«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Կեանքը Արաբ Փունարի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արաբ Փունարի համայնապատկերը

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, Ուրֆայի եւ այլ շրջաններու վերապրող գաղթական հայերը վերադարձած էին իրենց բնակավայրերը, բայց յետոյ, Մուսթաֆա Քեմալի ազգայնական շարժման պայմաններուն տակ կրկին բռնեցին գաղթի ճամբան:

Ուրֆայի պարպումի այդ օրերուն, 1923-ի տարեսկիզբին, քսան հայ ընտանիքներ Յովհաննէս Ջուվալերթեանի գլխաւորութեամբ թրքական սահմանը անցնելով սուրիական հող մտան եւ կանգ առին ընդարձակ տափաստանի մը մէջ, սուրիական Գանի Արաբի եւ թրքական Մուրշիտ Փունարի միջեւ: Երկաթուղագիծը կ՛անցնէր Մուրշիտ Փունարի մէջէն, եւ հոն երկաթուղային կայարան եւ շուկայ կար: Այս շրջանը աւազակներու բոյն մըն էր, ուր ամէն քայլափոխի հրոսակներու կարելի է հանդիպիլ, որոնք կը կողոպտէին եւ կը սպաննէին անցորդները, իսկ տափաստանին մէջ, լճակի մը կողքին գտնուող ջաղացքը հրոսակներուն թաքստոցն էր: Յոգնաբեկ կարաւանը վրան զարկաւ ջրաղացին մօտակայքը:

Առաջին այս գաղթականներուն յաջորդեցին ուրֆացի, կարմուճցի, տիգրանակերտցի եւ լճեցի մօտաւորապէս 450 ընտանիքներ, որոնք նոր բնակավայրի մէջ` Արաբ Փունարի հիմը դրին: 1926-ին հոն բնակութիւն հաստատեցին ուրֆացի վաթսուն տուն ասորիներ, որոնք գրեթէ բոլորն ալ հայախօս էին կամ հայերէն գիտէին եւ կը հասկնային: 1932-ին հոն հաստատուեցան պերէճիկցի հայ ընտանիքներ:

Գաղթականները սկիզբը փայտաշէն հիւղեր կառուցեցին եւ յետոյ քարաշէն տուներու կառուցման ձեռնարկեցին: Աւանը գլխաւոր երկու մասերու բաժնող կամուրջին մէկ կողմը հին խրճիթներն էին, իսկ միւս կողմը` բաւական բարեկարգ թաղամասերը: Կառուցուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Խրիմեան վարժարանը:

Մուրշիտ Փունար

Թրքական սահմանին վրայ գտնուող Մուրշիտ Փունար գլխաւոր խթանը հանդիսացաւ Արաբ Փունարի մէջ առեւտուրի զարգացման եւ տարածման: Սուք Իսթանպուլ եւ Սուք Շահին կերպասեղէնի եւ նպարեղէնի աշխուժ շուկաներ դարձան: Զարգացան նաեւ արհեստները, գլխաւորաբար` կօշկակարութիւնն ու երկաթագործութիւնը: Հայ եւ ասորի կարգ մը ընտանիքներ ալ կալուածներ գնեցին եւ երկրագործական աշխատանքի լծուեցան:

Արաբ Փունարի շրջանը քրտաբնակ գօտի էր եւ մօտաւորապէս հինգ հարիւր մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած գիւղերով շրջապատուած էր: Քրտական Պարազի ցեղախումբին աղաները շրջանին իրողական տէրերն ու կալուածատէրերն էին: Քիւրտ, արաբ եւ հայ գիւղացիներուն մէկ մասը անոնց կալուածներուն մէջ կ՛աշխատէին: Աղաները բերքէն բաժին կ՛առնէին եւ կամայական տուրքեր ալ կը հաւաքէին: Ցեղապետներն էին` Պոզան պէկ, Մուսթաֆա պէկ եւ Շահին պէկ:

* * *

«Ազդակ»-ի աշխատակից Արմէն Աճէմեան հիւսիսային Սուրիոյ հայաբնակ շրջաններ ուղեւորութեան առիթով յատուկ թղթակցութիւն մը պատրաստած է: 22 եւ 23 մայիս 1937-ի թիւերով եւ «Արաբ Փունար» խորագիրով թղթակցութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.

«Այս մեծկակ գիւղաքաղաքին մէջ բարեկամ եւ ծանօթ մէկը չունիմ: Բայց ունիմ ընկերներ, գաղափարի պաշտելի ընկերներ, որոնք պիտի տեսնեմ առաջին անգամ: Երեկոյեան ժամը 8:00-ին ինքնաշարժս կանգ կ՛առնէ սրճատան մը առաջ: Գիտեմ որ, սրճարանատէրը մեր լաւ ընկերներէն է: Ահա՛, ինքն է, Սասունցի Վահանը, արաբական տարազով, նիհարակազմ. այլ ե՛ւ ջղուտ կորովաշատ մարդ մը: Կու տամ անունս: Կը բաւէ: Քանի մը վայրկեանէն մենք արդէն իրարու հետ մտերմացեր ենք, կարծես տարիներով իրար հետ ապրած ըլլայինք: Կը նստինք սրճարանի պարտէզին մէջ: Առուակին ջուրը, գիշերական պարզ ու աստղազարդ երկնքին տակ ինչ անոյշ կը հոսի ու կը կարկաչէ: Հոն են մեր լաւագոյն տղաքը: Տոքթ. Զաքար, Գէորգ, Եղիա, Նշան, Առաքել, Տիգրան եւայլն: Բոլորն ալ ուրֆացի, բացի Առաքելէն` որ մշեցի է: Այս տղաքը, ընտիր երիտասարդներ, ունին զարմանալի զգացումներ կարօտի ու վշտի, ցաւի եւ արդար վրէժի: Թրքական սահմանը` մեր նստած տեղէն հազիւ երկու վայրկեան անդին, ճիշդ մեր քթին տակ: Ու սահմանէն անդին մենք կը լսենք թմբուկի ձայն եւ կը տեսնենք լուսավառութիւններ: Քէմալի երկիրը, ճարպիկ դիւանագիտութեա՞մբ թէ բախտի բերումով տարեր է նոր յաղթանակ: Տարտանէլի նեղուցի փակում: Ա՛յս ալ կ՛անցնի: Հայը յուսահատ չէ, եւ սպասող: Ու տղաքը կ՛երգեն: Մեր սրտերը կը փոխուին: Կը նայինք ապագային մեծղի յոյսերով, ոգեւորութեամբ:

Արաբ Փունար, որպէս գիւղաքաղաք, նոյնիսկ գիւղ կամ գիւղակ, իսկի գոյութիւն չունէր 1924-էն առաջ: Կիլիկիոյ պարպումը պատճառ կ՛ըլլայ, որ բազմաթիւ հայեր, մեծ մասամբ եդեսիացիներ. հոդ հաւաքուին եւ հիմը դնեն քաղաքի մը: Այսօր, իրաւամբ, հայաքաղաք կարելի է անուանել Արաբ Փունարը: Շուկան գրեթէ հայոց ձեռքն է: Խանութպաններ, արհեստաւորներ, ցորենի վաճառականներ, գրեթէ բոլորն ալ հայեր: Առանց կրօնական կամ դաւանական տարբերութեանց, կարելի է անվարան կերպով ըսել, որ այս գիւղաքաղաքի հայութեան թիւը 1200-ը կ՛անցնի: Կան քիչ թուով քիւրտեր, ասորիներ եւ հրեաներ:

Արաբ Փունարի պետական վարժարանը

Արաբ Փունարի մէջ հայերը ունին ժամ եւ Խրիմեան երկսեռ վարժարանը` 300-է աւելի աշակերտութեամբ: Երբ իմացայ տնօրէնին անունը, շատ ցաւեցայ: Ինչպէ՜ս, ըսի, այսպիսի կարեւոր, հայաշատ տեղի մը 300-ը անցնող մեր մատաղ սերունդի ապագան յանձնել ամենատկար եւ հասարակ վարժապետի մը, որը ես կը ճանչնայի Կիպրոսէն, ուր խեղճուկրակ խանութպան մըն էր: Ժողովուրդը ինքն ալ արդէն դժգոհ էր իր տնօրէնէն եւ կը մտածէր նոր մը եւ աւելի կարող մէկը բերել անոր տեղ:

– «Ի՞նչ ընենք, կ՛առարկէր ինծի ժողովուրդը, լաւ ուսուցիչներ չունինք»: – «Ունի՛նք: Կը բաւէ՛, որ դուք փնտռէ՛ք: Ահա՛, օրինակ տոքթոր Վահան Հապէշեանը: Սանասարեանէն շրջանաւարտ: Գերմանական համալսարան լրացուցած: Սամսոնի Ազգային վարժարանին եւ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեանց մէջ երկար տարիներ պաշտօնավարած: Էտիրնէի եւ Պուլկարիոյ մէջ տնօրէնութեան պաշտօն վարած: Տուի տոքթոր Վ. Հապէշեանի հասցէն: Այլեւս չեմ գիտեր ի՞նչ ըրին:

Կ՛այցելեմ Արաբ Փունարի Պատանեկան Միութեան ակումբը: Տպաւորութիւններս լաւ են: Շքեղ մեծադիր տառերով գրուած եւ պատերուն վրայ փակցուցած հայրենատենչ նշանախօսքեր: Այսքան չարիք թէ մոռանան… Երբեք մի՛ մոռնար, որ թուրքը մէկ միլիոն հայերու դահիճն է… Կեցցէ՛ միացեալ եւ անկախ Հայաստան: Ողջոյն ազատատենչ եւ շինարար հայ ժողովուրդին: Հո՛ն են Տիգրան Մեծը, Արտաշէսը, ՀՅԴ զինանշանը, Խանասորի խմբապետները, Հայկ. Եռագոյնը, հայ անուանի գրողներու անուան ցանկը: Հայկ. Ազատամարտի պատկերը: Ակումբի գրադարանը բաւական ճոխ է եւ ընտիր գրքեր կը պարունակէ իր մէջ: Գրադարանը կը ստանայ «Վէմ», «Հայրենիք» ամսագիր, «Յուսաբեր», «Ազդակ» եւ այլն: Ու այս բոլորէն զատ, աչքիս կը զարնէ Սասունցի Վահանը, որ մօտս նստած, ցոյց կու տայ ինձ, իր աջ բազուկի դաստակը, որուն վրայ դուրսը կանաչ, եւ ներսը` նարնջագոյն սիրտ մը նկարել տուած է (ելեկտրական ասեղով ծեծուած): Սրտին վրայ դաշոյն մը` որուն տակ վրէժ գրուած, յանուն հայոց ազգի մեռնողներու յիշատակին:

Արաբ Փունարի հայերը, Պատանեկան Միութենէն զատ, ունին այլ ազգային կազմակերպութիւններ, միութիւններ, օրինակ ՀՄԸՄ, Կարմիր խաչ, Բարեգործական եւ այլն: Ու, ազգային համերաշխութիւն կայ հոս: Բոլորը լաւ են իրարու հետ, եւ սիրո՛վ: Մեր ուզածն ալ ա՛յդ է արդէն:

22 յուլիս: Կէսօրէ յետոյ ձիարշաւ մը կը կատարենք դէպի «Առիւծի գիւղ»-ը: Ընկերներս են Վահանը եւ եդեսիացի Գէորգը: Շատ փափաքեցայ, որ մեզ ընկերանար նաեւ տարօնցի Առաքելը: Առաքելը ձիավար է եւ ընտի՛ր ձիավար: Կ՛ուզէի տեսնել անոր ձիավարութիւնը: Փափաքս անկատար մնաց:

Ճամբան շատ երկար է: Անսահման, տափարակ տարածութիւններ: Քրտական կոնաձեւ գիւղեր ու գիւղակներ: Քրտական տարազներ նախշուն, գոյնզգոյն: Կը դիտեմ Վահանին ու Գէորգին ճարպիկ ձիարշաւները: Անոնք, կարծես կայծակ են, բո՛ց ահեղամռունչ, որ կը սուրա՛ն, անվերջ կը սուրան բա՛ց ու լայնատարած դաշտերուն մէջէն: Ի՛նչ լաւ է ձիով արշաւանք կատարել: Ու միտքս կու գայ Մուհամետը: Տեսէ՛ք, ի՛նչ կ՛ըսէ արաբ կրօնի մեծ հիմնադիրը: – Երիվարները լաւ խնամեցէք, անոնք ձեր պաշտպաններն են: Իմ լաւագոյն ուրախութիւններս` ձիարշաւանքներս են: Իւրաքանչիւր իսլամ պէտք է անպատճառ ձի մը ունենայ, եթէ կրնայ:

 

***

Արաբ Փունարի հին մզկիթը

Երկու ժամէն կը հասնինք «Առիւծ գիւղ»-ը: Քրտական վրաններու տակ քրտուհիներ մեզի ջուր եւ թան կը բերեն: Մեր անհուն ծարաւը` այդ ընտիր թանովը կ՛անցընենք, ու կարծես թէ անմահական օշարակ կամ գինի է, որ կ՛ըմպենք: Յետոյ կը տեսնենք երկու եւ աւելի մարդահասակ առիւծներու արձանները, որոնք հիթիթօ-ասորա-միտական դրոշմ ունին: Անոնք հազարաւոր, հազարաւոր տարիներ առաջ, արեւելքցի արուեստագէտ հանճարներու գործեր են: Այդ արձանները Թէլ-Հալաֆի մէջ գտնուեցան գերմանացի գիտուն պարոն Վոն-Օրէնհայմի կողմէ, ուր պեղումներ կատարեց 1911-1913 եւ 1927-1929-ին: Գերման գիտնականին կողմէ կատարուած պեղումներու շնորհիւ բազմաթիւ, թանկագին առարկաներ-արձաններ, զարդեր, դրամներ փոխադրուեցան Գերմանիա, իսկ այս քանի մը առիւծի արձանները եւս պիտի փոխադրուէին Պերլին, բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ կարելի չեղան, ու անոնք մնացին հոս: Թէլ-Հալաֆը կը գտնուի ներկայ Ռաս-իւլ-Այնի ճիշդ մօտը եւ եղած է հին Խուրրի (Հուրրի) կոչուած ժողովուրդին մայրաքաղաքը: Աւելցնենք, որ պատմական Խապուր գետի ակերը Թէլ-Հալաֆի մօտերէն ծագում կ՛առնեն: Հին միտանացիներու մայրաքաղաք Վասիգանի` նոյնպէս Խապուրի ակերուն շատ մօտիկն էր, որ հիմա բոլորովին աւերակոյտ մըն է: Այսօրուան Արաբ Փունարէն մինչեւ Ռաս-իւլ-Այն, մինչեւ Գամիշլի, Քրիստոսէ դարեր, դարեր առաջ եղած է խուրրի-միտանացիներու երկիր, թագաւորութիւն, նոյնիսկ կայսրութիւն: Խուրրի-միտանացիները եղած են աշխարհաշէն եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդ: Կարգ մը անուանի գիտնականներ կ՛ըսեն, որ անոնք մեր (հայոց) իսկական եւ բո՛ւն  նախահայրերը եղած են: Բայց այդ հին ժողովուրդները չկան այսօր: Կա՛յ իրենց գործը եւ իրենց քաղաքակրթութեան մնացորդները: Այս հողերուն վրայ ո՞ր ժողովուրդները կը տեսնենք այսօր: Կան քրտախօս հայեր, հայախօս հայեր, քիւրտեր, ասորիներ, ցանցառ թիւով արաբներ: Պատմութիւնը` շատ անգամ սֆինքս մըն է: Ո՞վ կրնար գաղտնիքը լուծել անոր:

Ահաւասիկ, նստեր ենք քրտական վրանին տակ, բաց դաշտավայրին վրայ: Վերջալոյս է: Զարմանալի, դիւթիչ ու արեւելեան վերջալոյս: Արեւմտեան-հիւսիսի հորիզոնը շէկ, կարմիր, ոսկեգոյն գոյներով բոցավառուած է: Ամպերը` կապուտակ, մանիշակ, լազուարթ եւ մոխրագոյն` կարծես ոստաններ, դղեակներ ու բերդեր են կազմեր հորիզոնն ի վեր, երկնքին վրայ: Անոնք ձեւացուցած են նաեւ անտառներ, լեռներ, ծառաստաններ: Ու, վերջալուսային այդ բանաստեղծական պատկերներէն ես կը մտապատկերեմ մե՛ր հայրենիքը, հայոց աշխարհը, որ կար դեռ երէկ այնպէս գեղեցիկ, այնպէս չնաշխարհիկ ու երազական…

Հիմա շուրջս են հաւաքուեր Արաբ Փունարի ուրֆացի լաւագոյն, սրտոտ ու քաջ տղաքը: Անոնք, Սասունցի Վահանին հետ կը պատմեն ինծի Ուրֆայի հերոսամարտէն դրուագներ: Ինչո՞ւ Հայաստան 1915-ին, գոնէ 50, գոնէ 25 հատ Ուրֆա ոտքի չհանեց մեր թշնամիին դէմ: Ինչո՞ւ լուռ մնաց Սեբաստիան, խուլ ձեւացաւ Կարինը, քար կտրեցաւ ապառաժ Զէյթունը, գլուխ ծռեց Տիգրանակերտը եւ այլն: Ինչո՞ւ:

Ըսի, որ Արաբ Փունարը` մեծամասնութեամբ ուրֆացի է: Այս է պատճառը, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնն ալ հայախօս է: Նոյնիսկ քիւրտեր, նոյն իսկ պաշտօնեաներ հայերէն սորված են ու հայերէն կը խօսին: Տեսնուեցայ քիւրտի մը հետ, որ սահմանէն ասդին էր անցած: «Ախ, երբ պիտի վերադառնան հայերը»…: Տեսնուեցայ քիւրտ անուանի ցեղապետներ` Մուսթաֆա եւ Պօզան բէկերու հետ: Բոլորն ալ կը ցաւին, կ՛ըմբռնեն ու ձեզ կ՛ըսեն իրենց մեծ սխալը, որ գործեցին հայոց հանդէպ: Ի՜նչ օգուտ: Ի՜նչ օգուտ:

Արաբ Փունարի դաշտերը

Արաբ Փունար շինուած է լճակի մը եզերքը: Այսօր, այս գիւղ-քաղաքը գեղեցիկ տեսք մըն է առեր իր պարտէզներով, ծառաստաններով, կոկիկ տուներով ու փողոցներով: 13 տարի առաջ այս բոլորը չկային: Ու հիմա կան, որովհետեւ հայերը եկան: Ա՜խ, հայեր, դուք շինել լաւ գիտէք, բայց պահե՛լ…

13 տարի առաջ այս բոլորը չկային, կար միայն լճակը. անոր ափին քրտական սա՛ գիւղը: Ու 1915-ին, նոյն այս լճակի եզերքին էր որ աշնանային ցուրտ իրիկունով մը 15000 սեբաստացի տարագիր հայեր եկան թշուառ ու աննկարագրելի վիճակի մէջ: Համաճարակը իր գագաթնակէտին կը հասնի: Օրական 170 հոգի կը մեռնի: Այլեւս ձգեցէք ցուրտը, անօթութիւնը, ջարդն ու թալանը: 1915-ին, այսօրուան Արաբ-Փունարի լճակին ափերուն 4000 հայեր մեռան, լսեցէք, նորակերտ Արաբ Փունարի վերապրող հայեր:

Կեցեր եմ պղնձագործ Յովհաննէսի (պէրէճիքցի) խանութին առաջը: Վէճ մը կայ, որ շուտով կռիւի կը փոխուի: Հինգ-վեց հոգի կը յարձակին Յովհաննէսին վրայ: Խանութէն ներս կը մտնեն, ու հայուն ապտակ մը կը զարնէ անոնցմէ է՛ն քաջը: Յովհաննէս, կտրիճ ու անվախ տղայ մը, իսկոյն անոնց վրայ կը նետուի հաստ բիրով մը: Անոնցմէ մի քանին կը վիրաւորէ, միւսները փախուստ կու տան:

Մենք քեզի ցոյց կու տանք… վերջը:

– Հիմա՛ ցոյց տուէ՛ք: Եթէ քաջ էք, մէ՛կ մէ՛կ եկէ՛ք վրաս: Այլեւս ո՛չ մէկ բանէ կը վախնամ: Ի՛նչ կրնաք ընել: Ես ամէն բան աչք եմ առեր: Ամէն բան տեսա՛նք…:

Մէ՛կ հայ, հինգ վեց հոգիի դէմ, ու յաղթակա՛ն: Որովհետեւ, մարդը ամէն բան աչք է առեր: Եթէ, բոլոր հայերը պէրէճիքցի պղնձագործ Յովհաննէսին պէս ամէն բան աչք առնէին ու կռուէին թուրքին դէմ, մեր մէկ միլիոնը չէինք ունենար, չէինք ունենար… Ո՞վ պիտի գրէ, եւ ե՞րբ: Ապրիլ 24-ի պատմութիւնը:

Բայց, ինչ որ յուսադրիչ եւ ուրախարար է, ա՛յն է, որ այսօր, ես ամէն բան աչք եմ առերը դարձեր է ընդհանրական հոգեբանութիւն, մասնաւորաբար վերապրող հայութեան ընտիր ու արի երիտասարդութեան, եւ յատկապէս նոր սերունդին մօտ:

Վեց օր մնալէ վերջ Արաբ Փունար, լաւագոյն ու անջնջելի տպաւորութիւններով, քաղցր յիշատակներով կը մեկնիմ այդ հայաքաղաքէն դէպի Թէլ-Ապիատ»:

 

Share this Article
CATEGORIES