Թուրքիա Սաֆարովի Հարցին Իր Առնչութիւնը Կը Հերքէ

Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու առնչութեամբ հայկական սփիւռքի արձագանգը եւ նոյն հարցով Թուրքիոյ հասցէին կատարած մեղադրանքները «սեւՓի.Առ.» որակած է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութիւնը կը յայտնէ, որ «մենք շփոթահար կը հետեւինք այն բացասական արձագանգին, զոր կը դրսեւորէ ամերիկահայ համայնքը Թուրքիոյ նկատմամբ` Պուտափեշտի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուսումնական ծրագիրի ժամանակ հայ սպան սպաննելու համար ցկեանս դատապարտուած ու Ազրպէյճանին արտայանձնուած Ռամիլ Սաֆարովին նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ներում շնորհելէ ետք: Թուրքիոյ սպառնալու փորձերը, որոնք չեն տեղաւորուիր այս հոլովոյթի ոչ մէկ փուլին մէջ, անբարեացակամ շրջանակներու կողմէ նոր սեւ Փի.Առ. կը ներկայացնեն»:

Նախապէս Եւրոպական Միութեան քաղաքականութիւնը լուսաբանող «Ի.Եու.Օպզըրվըր» անկախ լրատուամիջոցը գրած էր, որ Ազրպէյճանի վարքագիծը շփոթի մատնած է մինչեւ իսկ անոր սերտ դաշնակից Թուրքիան:

Share this Article
CATEGORIES