50 Տարի Առաջ ( 26 Սեպտեմբեր 1962 )
Հայ Կեանքը Այնճարի Մէջ
Փոլ Մինաս 30,000 Լ. Ոսկի Կը Նուիրէ
Եկեղեցւոյ Շինութեան Ֆոնտին
(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Յոբելենական հանդէս-երեկոյթ .- Շաբաթներ առաջ հայ ազգային «Յառաջ» վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը գովելի եւ ողջունելի գաղափար մը յղացած էր, այն է` կազմակերպել մեծարանքի յոբելենական երեկոյթ մը, ի յարգանս մեր կրթական մշակներուն, որոնք աւելի քան քառորդ դար ծառայած են ու դեռ կը ծառայեն կրթական ասպարէզին:
Յոբելենական հանդէս-երեկոյթը տեղի ունեցաւ 20 սեպտեմբեր 1962, հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային «Յառաջ» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, մտերմական ու բարեկամական շրջանակի մը մէջ, հանդէս-պտղասեղանով մը:
Յոբելեարներն են, ծառայութեան կարգով, Յ. Գ. Պուրսալեան, Գէորգ Գըրըզեան, Սարգիս Գալուստեան, Թովմաս Հապէշեան եւ Եդուարդ Պօյաճեան:
Բանախօսեցին ընկերներ` Սարգիս Զէյթլեան, խմբագիր «Յուսաբեր»-ի, որ օդափոխութեան եկած է հոս, իր ծնողքին քով, եւ Գրիգոր Նգրուրեան: Երկուքն ալ դրուատիքն ըրին հայ կրթական մշակներուն, եւ դարերու ընթացքին, անոնց կատարած ու կատարելիք նուիրական դերին, սկսած` մեծ ուսուցիչ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցէն:
Յաջորդաբար խօսք առին Պէյրութի Հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` վեր. Թիլքեան, բնիկ մուսալեռցի, Ազգային «Յառաջ» վարժարանի տնօրէն Նարեկ քհնյ. Շիրիզեան, ընկերներ` Անդրանիկ Ուրֆալեան, Նազարէթ Պիտանեան, Սերոբ Շէրպէթճեան եւ ուրիշներ: Բոլորն ալ իրենց յարգանքի անվերապահ տուրքը տուին` բոլոր ժամանակներու հայ կրթական անձնազոհ մշակներուն եւ անոնց կատարած գործին:
Վեր. Կ. Թիլքեան, երեկոյթի ընթացքին, իր արտասանած ճառէն յետոյ, յոյժ գնահատելի ելոյթ մը ունեցաւ` Ստեփան Մալխասեանցի բառարաններու շարքը նուիրելով Ազգային «Յառաջ» վարժարանի գրադարանին:
Ի վերջոյ խօսք առին յոբելեարները, որոնք յուզումնալից բառերով իրենց խորին շնորհակալութիւններն ու յարգանքները յայտնեցին ե՛ւ կազմակերպիչներուն, ե՛ւ յարգոյ հանդիսականներուն, ի պատիւ իրենց տրուած սոյն մեծարանքի երեկոյթին համար:
Շրջանաւարտից միութիւնը, իբրեւ մեծարանքի տուրք, յոբելեարներուն նուիրեց Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի դիմանկարներէն մէկական հատ, փորագրուած` գաճի վրայ, գործ` Գրիգոր Սիւթճեանի:
Նորակառոյց Ս. Պօղոս եկեղեցին.-
Կու գամ գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ յայտնեց «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն, որ Փոլ Մինաս առատաձեռնօրէն մասնակցեցաւ մեր եկեղեցւոյ շինութեան ֆոնտին միանուագ վճարելով 30 հազար լ. ոսկի: Փոլ Մինաս իր այս խիստ գնահատելի ժեսթով եկեղեցիին առաջին բարերարը հանդիսացաւ: Ու եկեղեցին իր անունով կոչուեցաւ Ս. Պօղոս: Երախտապարտ ենք իրեն եւ` մեծապէս շնորհակալ: Աստուած վարձատրէ զինք:
Աւագ խորանի, իր ամբողջութեանը մէջ մարմարակերտ, բարերարուհին է Ագնէս Տէօվլեթեան, այդ իրա՛ւ հայուհին: Աւագ խորանի շինութեան գործին միանուագ 6000 լ. ո. վճարած էր: Խորանին շինութիւնը իր լրումին հասած է արդէն:
Եկեղեցւոյ շինութիւնը ամբողջացնելու համար դեռ մեծ գումարներ պէտք են: Այսու, կոչ կ՛ընեմ բոլոր հայ ազգայիններուն, որպէսզի «Ազդակ»-ի միջոցով իրենց լուման նետեն մեր նորակերտ եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ` սատարելու համար Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ առաւել եւս պայծառացման եւ բարգաւաճման:
Յ. Գ. ՊՈՒՐՍԱԼԵԱՆ
22-9-1962
Այնճար
Դրուագներ Խրիմեան Հայրիկի
Կեանքէն
Ազգային ժողովը 1870-ական թուականներուն Մկրտիչ եպս. Խրիմեանը ընտրելէ վերջ, պատրիարքարանի դահլիճին մէջ մեծ ընդունելութիւն մը կը սարքէ, ուր հարցում կ՛ըլլայ նոր պատրիարքին, թէ գաւառներէն սկսեալ` իր ճամբորդութիւնը հանգիստ կրցա՞ւ կատարել:
Խրիմեան հետեւեալ կերպով կը պատասխանէ.
– Շատ հանգիստ եկայ. բայց Մշոյ դաշտին Աւագ Աղբիւր գիւղին մօտեցած ժամանակս տեսայ, որ գիւղին կիները, աղջիկները, ծերերը եւ տղաքները կիսամերկ մօտեցան ինծի եւ ըսին. «Հայրիկ, դու Ստամպոլ կ՛երթաս, թագաւորին պիտի ներկայանաս, մեր հալը իմացուր անոր, մերկ ենք…»: Շատ յուզուեցայ այս տեսարանէն եւ ամբողջ ճամբորդութեանս մէջ այս խղճալի տեսարանին ներքեւ էի:
Ներկաները խորապէս յուզուած` վայրկենական հանգանակութեան կը ձեռնարկեն եւ երկու հարիւր ոսկի հաւաքելով` կը յանձնեն Խրիմեանին, Աւագ Աղբիւրի կարօտեալներուն ղրկուելու համար:
Խրիմեան, սակայն, այդ գումարը ղրկելու համակարծիք չ՛ըլլար: «Դրամը երբ հոն ղրկենք, կառավարական հարկահաւաքները եւ վաշխառուները գիւղացւոց ձեռքէն պիտի առնեն: Եթէ հագուստ ղրկենք, տարիէ մը պիտի հիննայ եւ նորէն մերկ պիտի մնան: Աւելի լաւ է տեղւոյն միակ վարժարանը շէնցնել եւ այս դրամին տոկոսով ուսուցիչ մը եւ աշակերտաց գրենական պիտոյք հայթայթել: Եւ իրօք ալ հոն ուսուցիչ մը կը ղրկուի Երուսաղէմէն եւ հարկ եղած գիրքերը կը հայթայթուին:

