Անասնագիտական. Փայլուն, Թզուկ Շանաձուկերը Անտեսանելի Կը Դառնան` Իրենք Զիրենք Լուսաւորելով
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Յուլիսի սկիզբը Պելճիքայի համալսարաններէն մէկուն մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ փայլուն, թզուկ ու փոքր աչքեր ունեցող շանաձուկերը կարողութիւնը ունին անտեսանելի դառնալու` իրենք զիրենք լուսաւորելով:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող կենսաբան Ժուլիան Քլէյս ըսած է, թէ ցարդ յայտնաբերուած տարբեր տեսակի շանաձուկերուն աւելի քան տասը առ հարիւր համեմատութիւնը լուսատու եղած է:
Թզուկ շանաձուկին հասակը կը հասնի առաւելագոյնը տասնհինգ սանթիմեթրի. անիկա աշխարհի ամէնէն փոքր շանաձուկերէն մէկն է եւ կ՛ապրի ովկիանոսներուն խորերը:
Մասնագէտները գտած են, թէ շանաձուկին փայլող կապոյտ փորը նպաստած է անոր անտեսանելի դառնալուն: Անոնք բացատրած են, թէ երբ որեւէ ձուկ կը լողայ ծովուն եւ կամ ովկիանոսին խորերը` մութ կապոյտ գոյնի ջուրերուն մէջ, ապա յատակէն դիտուած, անոր շուքը կը կազմուի ջուրերուն մակերեսէն թափանցող կապուտկէկ լոյսի ճառագայթներուն դէմ: Այսուհանդերձ, երբ այդ ձուկը իր փորին վրայ կարենայ միեւնոյն կապուտկեկ լոյսը արձակել,

