Գոհար Դէպի Արեւադարձային Երկիրներ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Երգ սիրեցէք կեանքից, գինուց աւելի
Առանց երգի, վիշտն աշխարհը կ՛աւերի:
Երգին ուժը հաստատած են իմաստուն անձեր, բանաստեղծներ: Հայ ժողովուրդը գիտէ այս ճշմարտութիւնը: Երգը կ՛ոգեւորէ, կը քաջալերէ յուսալքուածը, կը զօրացնէ զայն յառաջդիմելու: Սգաւոր անձին վիշտը կը մեղմացնէ, կը սփոփէ: Ռազմի գացող զինուորին ուժ կը ներշնչէ` յաղթանակի հաւատքը սրտին: Հոգին ազնուացնող հրաշալի բալասանն է երգը, մասնաւորաբար` հոգեւոր երգը, վկայ` մեր շարականները, մեր «Հրաշափառ»-ները:
«Չարերը երգ չունին» իմաստուն խօսքը ծանօթ է բոլորիս: Հայ ժողովուրդը ունեցած է բարիին պաշտամունքը, դարեր շարունակ: Մեր երաժիշտները, երգահանները յօրինած են սիրտը զօրացնող, հոգին ազնուացնող երգեր: Միայն այս չէ. երգը նաեւ հայոց պատմութիւն է, սէրը պանծացնելու զօրութիւն է, միասնութիւն, համերաշխութիւն ներշնչելու յորդոր է: Իւրաքանչիւր անձի ներաշխարհին մէջ խլրտացող տենչ մըն է երգը:
Մեր յիշած (եւ չյիշած) կենարար յատկանիշներուն հաւատալով, ճամբայ ելած են Խաչատուրեան եղբայրները` ստեղծելով ԳՈՀԱՐ երգի ու երաժշտութեան համոյթը` առանց մոռնալու հայկական պարին ներգործօն դերը:
Հայաստանի մէջ ստեղծուած, յատկապէս Գիւմրիի երաժիշտները համախմբած, հարիւրաւոր երգիչներու եւ նուագողներու հայադրոշմ արուեստը շաղախած ԳՈՀԱՐ-ը աւելի քան 15 տարիներէ ի վեր հաստատած է իր ներկայութիւնը` իր ձայնը լսելի դարձնելով ոչ միայն մեր հայրենիքին, այլեւ համայն սփիւռքի մէջ:
Յանդուգն եւ հաւատքի դրսեւորում արտայայտող այս նախաձեռնութեան երաժշտական-գեղարուեստական ղեկը յանձնուած է արուեստագէտի խմորով շաղուած անձնաւորութեան մը, որ կը կոչուի Սեպուհ Աբգարեան: Ան ոչ միայն երաժիշտ մըն է, այլեւ` դասական երգի վարպետ, երգահան, խմբավար, գեղանկարիչ, հաղորդավար: Երաժշտութեան բաղկացուցիչ տարրերը ընդգրկած միաձոյլ արուեստագէտ մը, յանձնառու` նոյն ատեն:
Հայկական ժողովրդային թէ հոգեւոր, դասական ու մեր ժողովուրդէն գնահատուած ու սիրուած երգերու հարուստ երգացանկ ունի ԳՈՀԱՐ-ը: Իգական եւ արական հիասքանչ ձայներու գունագեղ փունջ մը, որ ամէն տարի յատուկ երգահանդէսներով կը ներկայացուի մեր ժողովուրդին:
Անցնող 15 եւ աւելի տարիներու ընթացքին ԳՈՀԱՐ երգահանդէսներով շրջագայեցաւ սփիւռքի հայաշատ գաղութներուն մէջ: Լիբանան (բազմիցս, նաեւ` իր ԳՈՀԱՐԱՓԱՅԼով), Սուրիա (Հալէպ, Դամասկոս), Կիպրոս, Մոսկուա, Պոլիս, Միացեալ Նահանգներու ութը նահանգները: Իւրաքանչիւր համերգային ներկայացում` քանի մը անգամ կրկնուած:
2012-ի հոկտեմբերի Մշակոյթի ամսուան ընթացքին ԳՈՀԱՐ ճամբայ պիտի ելլէ դէպի արեւադարձային երկիրներ` Պրազիլ, Արժանթին, Ուրուկուէյ, յիշեալ երկիրներու մայրաքաղաքներ` Պուէնոս Այրես, Սան Փաուլօ, Մոնթեվիտէօ եւ Քորտոպա:
Այս գաղութները կարօտը ունին հայ երգին, հայրենիքէն լսուած երգերուն: Համոյթը կը բաղկանայ 178 անդամներէ. երգչուհիներ, երգիչներ, մեներգողներ, նուագողներ, անշուշտ` պարողներ, գեղարուեստական ղեկավարներ, խմբավար` Սեպուհ Աբգարեան:
Յիշեալ գաղութները աննախընթաց երջանկութիւն պիտի զգան այս այցելութեամբ: Յարութ Խաչատուրեան, համոյթին տէրն ու պաշտպանը, հայ երգին փառաւորումը յաւերժացնելու յանձնառութիւնը ստանձնած այս ազնուասիրտ հայորդին պաշտպանն է նաեւ հայ գիրքին, երգարաններու: Մեզի ծանօթ են անցնող տարեշրջանին իր սարքած գիրքերու, երգարաններու եւ գորգերու, արուեստի իրերու գրատուն-թանգարանը, լոյս ընծայած հայերէն երգարանը` նոթագրական էջերով եւ յատուկ խտասալիկով, որմէ օրինակ մը նուէր ստացանք յիշեալ գրատան բացման հանդիսութեան:
ԳՈՀԱՐ-ին արտասահմանեան ներկայացումներուն ներկայ կը գտնուի մայր Գոհար Խաչատուրեան, որուն անուան ձօնուած է համոյթը: Ան կ՛ըսէ. «Կը հաւատամ, որ աստուածահաճոյ գործ մըն է զաւակներուս նուիրումը հայ երգին ու հայ արուեստին»: Իրաւամբ` աստուածահաճոյ նախաձեռնութիւն մը, որուն նմանը կրնայ իրագործել միայն երկրի մը մշակութային նախարարութիւնը…
Խաչատուրեան եղբարք իրագործեցին պատմութեան էջերուն յանձնուած յաւերժ յիշատակելի ձեռնարկ մը` օգտակար հանդիսանալով մեր հայրենի արուեստագէտներուն, զանոնք քաջալերելով նիւթապէս եւ բարոյապէս, արժանանալով համայն հայութեան հիացումին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանրապետական բարձրագոյն շքանշաններու արժանացուցած է Խաչատուրեան եղբայրները: «Պատիւս արժանաւորաց», կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը:
«Ազդակ» բարի երթ եւ յաջող գործունէութիւն կը մաղթէ ԳՈՀԱՐ-ին, դէպի արեւադարձային երկիրներ այցելութեան ճանապարհին:

