Թենիս. Անի Ամիրաղեան Տիտղոսակիր` Առաջին Անգամ Ըլլալով

Երէկ` կիրակի, 23 սեպտեմբերին, Պաթումի մէջ աւարտեցաւ թենիսի միջազգային մրցաշարք մը, որուն ընդհանուր մրցանակային ֆոնտն էր 15 հազար ամերիկեան տոլար:

Հայաստանի թենիսի աղջկանց հաւաքականի յառաջատար Անի Ամիրաղեան բացառիկ ելոյթ ունենալով տիրացաւ տիտղոսին` 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր ուքրանացի մրցակիցը` Աննա Շքութունին:

Ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կը հանդիսանար տիտղոսակիր, կը յայտնէ ArmFootball.com մարզական կայքէջը:

Տիտղոսին տիրանալով ան ստացաւ նաեւ 2352 ամերիկեան տոլար եւ 20 կէտ:

Թենիսի աղջկանց միջազգային հրապարակուելիք նոր դասաւորման մէջ ան մօտաւորապէս կրնայ բարձրանալ 450-րդ դիրք:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES