Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Աբխազիա – Արցախ` 1-1

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ Աբխազիա հիւրընկալեց Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը: Երկու կազմերը իրարմէ բաժնուեցան 1-1 արդիւնքով: Թէեւ հիւրընկալ կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն հայ ֆութպոլիստները յաջողեցան հաւասարեցնել արդիւնքը` շնորհիւ Անդրանիկ Սահակեանի նշանակած կոլին:

Նշենք, որ երկու խումբերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 22 հոկտեմբերին` Ստեփանակերտի մէջ:

Արցախի հաւաքականը վերջերս ձեւաւորուեցաւ այժմու մարզիչ Մհեր Աւանէսեանի կողմէ:

Նշենք, որ Արցախի հաւաքականին հետ Աբխազիա մեկնեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներ եւ պատգամաւորներ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )