Յակոբ Տոնոյեանի Անուան Հայաստանի Գերբաժակի Մրցաշարք. Միքա Տիրացաւ Տիտղոսին

Հայաստանի ֆութպոլի Յակոբ Տոնոյեանի անուան գերբաժակի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Միքա եւ Ուլիս ամբողջ 120 վայրկեան չյաջողեցան կոլ նշանակել:

Ի վերջոյ դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն, եւ Միքա յաջողեցաւ 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրանալ տիտղոսին:

Նշենք, որ Միքա Երեւան իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:

 

Share this Article
CATEGORIES