Սիրելիդ Իմ Հալէպ

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Սիրտս կը մղկտայ ու արցունքներս արեան նման կը հոսին, երբ լրատուամիջոցներէն կը տեսնեմ ու կը լսեմ, թէ ի՛նչ կը պատահի իմ սիրելի հայրենիքիս` Սուրիոյ ու մանաւանդ ծննդավայրիս` Հալէպի մէջ: Հալէպ` գթառատ ու կենսատու մայր իմ, Հալէպ, որ պաշտպանեց ու տէր կանգնեցաւ իմ ժողովուրդիս իր մեծ ողբերգութեան օրերուն, դար մը առաջ: Հալէպ, որ ինծի, եղբայրներուս, ընկերներուս ու բազմազգ, բազմակրօն ու բազմացեղ բարեկամներուս պարգեւեց մանկութեան ու պատանեկութեան լաւագոյն յուշերը: Հալէպ` ոստան մշակոյթի, գրականութեան ու իսկական արուեստի: Հալէպ` քարակերտ շքեղ կառոյց, Հալէպ` ծննդավայրը իշխան Ապուլ Ֆիրաս Ալհամատանիի ու Ապտուլ Ռահման Ալքաուաքիպիի, Հալէպ` կրօնական զգայացունց մեղեդիներու քաղաք, Հալէպ` Սապահ Ֆախրի եւ «Քըտուտ»-ներ, Հալէպ, որ իր անունը դրոշմեց իւրայատուկ ժողովրդական երգերու, պիստակի ու ամբողջ աշխարհին ծանօթ իր համեղ խորովածին, Հալէպ` «Մաուուալ»-ներու եւ «Մուաշշահատ»-ներու քաղաք, Հալէպ, որ կու գայ պատմութեան խորերէն, Հալէպ` իսլամական ներողամտութեան եւ մշակոյթի քաղաք, Հալէպ, իմ սիրելի Հալէպ…

Աւելի կը ցաւիմ, մանաւանդ երբ կը տեսնեմ սուրիացի գաղթական եղբայրներուս կարաւանները ու հարեւան երկիրներու իրենց գաղթակայանները, նոյնպէս կը ցաւիմ, երբ կը լսեմ գաղթել փափաքող սուրիահայ եղբայրներուս մեծ թիւին մասին, որոնք կը ծրագրեն մեկնիլ տարբեր երկիրներ ու մանաւանդ մեր հայրերու երկիրը` Հայաստան, ու այս բոլորը` ապահովական պատճառներով (բացի անոնցմէ, որոնք տակաւին իրենց տուներուն ու աշխատատեղիներուն բանալիները ամուր կը պահեն իրենց գրպաններուն մէջ):

Ես, որպէս ազգային սկզբունքային հարց, խստօրէն դէմ եմ  գաղթի գաղափարին: Այն ատելի եւ անախորժ երեւոյթ է մեզի համար: Այս մէկը կը յուշեմ անոնց, որոնք կը մտածեն գաղթի մասին, ու մանաւանդ անոնց, որոնք իսկապէս սկսած են գաղթի պատրաստութիւններ տեսնել:

Հայերը մարդկային ու բարոյական պարտաւորութիւններ ունին Հալէպի հանդէպ, որ գրկաբաց ընդունեց զիրենք, երբ իրենք ցեղասպանութեան ենթարկուեցան նախորդ դարասկզբին: Անոնք պարտաւոր են աշխարհի համայն ժողովուրդներուն փաստել, որ իրենց տոհմային յատկանիշն է հաւատարմութիւնն ու երախտագիտութիւնը, եւ թէ իրենք տեղացի բոլոր համայնքներուն կողքին կանգնած են միշտ խիզախօրէն, հայրենի երկրի լաւ ու վատ օրերուն: Հայերը անբաժանելի մէկ մասնիկն են Հալէպի ընկերութեան ու անկարելի է տարանջատել զայն այդ ընդհանուր հիւսուածքէն:

Հայ համայնքը անհամար վնասներու պիտի ենթարկուի, եթէ երբեք գաղթէ Սուրիայէն ու մանաւանդ` Հալէպէն (հայրենիքէն դուրս վեց ամիս չանցած` կը սկսի գաղթած ըլլալու զղջումը, զղջումը` հարազատ տունն ու թաղը ձգած ըլլալու, որքան ալ համեստ կամ փարթամ եղած ըլլան անոնք): Ան պիտի կորսնցնէ ընկերային այն մթնոլորտը, որ իր գրկին մէջ ուրախութեամբ ու համերաշխութեամբ կը պարուրէ համայնքին բոլոր զաւակները, մեծ թէ փոքր, կին թէ մարդ, իւրաքանչիւրը ի՛ր շրջապատին մէջ, ըլլան անոնք մշակութային, մարզական թէ այլ բնոյթի: Ան պիտի կորսնցնէ նաեւ իր հանապազօրեայ ապրուստը, որուն վարժուած է արդէն ու սէր կը տածէ անոր հանդէպ, իսկ համայնքը ինքնաբերաբար պիտի կորսնցնէ բազմաթիւ կառոյցներ, կալուածներ, կրօնական հաստատութիւններ, համայնքային շէնքեր, ակումբներ, մարզադաշտեր, մշակութային կեդրոններ եւ այլն, եւ այլն, զորս նախորդ սերունդները կառուցած են տասնամեակներու ընթացքին, քար քարի վրայ դնելով, յաջորդական տարիներու ընթացքին, իրարու հետեւող քրտինքի կաթիլներով ու բազում զոհողութիւններով, ու այս բոլորը` խիստ դժուար պայմաններու տակ ու անհամար զոհաբերութիւններով, եւ այսպէս էր, որ անոնք հասան իրենց այսօրուան բարգաւաճ ու պայծառ վիճակին, ու յիմարն է միայն, որ կը հրաժարի այդ բոլորէն:

Հալէպի կրթական ու մշակութային հաստատութիւնները հաւատարիմ գործիչներ պատրաստող հնոցներ են, որոնք որպէս ղեկավար ուժեր` կը գործեն հայկական այլեւայլ գաղթօճախներու մէջ, աշխարհի տարածքին: Հալէպը յորդահոս աղբիւր է հայրենիքին ու հայկական գաղթօճախներուն, ու եթէ յանկարծ չորնայ, ապա անոր հետ կ՛անհետանան նաեւ շրջանին մէջ հայապահպանման ու հայկական դիմագիծի գոյութեան պահպանման բազմաթիւ գործօններ:

Սուրիահայութեան ու մանաւանդ հալէպահայութեան գոյութիւնը ռազմական կարեւոր կռուան է մայր Հայաստանի համար: Հալէպահայութիւնը իր հզօրութեամբ ու պատրաստուածութեամբ կարիքի պահուն կը հանդիսանայ կարեւոր պատուար մը թշնամիին դէմ, որ հազարումէկ ձեւով հաշուի կ՛առնէ անոր ժիոփոլիթիք ուժը:

Հալէպահայութիւնը մէկ մասնիկն է այն թոքին, որմէ կը շնչէ Հայաստանը, ու անոր չքացումով անպայման որ պիտի դժուարանայ Հայաստանի պետութեան շնչառութիւնը: Ան նաեւ հայրենիքի մեծ վրանին սիւներէն մէկն է, այն վրանին, որուն տակ կը ծուարին աշխարհի բոլոր հայերը, ու Հալէպի սիւնին խորտակումով պիտի ցնցուի վրանը ու կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը կամ անկասկած պիտի նուազի անոր գործունակութիւնը: Հալէպահայութեան որեւէ չափի տկարացում ուղղակիօրէն պիտի ազդէ Արաբական ծոցի երկիրներու եւ Միջին Արեւելքի հայութեան վրայ:

Հալէպահայութիւնը կը նմանի այն սալին, որուն վրայ կոխելով մարդիկ կ՛անցնին առուին միւս կողմը, ու առանց անոր` դժուար պիտի ըլլայ առուի երկու կողմերուն միջեւ երթեւեկութիւնը, որովհետեւ հալէպահայութիւնը, առանց մրցակիցի, կը ներկայանայ որպէս գլխաւոր միջնորդ-դերակատար:

Հայերու բացակայութեամբ, մեր սիրելի Սուրիան պիտի զրկուի իր տնտեսութեան ու արհեստներուն առնչուող բազմաթիւ գործօններէ, բան մը, որ երբեք ընդունելի չէ մեզի համար, փոխարէնը` գաղթական հայն ալ պիտի կորսնցնէ իր տունը, գործը, մանկութեան, երիտասարդութեան ու հասուն տարիքի բարեկամները միասնաբար ու օտար երկինքի տակ պիտի սկսի սկիզբէն: Հայերուն կը մնայ միայն ձեռք առնել նախազգուշական այն բոլոր յանդուգն միջոցները, որոնք կրնան վտանգել իր անձը, պատիւն ու գոյքերը հաւանական աւազակներէ, որոնք միշտ ալ կը բազմանան այսպիսի պայմաններու ժամանակ:

Հայերուն կը մնայ գիտակցիլ, որ քաղաքական վերիվայրումներն ու ժողովրդային ապստամբութիւններ եւ նոյնիսկ ռազմական գործողութիւնները պատահական երեւոյթներ են ժողովուրդներու կեանքին մէջ, ու այս իրականութիւնը հաստատող բազմաթիւ հին ու նոր օրինակներ կան, եւ թէ` երբեք իմաստութիւն չէ հրաժարիլ այն բոլորէն, ինչ որ ձեռք բերուած է խիստ դժուար պայմաններով, եւ թէ` հարկաւոր է համբերել ու սպասել դիմադրողի հոգեվիճակով, ու հաւատալ, որ գալիք օրերը անպայմա՛ն որ աւելի լաւ պիտի ըլլան, քան նախորդները, եւ թէ` մեր հայրենիքին` Սուրիոյ պայծառ ապագան պիտի փոխհատուցէ մեզի այս բոլոր ողբերգութիւններուն դիմաց:

ՔՈՒԷՅԹ
[email protected]

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )