Դաւիթ Խիթարեան` Ժիւտոյի Եւրոպայի Ախոյեանութեան Իրաւարար

Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ, միջազգային կարգի իրաւարար Դաւիթ Խիթարեան Եւրոպայի ժիւտոյի ֆետերասիոնին կողմէ նշանակուեցաւ 16-18 նոյեմբերին Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունենալիք 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան իրաւարար:

Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` իր լուրը քաղելով Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն:

Խիթարեան ունի նաեւ ողիմպիականի Ա. կարգի իրաւարարի արտօնագիր:

Նշենք, որ ախոյեանութեան կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի մարզիկները: Անոնք արդէն իսկ նախապատրաստական բաւական լաւ ծրագրուած փորձեր կը կատարեն:

 

Share this Article
CATEGORIES