեցան 20-ական Միլիոն Դրամով

Հայաստանի կառավարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին իր գումարած նիստին որոշում տուաւ պարգեւատրել Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Ճատրակի միջազգային ողիմպիականին յաղթական ճանչցուած Հայաստանի ճատրակի խումբին անդամները եւ մնացեալ պատասխանատուները:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութիւնը ճատրակի եռակի ողիմպիական ախոյեաններ Լեւոն Արոնեանին, Վլատիմիր Յակոբեանին, Սերկէյ Մովսիսեանին, Գաբրիէլ Սարգսեանին եւ Տիգրան Պետրոսեանին 20-ական միլիոն դրամ շնորհած է, ինչպէս նաեւ խումբին մնացեալ պատասխանատուները պարգեւատրելու համար կառավարութիւնը յատկացուցած է 114 միլիոն դրամ:

Share this Article
CATEGORIES