Հայրենի Կեանք

«Առաքելութիւն Արեւելք»
Կազմակերպութեան
20-ամեակ

18 սեպտեմբերին «Առաքելութիւն Արեւելք» դանիական մարդասիրական օգնութեան կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ նշեց իր գործունէութեան 20-ամեակը` այդ երկրին մէջ:

Այս առիթով կազմակերպութեան հիմնադիր տնօրէն Քիմ Հարցնըր Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուեցաւ յուշամետալով` Հայաստանի կրթութեան եւ առողջապահութեան բնագաւառին մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին համար: Անոր շնորհակալագիր յանձնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ:

«Առաքելութիւն Արեւելք» կազմակերպութեան ողջ անձնակազմին` ի դէմս կազմակերպութեան հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանի, տրուեցաւ շնորհակալագիր` Հայաստանի առողջապահական մարզի զարգացման աշխատանքներուն մէջ իրենց բերած բացառիկ աւանդին ու ներդրումին համար:

Հայաստանի կրթական, առողջապահական եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ քսան տարուան ընթացքին կազմակերպութիւնը ներդրած է 30 միլիոն տոլար:

Հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան այս առիթով անդրադարձած է 20-ամեայ գործունէութեան եւ նշած. «Մեզի համար այս քսան տարիները պատուաբեր եւ յաջողութիւններով լի տարիներ եղան: Տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով մենք համագործակցեցանք Հայաստանի կառավարութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ` մեր նպաստը բերելով կրթական, առողջապահական եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ բարեփոխումներու իրականացման: Մեծապէս շնորհակալ ենք մեզի հետ գործակցող բոլոր գործընկերներէն»:

Վերադարձի Դասական Երաժշտութեան Փառատօն`
Հովանաւորութեամբ
«Վիվասել.Էմ.Թի.Էս.»-ի

24 սեպտեմբերին «Ա. Խաչատրեան» համերգներու սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Վերադարձի դասական երաժշտութեան 6-րդ փառատօնին, որուն հովանաւորներն են «Արուեստների պատկերասրահ» մշակութային հիմնադրամը` Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի գլխաւորութեամբ եւ «Վիվասել.Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը:

Փառատօնին նպատակն է համախմբել Հայաստանի եւ սփիւռքի դասական երաժշտութեան հայ մեկնաբանները: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը վերջին երկու տասնամեակներուն իր ծրագիրներով հետամուտ է արտասահմանի մէջ ստեղծագործողները Հայաստան բերելու իմաստով աջակցութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի կարելի ըլլայ յատկապէս դասական երաժշտութեան հմայքը հայ հասարակութեան ներկայացնել: 6-րդ տարին ըլլալով այս փառատօնով Հայաստանի մէջ կը համախմբուին աշխարհի տարբեր անկիւններէ հայ նշանաւոր երաժիշտներ:

«Դասական երաժշտութիւնը կարեւոր է մարդու ներդաշնակ զարգացումը ապահովելու իմաստով: Իբրեւ Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան յառաջատար ընկերութիւն` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»- ը մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայաստանցին գեղագիտական իմաստով դաստիարակելու եւ զարգացնելու միտող ծրագիրներուն», նշած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան: Ան կարեւոր նկատեց յատկապէս երիտասարդութիւնը դասական երաժշտութեան հաղորդակից դարձնելը, որովհետեւ այդ միջոցով կարելի է ըմբռնել եւ գնահատել աշխարհի գեղեցկութիւնը:

Նշենք, որ փառատօնը հայ հանդիսատեսին պիտի ներկայացնէ 8 համերգներ, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 31 հոկտեմբեր:

Տուտուկի Համահայկական Փառատօնի
Փակման
Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական ծրագրի շրջանակներուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով, 14 սեպտեմբերին, իրականացաւ տուտուկի փառատօնը. միեւնոյն ժամանակ անով եզրափակուեցաւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը, որ տեւեց  5 ամիս: Յայտնենք, որ փառատօնին ելոյթներով հանդէս եկան աւելի քան 3000 մասնակիցներ, որոնք տարիներ շարունակ կարելիութիւն չեն ունեցած ելոյթ ունենալու հայաստանեան բեմերու վրայ: Այսպիսով, փառատօնը միաւորեց բացառիկ արուեստագէտներ:

Տուտուկի փառատօնը Հայաստան հրաւիրած էր մօտաւորապէս 10 անուանի տուտուկահարներ` աշխարհի զանազան երկիրներէ: Փառատօնին մասնակիցները նուագահանդէսներ ունեցան ո՛չ միայն մայրաքաղաքին մէջ, այլեւ` Գիւմրիի եւ Գաւառի մէջ:

Տեղեկացնենք, որ 17 սեպտեմբերին Յակոբ Պարոնեանի անուան դահլիճին մէջ կայացաւ նուագահանդէս, որ նուիրուած էր անուանի տուտուկահար Վաչէ Յովսէփեանի, որովհետեւ նոյն օրը արուեստագէտին ծննդեան տարեդարձն էր: Անոր յիշատակի հանդիսութեան սրտի խօսքով հանդէս եկաւ իր գործընկերը եւ ընկերը` Սերգէյ Կարապետեան:

Տուտուկի փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 18 սեպտեմբերին, որուն ընթացքին տուտուկահարներուն կը նուագակցէր Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբը` Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Նորայր Դաւթեանի ղեկավարութեամբ: Ցուցադրուած վաւերագրական ժապաւէնին մէջ արժեւորուեցան ա՛յն հայ կատարողները, որոնց ստեղծագործութիւնները կը հնչեն աշխարհահռչակ ժապաւէններու մէջ:

Նշենք, որ ելոյթ ունեցան Հայաստանէն եւ արտերկրէն եկած տուտուկահարներ: Ժողովրդական երգերու կատարումով հանդէս եկան` Գուրգէն Դաբաղեան, Եւա Թաշճեան, Հայկուհի Բաբախանեան: Նուագահանդէսի աւարտին հնչեց սփիւռքէն եկած տուտուկահարներու միացեալ խորհրդանշական կատարումը, ինչպէս նաեւ ասմունքով հանդէս եկան սուրիահայ Սարգիս Պալխեանը եւ Անուշ Նագգաշեանը:

Փառատօնի աւարտին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան հպարտութեամբ փաստեց, որ մենք` հայերս ենք տուտուկի համաշխարհային  մշակոյթին տէրը: Նախարարը կոչ ուղղեց փառաբանելու տուտուկի վարպետները, որոնց միջոցով տուտուկը համաշխարհային անուն կը վայելէ եւ կը հնչէ աշխարհի անուանի բեմերու վրայ, նաեւ` անոնց, որոնք այսօր իրենց շուրջը կը համախմբեն ա՛յն երիտասարդները, որոնք տուտուկը կը տանին դէպի յաւերժութիւն:

Դիմելով տուտուկի փառատօնին մասնակից կատարողներուն` նախարարը նշեց. «Շնորհակալ եմ, որ ընդունեցիք սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրը` միասին փառաբանելու տուտուկը: Այսպիսով, դուք դարձաք նաեւ փառատօնին հիմնադիրները բեմի մը վրայ, ուր կը  միախառնուին հայրենիքը եւ սփիւռքը»:

Նախարարը «Իմ Հայաստան» փառատօնին մասնակցութեան հաւաստագրեր եւ խորհրդանշական նուէրներ յանձնեց բոլոր մասնակցողներուն` յուսալով, որ կրկին հանդիպին 2014 թուականին ծրագրուած հերթական «Իմ Հայաստան» փառատօնին:

«ՎիվասելԷմ.Թի.Էս.»-ը` Տարուան Լաւագոյն
Գործատու
Ընկերութիւնը

«Համազգային վստահութիւն» խորհուրդը ամփոփած է «Տարուան լաւագոյն հանրային ծառայող եւ տարուան լաւագոյն ապրանքանիշ» ազգային մրցանակաբաշխութեան արդիւնքները:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը տեղեկացնէ, որ 2012 թուականի ազգային մրցանակաբաշխութեան ժամանակ, հասարակութեան վստահութեան իբրեւ արդիւնք, ընկերութիւնը ճանչցուած է «Լաւագոյն գործատու» եւ յայտարարուած է` «Տարուան լաւագոյն հանրային ծառայող եւ լաւագոյն ապրանքանիշ»:

«Համազգային վստահութիւն» խորհուրդը մնայուն կերպով արժանին կը մատուցէ տնտեսութեան եւ հանրային ծառայութեան ոլորտներուն մէջ լաւագոյնի կոչման արժանացած այն կազմակերպութիւններուն եւ հանրային ծառայողներուն, որոնք Հայաստանի մէջ ծանօթ են իրենց ձեռքբերումներով, նուիրումով եւ մարդասիրութեամբ, ինչպէս նաեւ կը խթանեն  մրցակցային դաշտի ձեւաւորման եւ կը բարձրացնեն հանրային ծառայողի վարկանիշը: Փորձագէտներու եւ հասարակութեան շրջանակներու մէջ կազմակերպուած հարցումներու իբրեւ արդիւնք` խորհուրդը «Լաւագոյն գործատու» անուանակարգին մէջ 2012 թուականին մրցանակ շնորհած է Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութեան` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ին:

Արժանաւորներուն ցուցակը համալրած «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը գնահատուած է յատկապէս հասարակութեան խոցելի խումբերուն համար Հայաստանի մէջ աշխատանքի շուկայ ստեղծելուն եւ մշակոյթի առաջամարտիկը ըլլալուն համար: Բաժանորդին գոհունակութիւնը աշխատանքի գնահատման չափանիշ դարձուցած ընկերութիւնը առաջինն է ընկերային պատասխանատուութեան ոլորտին մէջ: Ան իր աշխատակազմը համալրելու ժամանակ մերժած է խտրական մօտեցում` աշխատավայրին մէջ: Աւելի քան 1200 աշխատակիցներէն 36-ը յատուկ կարիքներով մարդիկ են:

Տեղեկացնենք, որ շուկային մէջ մրցունակ աշխատավարձ, փոխհատուցման համակարգ, առողջութեան ապահովագրութիւն առաջարկող գործատունը կ’աջակցի նաեւ աշխատակիցներու մասնագիտական որակներու կատարելագործման` հոգալով անոնց կրթութեան նիւթական փոխհատուցման հարցերը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ի սկզբանէ իր աշխատելաոճը ուղղած է երկրի տնտեսութեան զարգացման նպաստելու` համբերատար առաքինութեամբ դառնալով սեփական մարզի  գործունէութեան օրինակ` Հայաստանի մէջ: Մենք յաջողեցանք իբրեւ առաջամարտիկ` նուիրուած աշխատակազմին շնորհիւ: Վստահ ենք, որ իրական ուժը գործի հանդէպ նուիրումը եւ հաւատարմութիւնն է, իսկ այդ նուիրումը գնահատելու իրաւունքը հասարակութեան իրաւունքն է: Շնորհակալ ենք վստահութեան համար», շեշտած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Ի դէպ, նախորդ տարի ազգային այս մրցանակաբաշխութեան ժամանակ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կրկին շահած էր «Ընկերային պատասխանատուութեան ազգային փարոս» անուանակարգին մէջ:

Լոյս Տեսած Է Հայ Մեծանուն Բանաստեղծ
Վահան Տէրեանի Երկերու Ընտրանին

Կարէն եւ Սամուէլ Կարապետեաններուն նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական յատկացումով լոյս տեսած է հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի երկերու ընտրանին: «Անցած 20 տարիներուն մեր երկրին մէջ գրահրատարակչութիւնը բաւական լուրջ հարցերու առջեւ կանգնած է: Իսկ հայ դասականներուն ստեղծագործութիւնները ցաւալիօրէն չափազանց քիչ վերահրատարակուած են, եթէ աւելի խիստ չարտայայտուինք: Այդ բացը կարելի եղածին չափ լրացնելու նպատակ ունին Սամուէլ եւ Կարէն Կարապետեաններուն նախաձեռնութիւնը` ընթերցողին սեղանին վրայ դնել մեր գրականութեան հսկաներուն ստեղծագործութիւնները», 19 սեպտեմբերին կայացած շնորհահանդէսին ընթացքին նշեց Կարէն Կարապետեանի գրասենեակի ղեկավար Արտակ Ճաղարեան: Ան աւելցուց. «Կարապետեանները չափազանց կարեւոր կը համարեն մեր համազգային արժէքներուն փայփայումը, փոխանցումը սերունդներուն եւ վերջիններուս դաստիարակումը այդ արժէքներով, ինչպէս` գրականութեան միջոցով»: Ա. Ճաղարեան տեղեկացուց, որ ժողովածուէն որոշ քանակ մը ուղարկուած է Ջաւախք, անվճար օրինակներ պիտի տրամադրուին Հայաստանի, Արցախի գրադարաններուն, բանասիրական բաժանմունք ունեցող համալսարաններուն եւ բարձրագոյն հիմնարկներուն:

«Տաշիր» բարեսիրական հիմնադրամի մամլոյ ծայառութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, տէրեանական շքեղ բանաստեղծութեան անդրադարձան եւ Կարապետեաններու ընտանիքի այդ նախաձեռնութիւններուն համար շնորհակալութիւն յայտնեցին ժողովածուի խմբագիր, Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան Տաճատ Վարդապետեան, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի ղեկավար Արծրուն Աւագեան, «Վահան Տէրեան» մշակութային կեդրոնի տնօրէն, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի ղեկավար Առուշան Յակոբեան, Վահան Տէրեանին թոռը` Գրիգոր Էմին-Տէրեան, ՀԳՄ-ի հրատարակչութեան տնօրէն Բագրատ Ալեքեան:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ գեղարուեստական բաժինով: Տէրեանական հիասքանչ բանաստեղծական նմուշներ ներկայացուցին` դերասանուհի Ճուլիեթա Բաբայեան, ասմունքող Գայեանէ Սամուէլեան, երգչուհի, Ա. Սպենդիարեանի անուան երաժշտական դպրոցի սան Ճուլիեթա Ալեքսանեան եւ Երեւանի պետական երաժշտանոցի ուսանող, մեներգիչ Լիպարիտ Աւետիսեան:

Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ Մխիթարեան
Միաբանութեան
Միացեալ Ծրագիրը

Սեպտեմբեր 18-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան երեւանեան վարժարանի տեսուչ Սերովբէ վրդ. Չաբուռլեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ հայկական գրատպութեան 500-ամեակին կապակցութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան միասնաբար իրականացուող գիտաժողովին ծրագիրը, որուն ընթացքին կը նախատեսուի իրականացնել  համերգ եւ հայ գրատպութեան վերաբերող  դարերու պատմութիւն ունեցող նմուշներու  ցուցահանդէս:

Տաւուշի Մարզի Բոլոր Դպրոցները
Համակարգիչներով
Պիտի Օժտուին

Տաւուշի մարզին մէջ սկսած է լայնածաւալ ծրագիր մը, որուն ծիրին մէջ 19 քաղաքային եւ 53 համայնքային դպրոցներու պիտի նուիրուին համակարգչային ամբողջական սարքեր: Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին` Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանութեան եւ «Վարդանեաններ» ընկերութեան հետ գործակցաբար:

Ներկայ դրութեամբ Տաւուշի մարզին մէջ գործող 82 հանրակրթական եւ հիմնական դպրոցներէն միայն տասն ունին բաւարար թիւով համակարգիչներ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան 18 սեպտեմբերին յայտնած է, որ այս հարցին լուծման նպատակով հոկտեմբեր 2011-ին Հնդկաստանի կառավարութեան հետ կնքուած է յուշագիր մը` Տաւուշի մարզի դպրոցներուն համակարգչային սարքերու տրամադրման մասին: Հիմնադրամը նախապէս լուծած է նաեւ ուսուցիչներու վերապատրաստման հարցերը:

Հնդկաստանի կառավարութեան հովանաւորութեամբ 72 դպրոցներու պիտի յատկացուին 550 համակարգիչ եւ 72 տպիչ: Իսկ համակարգիչներու տեղադրման եւ համացանցային կապի ապահովման նպատակով Հայաստան պիտի մեկնին հնդիկ մասնագէտներ: Մինչեւ սեպտեմբերի աւարտը` այդ նպատակով երկու խումբ պիտի գայ Հայաստան:

«Այս երկրորդ ծրագիրն է, որ հիմնադրամը կ’իրականացնէ Հնդկաստանի կառավարութեան հետ միատեղ: Առաջին ծրագրի շրջանակներուն մէջ 2 տարի առաջ հիմնովին վերանորոգուեցաւ Լոռիի մարզի Արծնի գիւղին դպրոցը: Նաեւ տեղեկացնեմ, որ այս մեր վերջին ծրագիրը չէ: Արդէն հնդկական կողմին հետ սկսած ենք բանակցելու երրորդ ծրագրի մը մասին:  Հնդկաստանի կառավարութեան հետ ներկայիս կը քննարկենք այլ մեծածաւալ ծրագիր մը, որուն մասին տեղեկութիւններ հաղորդելը դեռ կանուխ է», նշած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:

Յայտնենք, որ Տաւուշի մարզի հանրակրթական դպրոցներու համակարգչային դասարաններու կահաւորումը հովանաւորուած է «Վարդանեաններ» ընկերութեան կողմէ` յանձինս հիմնադրամի բարերար Միքայէլ Վարդանեանի:

Իսկ ծրագրին իբրեւ արդիւնք` 16 հազար 183 աշակերտներ պիտի կարենան համակարգչային պատշաճ գիտելիքներով զինուիլ:

Պատրաստեց՝
ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )