ՄԻՋԻՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինին, ուրբաթ, 8 ապրիլին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջինքի հաւաքոյթ` ներկայութեամբ աւելի քան 200 հոգիի, մասնակցութեամբ Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններուն:

Կազմակերպիչ մարմինին անունով ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիսթին Սարգիսեան: Ան նկատել տուաւ, որ կիրակնօրեայ դպրոցները կրօնական, քրիստոնէական գեղեցիկ հաստատութիւններ են, որոնց մէջ մանուկներուն հոգիները կը զարգանան, կը գեղեցկանան եւ կ՛ազնուանան, աւելցնելով, որ անոնք այն միակ վայրերն են, ուր մանուկները կրնան քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստանալ: «Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը իմաստութեան հիմքն է», հաստատեց Ք. Սարգիսեան: Ան յորդորեց ներկաները ճիշդ ձեւով դաստիարակելու իրենց զաւակները, որպէսզի ապագային որպէս քրիստոնեայ ազգ չտուժենք:

Այնուհետեւ, հերթաբար գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան բոլոր Կիրակնօրեայ վարժարանները:

Աւարտին խօսք առաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան բացատրեց միջինքին իմաստը եւ յայտնեց, թէ առիթ մըն է, որ իբրեւ եկեղեցւոյ զաւակներ` հաւաքուինք սիրոյ սեղանի շուրջ եւ ցոյց տանք, թէ սիրով ենք իրարու հետ. միջինքը նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին:

Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան անդրադարձաւ աւանդութեան եւ անոր կարեւորութեան: Ան մտահոգութիւն յայտնեց ներկայ հոսանքներուն նկատմամբ, որոնք կրնան իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ մեր ընտանիքներուն վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2011 տարին հռչակեց Հայ մանուկի տարի` շեշտելով հայութիւնը: «Այս մէկը վեհափառ հայրապետը պատահականօրէն չհռչակեց», հաստատեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան` բացատրելով, որ մեր զաւակները սկսած են կորուստի երթալ հոսանքներու պատճառով, եւ եթէ մենք չանդրադառնանք ու չմտածենք հայ մանուկին մասին, ապա ան ապագային պիտի դադրի հայութենէ եւ այլ ազգի զաւակ պիտի դառնայ: Ան շեշտեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ պէտք է մեր զաւակներուն մանուկ հասակին քրիստոնէական դաստիարակութիւն տանք: «Այն մանուկը, որ իր փոքր հասակին Աստուծոյ ճանաչողութիւնը չունենայ իր կեանքին մէջ, ապագային շատ դիւրին կրնայ կորսուիլ», հաստատեց Ս. քհնյ. Սարգիսեան` շեշտելով, որ միակ վայրը հայ մանուկը հայ պահելու Կիրակնօրեայ վարժարանն ու հայ դպրոցն են:

Եզրափակելով իր խօսքը` քահանայ հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Share this Article
CATEGORIES