Անասնագիտական. Ծովերուն Խորերը Ապրող Ու Ծովային Մարախի Նմանող Երկոտանի Անասունները Փայտով Կը Սնանին…

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգոստոսի վերջաւորութեան ծովային նոր տեսակի անասուններու փնտռտուքով ու ուսումնասիրութեամբ զբաղող խումբ մը մասնագէտներ, որոնք 2009-ին յատուկ սարքերու միջոցով Մեքսիքայի ծոցին ամէնէն խորունկ բաժիններէն յայտնաբերած էին ծովային մարախի նմանող խեցեպատեաններ, գտած են, թէ այս վերջինները սնանած են ծառերու ու բոյսերու ճիւղերով եւ նոյնիսկ ընկղմած նաւերու փայտերուն մնացորդները ծամելով:

Նշեալ անասունները յայտնաբերուած են Մեքսիքայի ծոցին մէջ գտնուող աշխարհի ամէնէն խորունկ նկատուած Մարիանա կոչուած  խրամատին մէջէն` մօտաւորապէս տասը հազար ինն հարիւր տասնութ մեթր խորութենէն:

Ընթացիկ տարուան մարտին սուզանաւով նշեալ խրամատին մէջ սուզուեցաւ եւ անոր ամէնէն խորունկ բաժինը հասնելու մրցանիշը ապահովեց Ճէյմս Քամերոնը:

Իր ուղեւորութեան ընթացքին Քամերոն կը հանդիպի նաեւ մեծ թիւով փայտակերներու: Անոնց հասակը կը հասնի մօտաւորապէս հինգ սանթիմեթրի, եւ անոնք գրեթէ կրկնապատիկ մեծութիւնը ունին ծովեզերքը ապրող ճպուռնակներուն:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ նշեալ երկոտանի փայտակերները կ՛ապրին մեծ խումբերով` ծովուն մակերեսէն նուազագոյնը տասը հազար մեթր եւ աւելի եղող խորութիւններու մէջ:

Ուսումնասիրութեան սկզբնական հանգրուաններուն մասնագէտներուն համար անհասկնալի էր, թէ նշեալ անասունները ինչպէ՛ս կը ստանան իրենց սնունդը, երբ ծովուն մակերեսէն դէպի այդքան խորերը միայն սահմանափակ տարողութեամբ ուտելիք կը հասնի անոնց:

Այսուհանդերձ, անոնց մարմնին կենսաբանութեան ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ անոնք կը պարունակեն փայտ մարսող ազդու բնախմորներ, որոնք դիւրութեամբ կը տարբաղադրեն այդքան խորերը ընկղմած ծառերու եւ բոյսերու մնացորդները:

Երկոտանի Փայտակերներուն Ստամոքսին Մէջ
Կազմուող
Բնախմորները

Փայտ մարսող նշեալ բնախմորներուն վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ անոնք աւելի ազդու եղած են տարրալուծարանին մէջ ստեղծուած բարձր տարողութեամբ ճնշում յառաջացնող պայմաններուն մէջ (որոնք ծովերուն խորերը յառաջացած ճնշումին տարողութեան համազօր եղած են), քան` ստամոքսին մէջ եղած ատեն:

Նման մարսողական բնախմորներ յայտնուած են նաեւ այլ բուսակերներու ստամոքսին մէջ, ինչպէս, օրինակ, սպիտակ ճճիներուն ստամոքսին մէջ: Սակայն, ծովուն խորերը ապրող երկոտանի փայտակերներուն ու մնացեալ բուսակերներուն տարբերութիւնը եղած է ա՛յն, որ անոնք իրենց մարսողութիւնը դիւրացնող մանրէներ եւ կամ սունկեր չեն պարունակած իրենց ստամոքսին մէջ այնպէս, ինչպէս պարունակած են մնացեալ բուսակերներուն ստամոքսները, որոնք այդ մանրէներուն ու սունկերուն արտադրած բնախմորներուն միջոցով շատ աւելի դիւրութեամբ մարսած են փայտերու եւ կամ այլ մնացորդներ:

Մասնագէտներուն համաձայն, ծովային մարախի նմանող փայտակերներուն մօտ փայտերու ու ճիւղերու մնացորդներուն մարսողութեան նպաստող բնախմորները կը կազմուին անոնց ստամոքսին մէջ:

Մասնագէտները փայտի մարսողութենէն յառաջացած նիւթեր յայտնաբերած են երկոտանի փայտակերներուն հիւսկէններուն մէջ, ինչ որ յաւելեալ հիմնաւորած է անոնց փայտով սնանելու տեսութիւնը:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն ճափոնցի ծովային կենսաբան Հիտեքի Քոպայաշին բացատրած է, թէ փայտի մարսողութենէն յառաջացած այդ նիւթերը բոյսերուն պարունակած բուսական նիւթին բաղկացուցիչներէն են, որոնք յատուկ են միայն բոյսերուն եւ երբեք չեն կազմուիր անասուններուն մարմնին մէջ:

Սանձարձակ Ախորժակ…

Այլ ծովային կենսաբան մը` Ալեն Ճեմիսոն ըսած է, թէ երկոտանի փայտակերները կարողութիւնը ունին երկար ատեն անօթի մնալու, սակայն երբ յարմար առիթը ստեղծուի, ապա անոնք այնքա՛ն սանձարձակօրէն կ՛ուտեն, որ գրեթէ ճաթելու աստիճանի կը հասնին: Այսպէս, օրինակ, երբ նաւ մը ընկղմի Մարիանա խրամատին մէջ, ապա նշեալ փայտակերները կրնան ամբողջութեամբ ուտել զայն…:

Մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ կարգ մը փայտակերներ նոյնիսկ կերած են ջուրերուն խորերը տեղադրուած տեսախցիկներուն փայտէ կազմուած մասերը:

Մասնագէտ Քոպայաշին ըսած է, թէ երկոտանի փայտակերները հետագային կրնան նպաստել էթանոլ կոչուած ուժանիւթի մէկ տեսակին արտադրութեան` նկատի ունենալով, որ փայտը մարսելու ատեն անոնց արտադրած բնախմորներէն մէկը կարողութիւնը ունի քսանչորս աստիճան սելսիուս ջերմաստիճանի մէջ էջ մը թուղթը տարբաղադրելու շաքարի պարզ տեսակին` քաղցրուցին (կլուքոզ), որ իր կարգին կը գործածուի էթանոլի պատրաստութեան մէջ:

Նշեալ բնախմորին միջոցով կարելի կ՛ըլլայ քաղցրուց ձեռք ձգել նաեւ ծառերէն ու յարդերէն, ինչպէս նաեւ խոտերէն: Այսուհանդերձ, էթանոլի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ եղող քաղցրուցը նման միջոցով մը ձեռք ձգելը կը նուազեցնէ նշեալ նպատակին համար հսկայ տարողութիւններով օգտագործուող շաքարեղէգին եւ կամ եգիպտացորենին վրայ բանեցուած ճնշումը` այդպիսով առիթ տալով այս վերջիններուն տարբեր տեսակի սննդեղէններու պատրաստութեան մէջ գործածուելու:

Օգտատործուած աղբիւր՝
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»

Share this Article
CATEGORIES