Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան խումբ մը անդամներու հետ` ատենապետ Վիքի Մարաշլեանի գլխաւորութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքին եւ հեռանկարներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Հիւրերը երկրի ղեկավարին վստահեցուցին, որ պատրաստ են ընդլայնելու Արցախի մէջ իրենց գործունէութիւնը:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց տարիներ շարունակ ՀՕՄ-ի կողմէ Արցախի մէջ կատարուած աշխատանքները` զանոնք գնահատելով իբրեւ հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորում:
Հանդիպման կը մասնակցէր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:
Միւս կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը` Վասիլի Աթաջանեանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ նախագահի մնայուն ներկայացուցիչ նշանակելու մասին:

