2015-ի Ճատրակի Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան Առաջադրեց Իր Թեկնածութիւնը

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայէն` PanArmenian.Net-ի թղթակիցը կը նշէ, որ Հայաստան իր թեկնածութիւնը առաջադրած է հիւրընկալելու 2015-ի ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը:

Ըստ ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքէջին, կը ծրագրուի աշխարհի ախոյեանութիւնը կայացնել 5-20 յունուար 2015-ին:

Տեղին է նշել, որ Ճատրակի միջազգային ողիմպիականի եռակի ախոյեան Հայաստանի տղոց հաւաքականը աշխարհի այժմու ախոյեանն է:

Նշենք նաեւ, որ Երեւան պիտի հիւրընկալէ Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 2014-ին:

Share this Article
CATEGORIES