Պըրրի Ընդունեց Ապատին

Սաֆատի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ժապաւէնը, որ խստիւ դատապարտուեցաւ Պըրրիի եւ Ապատիի կողմէ:

Անոնք շեշտեցին նաեւ, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ աշխարհները պէտք է շարունակեն իրենց միջեւ երկխօսութիւնը, որպէսզի արգիլեն սրբութիւններուն եւ կրօններուն դէմ նման որեւէ դաւադրութեան պատրաստութիւնը:

Պըրրի ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Էլի Սքաֆը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին եւ Պեքաայի բանտերուն վերաբերող հարցեր:

Խորհրդարանի նախագահին այցելուներէն եղաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի:

Միւս կողմէ, Պըրրի նամակ մը ստացաւ Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանէն, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ առեւանգուած քուէյթցի քաղաքացի Իսամ Հութին ազատ արձակելու առնչութեամբ Պըրրիի թափած ջանքերուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES