Ըստ Հունգարիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Գաղտնի Զեկուցումին Հայ-Հունգարական Յարաբերութիւնները Որոշ Ժամանակ Պաղ Պիտի Ըլլան, Ապա Բնականոն Պիտի Դառնան
Հունգարական «Փոլիթիքս» անկուսակցական-քաղաքական օրաթերթը հրապարակած է յօդուած մը, որուն մէջ կը նշուի, որ ի յայտ եկած դիւանագիտական նոր տուեալներու համաձայն, Ազրպէյճանի նախագահը մոլորեցուցած է Հունգարիան:
Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կից Միջազգային հարցերու հիմնարկի (ՄՀՀ) կազմած գաղտնի փաստաթուղթը հրապարակած է «նոլ.հու» կայքէջը: Ըստ փաստաթուղթին, Ազրպէյճան «8 տարի առաջ Հունգարիոյ մէջ հայ սպան սպաննած ազրպէյճանցիի յանձնման հարցին մէջ» խաբած է Հունգարիոյ իշխանութիւնները:
ՄՀՀ-ի ղեկավար Պոթոնտ Զաքոնի ըսած է, թէ գաղտնի փաստաթուղթին հրապարակումը «ցաւալի» է: Ըստ փաստաթուղթին, Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի հարցով հանդիպում ունեցած եւ քննարկում կատարած է Իլհամ Ալիեւի հետ: Վերջինս Հունգարիոյ վարչապետին խօսք տուած է, որ Սաֆարովը բանտը պիտի մնայ:
Առանձին կը նշուի, որ Սաֆարովին ներում շնորհելէ երկու օր ետք Հունգարիան դիւանագիտական նամակ յղած է Ազրպէյճանին, սակայն Հայաստանը, այնուամենայնիւ, սառեցուցած է Հունգարիոյ հետ իր յարաբերութիւնները: Զեկուցումին հիմնական եզրակացութիւնը այն է, որ` «ազրպէյճանցի նախագահը մոլորեցուցած է Հունգարիան», եւ երկիրը անակնկալի եկած է Սաֆարովի ազատ արձակումէն, կառավարութեան ալ 24 ժամ հարկ եղած է պետական դիրքորոշումը ձեւակերպելու համար: Զեկուցումին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Ազրպէյճանը փորձած է կեղծ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Հունգարիոյ հետ Սաֆարովի ազատ արձակման մասին համաձայնութիւն գոյացուցած է: «Ազրպէյճանը ներկայ դրութեամբ աւելի կարեւոր է Հունգարիոյ համար, քան հակառակը», կ՛ըսուի զեկուցումին մէջ, եւ ճիշդ այդ պատճառով Պուտափեշտ բացէ ի բաց չի յայտներ, որ Ալիեւ մոլորեցուցած է Օրպանը:
Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Հունգարիան պէտք է պնդէր, որ խօսքը թիւրիմացութեան մասին է: Ըստ նոյն փաստաթուղթին, յստակ է, որ Հունգարիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները որոշ ժամանակ պաղ պիտի ըլլան, սակայն մեծ աշխատանքի շնորհիւ` միջնաժամկէտ հեռանկարով յարաբերութիւնները կրնան վերականգնիլ:

