Օրուան Ժամերուն Հայկական Անունները

Նորայր Տատուրեանի ստորագրութեամբ` Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ կը կարդանք.

Կը ներէք, ժամը քանի՞ է:

– Արփողին հինգ կայ:

Եթէ մեր մայրենին առած ըլլար տարբեր պատմական ընթացք: Կռահելը դժուար չէ, թէ նիւթը օրուան ժամերուն, աւելի ճիշդը` անոնց անուններուն մասին է:

Հայերս ունեցած ենք օրուան քսանչորս ժամերուն համար եզակի անուններ. անուններ, որոնք պատկերալից են ու կը խօսին հին օրերու կենցաղին մասին: Անոնք միեւնոյն ժամանակ գործնական են. կը ցոլացնեն արեւի եւ լուսնի երկնային դիրքը:

Նախ յիշենք, թէ հին օրերուն օրը կը սկսէր լուսաբացով ու կը վերջանար մայրամուտով: Շաբաթ օրը նոյնպէս մայրամուտով կը դառնար կիրակի, ուրկէ` շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան անունը կիրակնամուտք եւ Միսաք Մեծարենցի յայտնի բանաստեղծութիւնը` «Կիրակմուտք», ուր կը նկարագրուի օրուան այս ամենախորհրդաւոր ժամը:

Ժամերը կարելի է բաժնել երկու խումբի` գիշերային եւ ցերեկային: Գիշերային ժամերն էին` խաւարականն, 19:00, աղջամուղջն, վերջալոյսին հետեւող կիսախաւարը, մթացեալն, շաղաւօտն, կամաւօտն, բաւականն` կէս գիշերն էր, հաւթափեալն, գիզկան` գիշերային ութերորդ ժամն էր, կէս գիշերէն երկու ժամ անց, լուսաճեմն` լոյսի մէջ ընթացող, քալող. ճեմել` քալել արմատէն, առաւօտն, լուսափայլն եւ փայլածումն: Ցերեկային ժամերն էին` այգն, 07:00, ծայգն, զօրացեալն, ճառագայթեալն, շառաւիղեալն` արեւի ճառագայթներու ժամն է, երկրատեսն` կէսօր, երբ արեւը կեցած է միջօրէականի վրայ, շանթակալն` օրուան հրավառ տաք ժամն էր, որ կը նմանի շիկացած երկաթի, հրակաթն` կրակ կաթեցնող ժամ, հուրաթափեալն` կրակ թափող ժամ, թաղանթեալն, Առաւարն եւ ամէնէն պատկերալիցը` արփողն, ցերեկուան վերջին ժամը, երբ արեւը մայր կը մտնէ: Արփողնի համար կայ նաեւ այլ ստուգաբանութիւն. այն ժամը, երբ քաղաքի դռները կը կղպէին փողահարութեամբ (առ+փող կազմութեամբ):

Share this Article
CATEGORIES