Յառաջիկայ 9 Հոկտեմբերին Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս` Լիբանանի Ֆութպոլի Համակիրներուն Հարցին Շուրջ

Իր տեսակին մէջ յատուկ եւ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը եւ ծանուցումի «Մութթահետ» ընկերութիւնը յառաջիկայ 9 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 15:30-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կու տան յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն գլխաւոր նպատակն է Լիբանանի ֆութպոլի համակիրները վերադարձնել դաշտերը:

Այս մամլոյ ասուլիսը, որուն անուն տրուեցաւ «համակիրներուն աղմուկը եւ… դաշտերուն ուրախութիւնը», տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի եւ գործակցութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին:

Ըստ կազմակերպիչներուն, նախարար Քարամէ այժմէն իսկ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է անոր ներկայ գտնուելու եւ արտասանելու իր խօսքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )