Յուշատետր. Բարեւը Լաւ Է

Ռ. Հ.

Մեր երէցները «բարեւ» բառը առանձին չէին գործածեր: Զայն կը կցէին «Աստուծոյ» բառին: «Աստուծոյ բարեւը» կ՛ըսէին, երբ կը խօսէին զիրար բարեւելու, իրարու բարեւ մը փոխանցելու մասին: Բարեւը ի՞նչ կապ ունէր Աստուծոյ գաղափարին հետ: Կ՛երեւի, թէ մեր երէցները կը տեսնէին այդ կապը: Զիրար բարեւելու, զիրար ողջունելու, իրարու բարիլոյս մը մաղթելու մէջ Աստուծոյ մէկ ներկայութիւնը կը տեսնէին անոնք: Մարդէն մարդուն փոխանցուած բարեւը Աստուծոյ բարեւն էր. ո՛չ թէ մարդուն: Այլ խօսքով, Աստուած կ՛ուրախանար, երբ մարդիկ կը բարեւէին զիրար, կը ժպտէին իրարու, կը հարցնէին մէկզմէկու որպիսութիւնը, բարի օր ու բարի լոյս կը մաղթէին իրարու: Մեր երէցները Աստուծոյ կը կապէին բարեւը, բայց մենք ալ այդպէս չե՞նք ըներ հիմա, մենք ալ չե՞նք ուրախանար մեր սիրած մարդիկը ողջունելով, սիրուած մարդոց հետ փոխանակուած ամէն բարեւի մէջ Աստուծոյ կողմէ մեզի նուիրուած երջանկութիւն մը չե՞նք տեսներ: Կը տեսնենք, որովհետեւ բարեւը լաւ է, որովհետեւ բարեւը գոյութիւն ունենալու ու իրարու հանդիպելու նշան է, գոյութիւն ունենալու փաստ մըն է աւելի ճիշդ` նոյնիսկ յաճախ սիրոյ յայտարարութիւն, բայց անպայման` միասնութեան հաստատում: Ամէն բարեւ առնուազն երկու հոգիի ներկայութիւն կ՛ենթադրէ:  Եթէ բարեւ կայ, կը նշանակէ, որ երկու հոգի կայ: Առնուազն` երկու հոգի: Միայն խենթն է, որ կը բարեւէ գոյութիւն չունեցողը:

Աստուծոյ բարե՛ւը:

Յաճախ ես ինծի հարցուցած եմ, թէ մարդիկ ինչո՞ւ զիրար կ՛ողջագուրեն, երբ նոր հանդիպում կ՛ունենան իրարու հետ: Մարդիկ ինչո՞ւ իրենց թեւերը լայն կը բանան ու ապա զանոնք կը սեղմեն դիմացինին վրայ. ինչո՞ւ կը համբուրեն իրարու երեսը, ոմանք մէկ անգամ, ոմանք նոյնիսկ երեք անգամ: Մարդիկ ինչո՞ւ իրարու ձեռքը կը սեղմեն, երբ հանդիպում կ՛ունենան իրարու հետ: Որովհետեւ այդ ողջագուրումն է, կամ այդ համբոյրն ու ձեռք տալն է, որ բարեւը կը դարձնէ միասնութեան որոնումի ու կարօտի խորհրդանշան: Ամէն համբոյրի մէջ գոյութիւն ունի ուրախութիւն մը, որ ծնունդ կ՛առնէ միասնութենէ ու իրարու համար գոյութիւն ունենալէ:

Է՛հ, գիտեմ անշուշտ, որ կեղծ բարեւ ալ կայ, կեղծ համբոյր կամ կեղծ ողջագուրում ալ կայ, բայց ի՛նչ փոյթ: Մենք անմիջապէս պիտի ըսենք, որ այդ մէկը Աստուծոյ բարեւը չէ: Եթէ կը հաւատանք սատանային, պիտի ըսենք, որ անիկա սատանային բարեւն է: Աստուծոյ բարեւը անապակ է, մասմաքուր, վճիտ, արդէն յստակօրէն տեսանելի: Աստուծոյ բարեւը անմիջապէս յայտնի կը դարձնէ, թէ Աստուծոյ բարեւն է, անխարդախ ու սրտաբուխ: Մանաւանդ` սրտաբուխ: Այսինքն` մեր սիրտէն բխած: Ինչ որ կը փաստէ, թէ Աստուած մեր սրտին մէջ է, Աստուած կը բնակի մեր սրտին մէջ եւ հոնկէ է, որ կը ղրկէ իր բարեւը` այդ  բարեւը նոյնացնելով մեր կողմէ ղրկուած բարեւի հետ:

Աստուծոյ բարեւը օրհնուած է մեր ժողովուրդին կողմէ եւ կերպով մը աղօթք դարձած է ան: «Բարեւ, վրադ ծագի արեւ», ըսած է ժողովուրդը, որովհետեւ եթէ կը սիրենք մեր դիմացինը, եթէ կը սիրենք մեր նմանը, կ՛ուզենք, որ ան արեւներու ու լոյսերու մէջ շողշողայ: Աստուծոյ բարեւը լոյսի ու արեւի մաղթանք է ուրիշի նկատմամբ: Դարձեալ միայն խենթն է, որ ինքզինք կը բարեւէ:

Աստուծոյ բարեւը գոյութիւն կրնա՞ր ունենալ, եթէ մարդ առանձինն, բոլորովին առանձին ապրէր անմարդաբնակ կղզիի մը վրայ: Աստուա՛ծ իմ, որքան յաճախ գործածուած է սա ամայի կղզիի մը մէջ առանձին մնացած մարդուն մասին: Եթէ ամայի կղզիի մը մէջ առանձին մնացած ըլլայիր, ի՞նչ գիրք կ՛ուզէիր ունենալ քեզի հետ, կամ ի՞նչ գործիք կ՛ուզէիր ունենալ քեզի հետ, կամ ի՞նչ կ՛ուզէիր շինել ամէնէն առաջ, եւ դեռ ինչե՜ր: Ու միշտ կը մոռնանք, որ միայն կեղծ գրականութեան մէջ է, որ գոյութիւն ունեցած է անմարդաբնակ կղզի, ուր մարդը առանձինն պիտի ապրէր: Աստուած երբեք չէ մտածած ամայի կղզիի մասին, Աստուած երբեք մարդը առանձին չէ թողած ամայի կղզիի մը մէջ կամ աշխարհի սա կամ նա անկիւնը: Աստուած առաջին մարդն իսկ ստեղծելէ անմիջապէս վերջ անոր քով ստեղծած է երկրորդ մարդը, որպէսզի մարդիկ այլեւս յաւերժօրէն գիտնան, որ աշխարհի բարիքը բարիք է այն ատեն միայն, երբ կը բաժնուի գոնէ երկու հոգիի միջեւ: Առանց կռիւի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրարու հետ կը բաժնուի Աստուծոյ բարեւը:

Մարդիկ երբեմն առանձին մնալ չե՞ն ուզեր:

Ես պիտի ըսեմ, որ մարդիկ յաճախ կ՛ուզեն կամ պէտք է ուզեն առանձին մնալ, որովհետեւ առանձնութիւնն ալ այնքան լաւ է, որքան` Աստուծոյ բարեւը: Պիտի ըսեմ նաեւ, որ ո՛վ որ օրուան մէջ գոնէ կէս ժամ մը առանձին չի կրնար մնալ, կարեւոր բարիքէ մը զրկուած է:  Երբեմն բոլոր դռները պէտք է գոցուին, հոսկէ հոնկէ եկող բարեւները պէտք է դադրին, ու մարդը պէտք է առանձին մնայ իր մեծ կամ փոքր աշխարհին մէջ: Որպէսզի մտածէ ինքն իր մասին: Եւ ասիկա ալ արդէն առանձնութիւն չէ: Մարդուն ժամադրութիւնն է իր իսկ գոյութեան ու լինելութեան հետ: Մարդուն կողմէ իր սեփական լինելութեան ղրկուած բարեւ մըն է: Առանձին եմ, ուրեմն գոյութիւն ունիմ: Գոյութիւն ունիմ անխարդախ կերպով: Մարդը երբեմն պէտք է այսպէս առանձին մնայ: Բայց վերջին խօսքը միասնութեանն է ու Աստուծոյ բարեւինն է: Վերջին խօսքը դրանն է, կամ պատուհանին, որ անպայման պէտք է բացուի, որպէսզի դուրսէն մէկը մեզի ղրկէ Աստուծոյ բարեւը:

 

Share this Article
CATEGORIES