Կռփամարտ. Վիթալի Քլիչքօ Վերջ Դրաւ Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին
Ծանր կշիռքի ուքրանացի կռփամարտիկ Վիթալի Քլիչքօ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտարարեց, որ կը լքէ իր արհեստավարժ ասպարէզը:
«Բոլոր համակիրներուս կու գամ ըսելու, որ իրենք տակաւին շատ պիտի լսեն Ուքրանիոյ քայլերգին ձայնը եւ անոր դրօշակին բարձրացումը, որովհետեւ անոնք ունին եղբայրս` Վլատիմիրը, որ մրցասպարէզ դուրս գալով պիտի շարունակէ գործս: Ան ինձմէ աւելի երիտասարդ ըլլալով` կրնայ շատ աւելի տիտղոսներու տիրանալ», PanArmenian.Net կը մէջբերէ անոր խօսքերը:
Վիթալի Քլիչքօ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կատարած է 47 ճակատում` արձանագրելով 45 յաղթանակ:
CATEGORIES Մարզական

