Սապունճեան Այցելեց Շեքքա

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Շեքքա, ուր այցելեց շրջանի գործարանները եւ Շեքքայի քաղաքապետարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ գործատէրերուն եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն հետ ու անոնցմէ տեղեկացաւ իրենց դիմագրաւած հարցերուն մասին:

Իր այցելութիւններուն ընթացքին Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ ճարտարարուեստի մարզին աշխատանքը հաստատ պահելու նախանձախնդրութենէն մեկնելով եւ ճարտարարուեստի նախարարութեան պնդումներով, կառավարութիւնը տուաւ որոշում մը, որուն հիման վրայ ան խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ ալիւմինիոմի ճարտարարուեստին:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ լիբանանեան արտադրութիւնները որակաւոր են` աւելցնելով սակայն, որ անոնց որակը աւելի եւս բարելաւելու իմաստով պէտք է ոչ մէկ ճիգ խնայել:

Ան նշեց, որ նախարարութիւնը կը ջանայ լիբանանցի սպառողին եւ իր երկրին արտադրութեան միջեւ վստահութիւնը ամրապնդել:

Վ. Սապունճեան յայտնեց նաեւ, որ նախարարութիւնը կ՛օժանդակէ նաեւ լիբանանեան արտադրութիւնը միջազգային ցուցահանդէսներուն ներկայացնելու` այդ ցուցահանդէսներուն մասնակցելու շրջագիծին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ նախարարութիւնը նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ լիբանանեան զանազան գործարաններուն, որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը բերեն այդ ցուցահանդէսներուն:

Նշենք, որ նախարար Սապունճեան այցելեց Սալաաթայի «Քֆուրի» մետաղի գործարանը, շինանիւթի «Հոլսիմ» գործարանը, Պաթրունի սիմենթի յատուկ գործարանները, ինչպէս նաեւ շաքարի զտման գործարանը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )