Սուրիոյ Մէջ Անգործութիւնն Ու Տնտեսական Տագնապը Մտահոգիչ Տարողութեան Հասած Են

Ժիրայր Ռէյիսեան

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռեյիսեան երէկ հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու հետ, որոնց տեղեկացուցած է Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին` յատկապէս հալէպահայերու առօրեային առնչուող: Ան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ  Հալէպի կարգ մը թաղամասերուն մէջ կրկին կրակոցները եւ բախումները շարունակուած են, կառավարական ուժերը փորձած են նահանջի մատնել ընդդիմադիրները: «Հայաշատ Նոր Գիւղի շրջանին մէջ նիւթական մեծ վնասներ կրած են հայապատկան տարբեր շինութիւններ եւ հաստատութիւններ, սակայն, բարեբախտաբար, մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած», նշած է Ռէյիսեան:

Անոր համաձայն, հայկական դպրոցները կը շարունակեն փակ մնալ, թէեւ դպրոցներու տնօրէնները եւ ուսուցիչները արդէն կազմակերպչական աշխատանքներ կը տանին: Միայն աւարտական դասարաններու աշակերտներուն համար, որոնք համալսարան մտնելու սեմին կը գտնուին, աւելի ապահով վայրերու մէջ արդէն դասընթացքներ կը տրուին: Ռէյիսեան յոյս յայտնած է, որ անախորժ անակնկալներ եւ նորանոր բարդութիւններ չարձանագրուելու պարագային հոկտեմբերի սկիզբը հայկական դպրոցները պիտի բանան իրենց դռները:

Հալէպի մէջ իրենց դռները բացած են միայն Լազար Նաճարեան, Գալուստ Կիւլպենկեան, Կրթասիրաց եւ Բեթէլ վարժարանները, մնացեալ հայկական վարժարանները առայժմ կը մնան փակ:

Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տարածքը տակաւին կը նկատուի վտանգաւոր գօտի, ուստի 12-րդ կարգի աշակերտները միայն իրենց վերամուտը սկսած են այլ կեդրոնի մը մէջ:

Ան նաեւ նշած է, որ նախորդ հանգրուանին առաւել ապահով վայրեր տեղափոխուած տղոցմէ ոմանք կը վերադառնան իրենց տուները, սակայն ընտանիքները տակաւին չեն գար: Անդրադառնալով Հալէպի ընդհանուր իրավիճակին` Ռէյիսեան յայտնած է, որ տնտեսական ծանր իրավիճակ ստեղծուած է, բազմաթիւ հաստատութիւններ փակուած են եւ անգործներուն թիւը բարձրացած է:

Միւս կողմէ, կացութիւնը նոյնը չէ Դամասկոսի, Գամիշլիի, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ մէջ, ուր հայկական վարժարանները արդէն սկսած են գործել: Նկատի առնելով, որ մայրաքաղաքին մէջ իրավիճակը աւելի խաղաղ է, տեղւոյն չորս հայկական վարժարանները իրենց դռները բացած են հայ աշակերտութեան դիմաց:

Նշենք, որ Սուրիոյ տարածքին կան մօտ 38 հայկական ամէնօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններ:

ժիրայր Ռէյիսեան զրուցած է նաեւ Tert.am-ի թղթակիցին հետ ու նշած է, որ թէեւ մարտական գործողութիւնները Հալէպի հայկական թաղամասերէն հեռու են, սակայն առկայ հիմնական դժուարութիւնները այժմ տնտեսական ու ընկերային են:

Անդրադառնալով առկայ նիւթական վնասներուն եւ շրջան ընող այն տեղեկութիւններուն, թէ վնասներ կրած են նաեւ հայկական եկեղեցիները` Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ պէտք չէ մասնաւորեցնել զանոնք եւ առանձնացնելով հայկական շինութիւնները` զանոնք «խոշորացոյցի տակ առնել»:

«Կան շէնքեր, որոնք լրիւ քանդուած են, մզկիթներ, որոնք քանդուած են, իսկ եթէ եկեղեցւոյ մը զանգակատան քարերէն մէկը շարժած է, ատիկա հարց չէ», յայտնած է ան:

Անոր համաձայն, առաւել վտանգաւոր են այն շրջանները, ուր տեղակայուած են արձակազէնները: Անոնց փամփուշտները կրնան վնաս հասցնել, բայց մարդիկ կը զգուշանան եւ կը խուսափին այդ փողոցներուն մէջ երթեւեկելէ:

Անդրադառնալով Հալէպի մէջ առկայ ջուրի խնդիրին եւ պարբերաբար ելեկտրականութեան ընդհատումներուն` առաջնորդարանի բանբերը նշած է, որ կառավարութիւնը կարելին կ՛ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու: Ջրամատակարարումը արդէն վերականգնուած է, իսկ ելեկտրականութիւնը որոշ ընդհատումներով կը տրուի:

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ` «Ազդակ»-ի
Թղթակիցին Հաղորդումով

Երէկ երեկոյեան Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ ըստ սուրիական աղբիւրներու, Սուրիական ազատ բանակը իր պատասխանատուութիւնը յայտարարեց Դամասկոսի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ «Պաղեստինի անվտանգութեան» շէնքի կողքին գտնուող «Նահատակներու զաւակներ»-ու դպրոցին մէջ տեղի ունեցած պայթումին համար, որ տեղի ունեցաւ երէկ առաւօտ. վիրաւորուեցան քանի մը քաղաքացիներ եւ հրդեհին պատճառով շէնքը կրեց նիւթական վնասներ:

Իսկ երեկոյեան «Զահիրա» շրջանին մէջ ինքնաշարժի պայթումի պատճառով զոհուեցան քանի մը քաղաքացիներ:

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կ՛աւելցնէ. «Նման իրավիճակ կը տիրէ, մինչ Դամասկոս մայրաքաղաքի բոլոր շրջանները եւ ճամբաները ապահովական խիստ միջոցառումներու կ՛ենթարկուին»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )