Ճատրակ Կրան Շլեմի. «Մասթըրզ»-ի Մրցաշարք. Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ

Լեւոն Արոնեան (աջին)

Սան Փաուլոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցող ճատրակի կրան շլեմի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան յաղթանակով սկսաւ, երբ Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին ճերմակ քարերով պարտութեան մատնեց Սերկէյ Քարժաքինը:

Երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Անանտը եւ Վալեխոն, աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, մինչ երրորդ եւ վերջին մրցումին, Մակնիւս Քարլսըն անակնկալօրէն պարտութիւն մը կրեց Ֆապիանօ Քարաուանայէն:

2-րդ հանգրուանին Արոնեան սեւ քարերով պիտի մրցի Անանտի դէմ:

Այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ երկու հանգրուանով: Առաջինը (հինգ հանգրուան), տեղի պիտի ունենայ 24-29 սեպտեմբերին` Սան Փաուլոյի մէջ (Պրազիլ), իսկ երկրորդը (դարձեալ հինգ հանգրուան) 8-13 հոկտեմբերին` Պիլպաոյի մէջ (Սպանիա):

Share this Article
CATEGORIES