Զօր. Աուն. «Ժողովրդականութիւն Ունիմ Եւ Զայն Ձեռք Բերելու Նպատակով Իմ Անձիս Դէմ Մահափորձի Լուր Մը Տարածելու Կարիք Չունիմ»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ իր դէմ մահափորձ մը կատարուած է` աւելցնելով, որ ոմանց կողմէ, նախքան հետաքննութեան աւարտը, այդ դէպքին ժխտումը ամօթալի է:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք ժողովրդականութիւն ունի եւ այդ նպատակով իր անձին դէմ մահափորձի մը լուրը տարածելու կարիք չունի: Ան նշեց, որ այդ մօտեցումը լկտիութիւն է:
Անդրադառնալով յառաջիկայ շաբաթավերջին Ժիպէյլ կատարելիք իր այցելութեան եւ այն սպառնալիքներուն, թէ նախկին երեսփոխան մը պիտի արգիլէ զայն այդ այցելութիւնը կատարելէ` զօր. Աուն ըսաւ, որ այդ սպառնալիքը մերժելի է: «Մենք պիտի անցնինք լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայէն եւ հանդիպումներ պիտի ունենանք անոնց հետ, որոնք կը հիւրընկալեն մեզ», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն նշեց, որ ինք այս սպառնալիքները կը դնէ բանակի գաղտնի սպասարկութեան տրամադրութեան տակ:
Զօր. Աուն անդրադարձաւ Ղպէյրիի միջադէպին` շեշտելով, որ անիկա ցաւալի է. ան խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ յարձակումները եւ ցաւակցութիւն յայտնեց գնդապետ-զօրավար Ապպաս Ժումաայի ընտանիքին` շեշտելով, որ բանակը մնայուն կերպով նահատակներ կը մատուցէ հայրենիքին:
ՆՇԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ զօր. Աունի դէմ գործուած մահափորձը բաւական վտանգաւոր կը նկատուի` աւելցնելով, որ շքախումբը թիրախ դարձնելու ձեւը ցոյց կու տայ, որ անիկա սպանութեան նպատակով եղած է:


