«Միջազգային Ներում» Կազմակերպութիւնը Կը Յայտարարէ. «Սաֆարովին Ներում Շնորհելով` Ալիեւ Ազդանշան Տուած Է, Որ Հայերու Դէմ Բռնութիւնը Կը Պարգեւատրուի»

«Միջազգային ներում» մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութիւնը «Սաֆարովի գործը» քննադատող յայտարարութիւն մը հրապարակած է:

«Միջազգային ներում»-ը մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման յաջորդած Ազրպէյճանի կառավարութեան գործողութիւնները պիտի ընկալուին իբրեւ ցեղային հողի վրայ իրականացուող բռնութիւններու խրախուսում:

«Միջազգային կազմակերպութիւնը մտահոգ է, որ այս գործողութիւնները պիտի հրահրեն արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը` ազրպէյճանցիներու եւ հայերու միջեւ եւ ցեղային հողի վրայ իրականացուող բռնութիւններ պիտի խրախուսեն յաջորդիւ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«Միջազգային ներում»-ի դատապարտումը տարբեր է ոչ միայն իր ձեւակերպումով, այլ նաեւ` այն պահանջով, որ կազմակերպութիւնը կը դնէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն առջեւ:

«Սաֆարովին, որ սեփական խոստովանութեամբ, մէկ այլ մարդու մարմինը մասնատած է անոր հայ ըլլալուն պատճառով, ներում շնորհուած է, ապա նախագահ Ալիեւի կողմէ ուրբաթ օր իր ազատ արձակումէն ետք հազարապետի աստիճան տրուած է: Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելով եւ ապա անոր պաշտօնը բարձրացնելով` նախագահ Ալիեւը ազրպէյճանցիներուն ազդանշան տուած է առ այն, որ հայերու դէմ բռնութիւնը ոչ միայն ընդունելի է, այլ նաեւ կը պարգեւատրուի: Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է Սաֆարովին տրուած բոլոր արտօնութիւնները ետ վերցնէ եւ հրապարակաւ դատապարտէ ցեղային հողի վրայ իրականացուող բռնութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«Միջազգային ներում»-ը Սաֆարովին ոճրագործութիւնը ներկայացնելու ընթացքին կը տարբերի միջազգային կառոյցներու համար բացառիկ ձեւով նշելով, թէ Սաֆարովը դատարանին մէջ ինչ ըսած է: Իսկ ան ըսած էր, թէ կը ցաւի, որ նախապէս հայեր սպաննելու կարելիութիւն չէ ունեցած:

Նաեւ կը նշուի Ազրպէյճանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Էլմիրա Սուլէյմանովայի արձագանգը, որ ժամանակին ըսած էր, թէ Սաֆարովի դատավճիռը «անարդար» է:

«Միջազգային ներում»-ը կը նշէ նաեւ անթոյլատրելի դիրքորոշումը պետական լրատուամիջոցներուն, որոնք «Սաֆարովին այնպէս կը ներկայացնեն, կարծես ազգային հերոս է»:

Share this Article
CATEGORIES