Հարցազրոյց` Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Տնօրէնին Հետ. «Մենք Պարտաւոր Ենք Մեր Արժէքները Պահել, Պայքարիլ Աշխարհի Նոր Դրուածքին Դէմ` Պահելով Մեր Պատկանելիութիւնը Եւ ազգային Գիտակցութիւնը» Շեշտեց Յովիկ Պերթիզլեան

Կրթական վերամուտին առիթով կրթական պատասխանատուներու հետ կատարուած հարցազրոյցներու ծիրին մէջ վերջերս  «Վանայ  ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն Յովիկ  Պերթիզլեանին հետ:

Ստորեւ` հարցազրոյցին հիմնական մասերը.-

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Առաջին հերթին անդրադառնանք 2011-2012-ի տարեշրջանի աշխատանքներուն: Ձեզի համար ինչպիսի՞ տարեշրջան մըն էր:

ՅՈՎԻԿ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ.- Անցնող կրթական տարեշրջանը շատ բնական տարեշրջան մըն էր, արդիւնաւէտ, ոչ մէկ խանգարող հանգամանք խոչընդոտեց մեր աշխատանքը: Գիտէք`  Լիբանանի մէջ յաճախ կը պատահէին, մինչեւ հիմա ալ կը պատահին, վաղն ալ կրնան պատահիլ` կրթական տարեշրջանը խանգարող երեւոյթներ, քաղաքական, ապահովական եւ այլն: Բայց անցնող տարեշրջանին մենք գրեթէ նշանակալի նման հարցեր չդիմագրաւեցինք եւ շատ բնական տարի մը ամբողջացուցինք կրթական իմաստով, արդիւնքներով, տարեվերջի հանդէսով եւ հասանք բնականոն արձակուրդի: Մինչեւ հիմա բնականոն կը շարունակենք մեր ընթացքը եւ արդէն սկսած ենք նախապատրաստուիլ յառաջիկայ տարեշրջանին:

«Վ. Ձ.».- Վերամուտի աշխատանքները ի՞նչ ընթացքի մէջ են:

Յ. Պ.-  Նախ ըսեմ, որ վերամուտի աշխատանքները յուլիս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն ընդհանրապէս նախապատրաստական բնոյթ կը կրեն  դպրոցին մէջ` նորոգութիւնները, բարեփոխումները, կազմածներու փոփոխութիւնը, նոր սարքերու տեղադրումը եւ այլն:  Բնականաբար նաեւ  ուսուցիչներ  իրե՛նք կը սկսին նախապատրաստուիլ, իրենց տարեկան կրթական ծրագիրը կը  վերամշակեն, նոր դասագիրքերու, եթէ կան, կը ծանօթանան, մանկապարտէզը իր սարքաւորումները կը տեղադրէ եւ այլն:

«Վ. Ձ.».- Երկրի տնտեսական պայմաններուն պատճառով ամէն ինչ կը սղի երկրին մէջ, այլ տնօրէնութիւններ իրենց դպրոցական կրթաթոշակներուն վրայ որոշ յաւելում արձանագրած են, իսկ ձեր դպրոցի պարագայի՞ն:

Յ. Պ.- Տնտեսական տագնապը մենք միշտ նկատի ունինք: Մենք քանի որ ծխական դպրոց ենք, շատ լաւ կը ճանչնանք մեր շրջապատը, մենք կը փորձենք բոլորին օգտակար ըլլալ, որքան որ պէտք է իրենց` ծնողներուն: Բնականաբար մենք չենք ուզեր մեր ծնողները վարժեցնել այսպէս` դպրոցին նկատմամբ նիւթական իրենց պատասխանատուութիւնը չկատարելու: Բայց բնականաբար դպրոցը ունի իր ծախսերը, որոնց մէկ մասը մենք կը հոգանք ծնողներէն գանձուած դրամով, եւ ըսեմ, որ բաւական խորհրդանշական բաժին մըն է ատիկա: Մնացեալը բարեսիրական կազմակերպութիւններու կրթանպաստներով կը գոյացնենք: Ազգային վարժարաններու պարագային, Ազգային իշխանութիւնները, Ազգային առաջնորդարանը այդ նիւթական ծանրութեան հիմնական բեռը իրենց ուսերուն շալկած են: Մենք այդ ձեւով է, որ օգտակար կրնանք ըլլալ մեր ծնողներուն: Մենք ձրիավարժութեան չենք վարժեցներ մեր ծնողները, այդ հոգեբանութիւնը չենք մտցներ անոնց մէջ, կը պահանջենք, որ գոնէ խորհրդանշական գումարներ վճարեն դպրոցին, բայց նաեւ հասկնալով իրավիճակը` մենք կը փորձենք օգտակար ըլլալ անոնց, յատկապէս` համեստ խաւին, մենք առաւելագոյն օգտակարութիւնը կ՛ուզենք ցոյց տալ: Բայց մէկ բան կրնամ ըսել, որ մինչեւ այսօր, հայկական մեր իրականութեան մէջ, չեմ կարծեր, որ աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը հայ աշակերտ մը դպրոց ուզած է երթալ եւ չէ կրցած` նիւթականի չգոյութեան պատճառով: Ուրիշ պատճառներ կրնան ըլլալ, կրնան յաճախ ծնողներ շատ դիւրին պատճառաբանութիւն տալ, որ դրամի պատճառով դուրս մնացած են, բայց վստահ եղէք, որ այդպէս չէ եղած, չի ալ կրնար ըլլալ:

«Վ. Ձ.».- Խօսինք այսօրուան կրթական ծրագրին մասին, ամէն տարի փոփոխութեան կ՛ենթարկուի՞ ձեր կրթական ծրագիրը:

Յ. Պ.- Էական փոփոխութիւն չի կրեր ծրագիրը, բնականաբար տարիներու ընթացքին մշակուած ծրագիր է` յարմարեցուած պետական ծրագրին, բայց հիմնական շեշտը նաեւ հայեցի կրթութեան վրայ կը դրուի մեր դպրոցներուն մէջ, այլապէս մեր դպրոցները իրենց նպատակին չեն ծառայեր, կամ մենք այդքան ծախսի բեռան տակ չէինք մտներ:  Մենք այսօր, 80-90 տարիէ ի վեր յաջողած ենք այնպէս մը ընել այս գաղութին մէջ, որ պետականը եւ հայկականը զուգահեռ ընթանան, զիրար չխանգարեն, մէկը միւսին չզիջի: Յաջողած ենք մինչեւ այսօր, հետեւաբար պատճառ ալ չկայ, որ ապագային չյաջողինք: Հիմնական փոփոխութիւններ չեն ըլլար ծրագրին մէջ, բայց ուսուցչական, տնօրէններու հետ ժողովներու ընթացքին կամ Ուսումնական խորհուրդին հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկումներ կը կատարուին ծրագիրներու բարեփոխումներու գծով, ոչ անպայման ամբողջական փոփոխութեան համար. օրինակ` այդ բարեփոխութիւններու կարգին է աւելի լաւ դասագիրքեր ձեռք ձգելը, որովհետեւ միշտ նոր դասագիրքեր կան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի օտար լեզուներուն, գիտութեան, ուսողութեան եւ այլն: Յետոյ,  բնականաբար, մենք կը վերամշակենք  եւ միշտ փոփոխութիւն կը մտցնենք նաեւ հայերէն դասագիրքերու մէջ: Մենք հայերէն դասագիրքեր պատրաստեցինք եւրոպական մակարդակով` գործակցելով «Հաշեթ»-ի կամ եւրոպական այլ  հրատարակչատուներու հետ, իրենց գիրքերը թարգմանեցինք հայերէնի, մաքուր, շատ որակաւոր արեւմտահայերէնի, շատ լաւ հրատարակութեամբ, իրե՛նց հսկողութեամբ, իրենց մակարդակով, կարծէք` եւրոպական դպրոցի համար են:  Հայոց պատմութեան դասագիրքեր հրատարակեցինք մինչեւ 7-րդ դասարան, ու հոն ծրագիրը փոքր բարեփոխում կրեց, օրինակ` եթէ 6-րդ-ին կ՛ուսուցանուէր  Կիլիկիա, մինչեւ  1920 յետցեղասպանութեան, սփիւռքի գոյացման տարիները, այդ վերջին տարիներու, վերջին 100-200 տարուան պատմութիւնը փոխադրեցինք 7-րդ դասարան, որովհետեւ քաղաքական որոշ հասունութիւն կամ աւելի ճիշդը` կազմաւորո՛ւմ կը սկսի  աշակերտին մօտ: Ես անձնապէս կը դասաւանդէի այդ բաժինը, եւ աշակերտներ մեծ հետաքրքրութեամբ  մտիկ կ՛ընէին եւ կը վերլուծէին: Հիմա վերմշակուած հայոց պատմութեան գիրքը բաւական  ներկայանալի է:

«Վ. Ձ.».- Որպէս տնօրէն` որքանո՞վ զգուշ էք ձեր ուսուցչական կազմին կամ պաշտօնէութեան հետ, որպէսզի իրենց դասաւանդման ընթացքին  իրենց լաւագոյնը տան կամ ճիշդ ձեւով փոխանցեն աշակերտներուն:

Յ. Պ.- Փորձառու տնօրէններ ընդհանրապէս կը նախընտրեն աշխատիլ փորձառու ուսուցիչներու հետ, շատ արագ կը ճանչնան ուսուցիչը եւ կը խուսափին անպայման նոր ուսուցիչ ունենալէ, որովհետեւ փորձառութիւն ձեռք ձգելը ժամանակի կը կարօտի: Իմ պարագայիս, օրինակի համար, Ազգային Սրբոց  Քառասնից  Մանկանց վարժարանի ուսուցիչները փորձառու ուսուցիչներ են, բոլորն ալ համալսարանաւարտ  են, իրենց մասնագիտութեան տէրն են` մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարան, իրենց աշխատանքին արդիւնքը տեսնելով` ոչ միայն ես գոհ եմ, ծնողներն ալ  գոհ են:  Մեր աշակերտներուն 90-95 առ հարիւր համեմատութիւնը Քառասնից  Մանկանց վարժարանէն ելլելով` կ՛անցնի  Ազգային  Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, ուր լաւագոյն աշակերտներուն կարգին են մեր աշակերտները, յատկապէս` անցնող 10-15 տարիներուն, անոնք լաւագոյններն են ու մրցանակներու արժանացած են: Ասիկա միշտ մեզի հպարտութիւն կը պատճառէ, եւ ուրախ ենք` թէ՛ ծնողներուն, թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ՛ ազգային վարժարանի յաջողութեան համար:

«Վ. Ձ.».- Իսկ երբ կ՛ըսենք` դպրոցներու մէջ նորութիւններ մտցնել, նոր սարքաւորումով օժտել, ինչ որ մանկապարտէզին համար կարեւոր է, նոյնքան էական է նաեւ նախակրթարանին համար: Որքանո՞վ ճիգ կը թափէք պահելու դպրոցին ինքնութիւնը, բայց նաեւ` քայլ պահելու նորութեան հետ:

Յ. Պ.- Այո՛, հակառակ այդ բոլորին ծախսատար ըլլալուն` մենք ամէն տարի այդ նորութիւնները  կը մտցնենք, որովհետեւ պարտաւոր ենք քայլ պահելու նորութեան հետ:  Մենք իրաւունք չունինք ըսելու, որ մեր աշակերտները համեստ խաւի աշակերտներ են, հետեւաբար պէտք է զրկուած ըլլան այդ բոլորէն: Ատիկա իմ անձնական սկզբունքիս դէմ է, որովհետեւ ազգ պահող, գաղութ պահող մարդիկը  այս վարժարաններէն եկած են, այնպէս որ, անոնց ամբողջական իրաւունքն է` օժտուիլ  բոլոր սարքաւորումներով ու բոլոր միջոցներով լաւագոյն կրթութիւն ստանալ: Ես յոյս չունիմ, որ օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտները կրնան վաղը մեր գաղութը եւ ազգը պահել: Մեր դպրոցները յաճախող ա՛յս տղաքն են, մեր այս համեստ տղաքն են, որոնք մեր ակումբները պիտի լեցնեն, խճողեն, մշակութային, մարզական մեր միութիւնները պիտի լեցնեն, պիտի գան եւ մեր տեղը առնեն: Եւ որովհետեւ անոնք մեզ պիտի փոխարինեն եւ մեր գործը շարունակեն, պէտք է մեզի չափ ու մեզմէ լաւ կրթութիւն ստանան բոլոր միջոցներով: Այս իմ սկզբունքս է եւ այս ձեւով ես կը մօտենամ հարցին, եւ հոն ոչ մէկ ձեւի խնայողութիւն կը կատարուի: Մեր ուսուցիչները ասիկա կրնան շատ լաւ հասկնալ,  կը գիտակցին, որ դպրոցը ի՛նչ նպատակով ծախսեր կ՛ընէ երբեմն սարքաւորումներու համար եւ այլն: Այս բոլորը կ՛ընենք վերոնշեալ նպատակին համար եւ մեր ուսուցիչները եթէ նոյնիսկ երբեմն իրենց ամսականները ուշացումով կ՛առնեն, ոչ մէկ բողոք կը լսենք այդ մասին, որովհետեւ  իրենք ալ արդէն մեզի պէս կը մտածեն եւ ըմբռնումով կը մօտենան այդ բոլորին եւ ասիկա մեր գործին յաջողութեան կը նպաստէ:

«Վ. Ձ.».- Յաճախ կը խօսուի հայ դպրոցին կարեւորութեան մասին, տակաւին կա՞ն ծնողներ, որոնք որոշ պատճառաբանութիւններով իրենք զիրենք կ՛արդարացնեն, թէ ինչո՛ւ զրկած են իրենց զաւակները հայկական դպրոց յաճախելէ:

Յ. Պ.- Այդպիսի ծնողներ չէք գտներ մեր վարժարաններուն մէջ, որովհետեւ արդէն այդպիսի ծնողներ մեր շրջաններէն հեռու են:  Նմանները որեւէ՛ պատճառաբանութիւն կրնան տալ, բայց խորքին մէջ ատիկա պատճառաբանութիւն չէ, այլ պատրուակ է: Իսկ պատճառը,  ես անձնապէս համոզուեցայ, որ ամբողջական տգիտութիւնն է, տգիտութիւն` սեփական կարողութիւններու հանդէպ, բարդոյթներ, ստորակայութեան բարդոյթն է: Եթէ մենք գոնէ մեր միջավայրին քաջածանօթ ենք, մեր գրականութեան, մշակոյթին, պատմութեան, ճարտարապետութեան եւ բոլոր արժանիքներուն մասին լաւատեղեակ ենք, աշխարհը մեր աչքին շատ փոքր կ՛երեւի: Օրինակի համար, ո՞ր ժողովուրդը ունի Նարեկացի, որ կարենայ իմ մակարդակիս ըլլալ, ո՛ր ժողովուրդը «Զուարթնոց» մը շինած է, որ կարենայ հետս նստիլ, ինծի հաւասարիլ: Ո՞ր ժողովուրդը Այվազովսկի կամ  Մարտիրոս  Սարեան մը տուած է ու  կրնա՛յ հետս մրցիլ:  Բայց մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը` տգէտ է եւ չգիտնալով այս բոլորը, չզգալով իր մեծութիւնը` ուրիշին կը դիմէ, ասիկա բարդոյթ է, ուրիշ բան չէ: Բնական երեւոյթ է, նոյնը ամէն տեղ կայ, օրինակի համար` խորհրդային տարիներուն ալ Հայաստանի մէջ (հայ ծնողներ) ռուսական դպրոցներու մէջ կը դնէին իրենց զաւակները. նոյն բարդոյթէն կու գայ, ստորակայութեան բարդոյթէն: Ես, օրինակի համար, կը մեղքնամ օտարներուն, որ հայերէն չեն գիտեր, որպէսզի  Նարեկացի կարդան, կամ  Խորենացի կարդան,  Վարուժան կարդան,  Տէրեան,  Չարենց կարդան, վայելե՛ն: Որքան ալ թարգմանես, չի ստացուիր: Այնպէս որ, օտար վարժարան  ուղարկողներուն խնդիրը այս է, ստորակայութեան բարդոյթ է եւ տգիտութիւն է:

«Վ. Ձ.».- Իսկ երբ կ՛ըսենք հայ մանուկներու հարազատ միջավայրը հայ դպրոցն է, այս օրերուն որքանո՞վ  կարեւոր ու շեշտուած կը նկատէք այս մէկը:

Յ. Պ.- Փորձառութեամբ ըսեմ, որ բազմաթիւ ծնողներ յաճախ իրենց զաւակները օտար դպրոց դնելէ ետք վերադարձուցած են հայկական վարժարան, որովհետեւ  անդրադարձած են, թէ այդ բնական, հարազատ միջավայրէն հեռացուցած են մանուկը: Ինչպէս որ Աստուծոյ ստեղծած աշխարհի շնչաւոր բոլոր էակները իրենց միջավայրին մէջ պէտք է ապրին, ժողովուրդներու զաւակներն ալ իրենց ժողովուրդի՛ն միջավայրին մէջ պէտք է ապրին, որպէսզի բնականօրէն աճին  եւ շատ դիւրութեամբ նաեւ ուրիշինը ընդունին ու սորվին: Բայց երբ իր բնական վայրէն կը կտրես երեխայ մը, կը դնես ուրիշ միջավայրի մէջ, ոճիր  գործած կ՛ըլլաս, որովհետեւ ան հոն բնազդով պիտի զգայ, թէ ինք ուրիշ է, օտար է, արմատ պիտի չնետէ, պիտի չաճի եւ բնականոն պիտի չմեծնայ: Օրինակ` այն մարդիկը, որոնք օտար վարժարաններ յաճախած են, անարմատ են եւ քեզի հետ յարաբերած ժամանակ կը զգաս, որ պակաս բան մը կայ իրենց մէջ, պատկանելիութիւն չունին, եւ այդ ոճիրը գործողը այդ երիտասարդը կամ պատանին չէ, այլ անոր ծնողներն են:

«Վ. Ձ.».- Վերամուտին առիթով ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր կոչն ու խօսքը մեր ծնողներուն:

Յ. Պ.- Այս վերամուտին առիթով ես պիտի թելադրեմ մեր ծնողներուն, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ հետեւին մեր վարժարաններու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու  թելադրանքներուն, իրենց զաւակները առաջնորդեն հայկական վարժարաններ, չզլանան իրենց զաւակներուն հայեցի կրթութիւն տալու, հպարտանալու հայութեա՛մբ, տալու պատկանելիութեա՛ն գիտակցութիւնը իրենց զաւակներուն, որովհետեւ աշխարհը ամբողջ հակառակ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ` քանդելով մարդուն մէջ ամէն սրբութիւն:  Մենք պարտաւոր ենք մեր արժէքները  եւ սրբութիւնները պահել, պայքարիլ աշխարհի նոր դրուածքին դէմ` պահելով մեր պատկանելիութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը: Այս մէկը  ընելու համար մեր ծնողները պարտաւոր են իրենց զաւակները առաջնորդելու  հայկական վարժարան, ամբողջութեամբ վստահելու անոր, եւ վստահ եղէք, որ չեն զղջար:

Share this Article
CATEGORIES