Վոլիպոլ. Ժան Համմամ Վերադարձաւ Պէյրութ
Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբերին, Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ` Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Վոլիպոլի միջազգային ֆետերասիոնին տարեկան համագումարին:
Նշենք, որ ան հոն ներկայացուց Լիբանանը եւ Սուրիան:
Այս համագումարին Վոլիպոլի միջազգային ֆետերասիոնի նոր նախագահ ընտրուեցաւ պրազիլցի Արի Կրասա, որ 204 ձայներէն ապահովեց 103 ձայն: Անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` ամերիկացի Տակ Պիլ ապահովեց 86 ձայն, իսկ աւստրալիացի Քրիսթաֆըր` 15 ձայն:
Այլ գետնի վրայ, Համմամ Միացեալ Նահանգներու մէջ յատուկ հանդիպումներ եւ ժողովներ կատարեց ասիական եւ արաբական ֆետերասիոններու նախագահներուն հետ` անոնց եւ Լիբանանի միջեւ փոխյարաբերութիւնները միշտ դրական ձեւով շարունակելու համար:
CATEGORIES Մարզական


