Վերամուտի Մտորումներ. Դպրոցին Դերը Հայեցի Դաստիարակութեան Մէջ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Սկսող եւ արդէն մասնակիօրէն սկսած 2012-2013 կրթական տարեշրջանի գլխաւոր մտահոգութիւնը սուրիահայ դպրոցներու տագնապալի վիճակն է ու սուրիահայ աշակերտներու հոսքը Լիբանան: Բնականաբար մեր պարտքն է ամէն դիւրութիւն ընծայել եւ իրենց բնակութեան վայրէն հարկադրաբար դուրս մղուած հայ աշակերտներուն ապահովել հայեցի կրթութիւն եւ ուսման ընթացքի շարունակութիւն:

Միաժամանակ մամուլին մէջ (գրաւոր եւ ձայնային) գովազդները, ուսումնական գործին անյարիր իրենց չափազանցութեամբ, խժալուր աղմուկի կը վերածուին եւ կը ծածկեն իրական հարցերը, որոնք շատ են ու միտում ունին ծանրանալու:

Դէպի օտար վարժարաններ աշակերտական հոսքը չի կասիր: Այդ հոսքը կանխելու համար նախաձեռնուած քայլերուն` արդիականացում, շէնքային բարելաւում, ձեռնարկներ ու հանդիսութիւններ, կ՛ընկերանան… հայերէնի ու հայերէնագիտական նիւթերու սեղմումներ: Կը կարծենք, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ` ընդհանրապէս դպրոց ու յատկապէս հայկական դպրոց հասկացողութիւնը վերասահմանման կը կարօտի: Դպրոցական վերամուտին առիթով փորձենք սահմանել դպրոցը, հայկական դպրոցը, եւ անոր եզակի դերը` հայեցի դաստիարակութեան մէջ:

Ընդհանրապէս ընդունուած է, որ դաստիարակութեան գործին մէջ դպրոցին դերը, հնարաւոր բոլոր դերակատարներուն հետ բաղդատաբար, կարեւորագոյնն է: Դպրոցը կը հիմնուի ճշգրիտ նպատակի մը համար. ուսում ջամբել եւ կրթութիւն տալ մանուկներուն ու պատանիներուն: Սակայն միւս կողմէ, պէտք է հաստատենք, որ մանուկն ու պատանին միայն դպրոցական միջավայրին մէջ չէ, որ կը կազմաւորուին. անոնց ուսման ու մանաւանդ դաստիարակութեան գործին կարեւոր, երբեմն նոյնիսկ որոշիչ մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ ընտանիքը, ընտանիքի բարեկամական շրջանակը, հասարակութիւնը որուն կ՛անդամակցինք, գեղարուեստական դաստիարակութեան կեդրոնները, եթէ աշակերտը դպրոցին զուգահեռ կը յաճախէ նման միջավայրեր եւ վերջապէս` մանկապատանեկան միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, եթէ աշակերտը կ՛անդամակցի անոնց:

Դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը կը հանդիսանան այս բոլորին ազդեցութիւններուն ու անոնց միջեւ կիրարկուող փոխազդեցութիւններուն համախառն արդիւնքը: Կրկնենք սակայն, որ դպրոցը կը հանդիսանայ այս բարդ բաղադրութեան կարեւորագոյն բաղադրիչը:

Բայց ի՞նչ կը հասկնանք դպրոց ըսելով: Մէկ կողմ ձգելով դպրոց հասկացողութեան ունեցած երկարատեւ պատմական հոլովոյթը, ծանրանանք անոր ներկայիս ընդունուած ու լայն տարածում գտած սահմանումին վրայ:

Քսաներորդ դարու ամբողջ տեւողութեան, ընկերաբանութեան եւ հոգեբանութեան գիտական զարգացման զուգահեռ, մշակուեցան ուսուցման մեթոտներ, որոնք յեղափոխեցին դպրոցի ըմբռնումը: Վերջին տասնամեակներուն, համալսարաններու մէջ ստեղծուեցան «ուսումնական գիտութիւն» անունին տակ ամպիոններ, բաժանմունքներ եւ ֆաքիւլթէներ: Ուսման ու կրթութեան փոխանցումը դարձաւ գիտութիւն, իսկ դպրոցը սկսաւ դիտուիլ իբրեւ այդ գիտութեան կիրարկման վայրը: Դպրոցի սահմանումը այլեւս սերտօրէն կ՛առնչուի ուսումնական գիտութեան եւ անոր անբաժան մաս` մանկավարժութեան պահանջներուն:

Դպրոցի ստեղծման ծրագիր մը պարտի ենթարկուիլ պայմաններու ընդարձակ դաշտի մը:

ա) Առաջին հերթին ան պէտք է նկատի ունենայ դպրոցի վայրին կամ տուեալ համայնքին (յատուկ դիմագծութեամբ հաւաքականութեան մը իմաստով)  պատմական, աշխարհագրական, տնտեսական, արհեստագիտական, ազգագրական-ժողովրդագրական, կրօնական ու քաղաքական տուեալները:

բ) Անիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ տուեալ ընկերութեան ակնկալութիւններուն եւ կարիքներուն վրայ:

գ) Անիկա պէտք է նկատի ունենայ տուեալ ժամանակի տիրական փիլիսոփայութիւնը, ուրիշ խօսքով` կեանքի բովանդակ երեւոյթներու բացատրութիւնն ու մեկնաբանութիւնը: Անիկա պէտք է հաշուի առնէ յատկապէս տուեալ ժամանակին` տուեալ ընկերութեան մէջ տիրապետող քաղաքական փիլիսոփայութիւնը:

դ) Անիկա պէտք է իր առաջադրանքները բխեցնէ տուեալ ժամանակի գիտութեան վիճակէն, յատկապէս մարդկային գիտութիւններու վիճակէն:

ե) Ժամանակաշրջանի մանկավարժական մտածողութիւնը կարեւոր ազդակ է: Պէտք է նկատի առնուին բարդ ու փոխադարձ ազդեցութիւնները` մեծ մանկավարժներու կողմէ առաջարկուած տեսութիւններուն եւ մանկավարժութեան կենդանի կիրարկման միջեւ:

զ) Ազգային առաջադրանքները (քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ) սերտ հանգիտութեամբ մը կապուած պէտք է ըլլան ուսումնական ընթացիկ իրականութեան, այսինքն դպրոցին հետ:

Եզրակացնելով` կրնանք հաստատել, որ դպրոցին եւ դպրոցական կրթութեան նպատակը ապահովումն է անհատի ունակութիւններուն կարելի ամբողջականութեամբ փթթումին, թէ իբրեւ մարդ-անհատ եւ թէ իբրեւ անդամ` զօրակցական կապերով միաւորուած մարդերու հաւաքականութեան մը: Կրթութիւնը քայլ կը պահէ հաւաքականութեան հոլովոյթին հետ եւ միաժամանակ կը հանդիսանայ անոր յառաջդիմութիւնը պայմանաւորող գլխաւոր ազդակներէն մէկը:

Քանի որ այսքան կարեւորեցինք ժամանակի, վայրի ու ընկերային-ազգային միջավայրերու ազդեցութիւնը դպրոց յղացքին վրայ, կրնանք փորձել հայկական դպրոցի առարկայական սահմանում մը: Հայկական դպրոցը ստեղծուած ըլլալով հայկական հաւաքականութեան համար, պէտք է ենթարկուի հայ համայնքի հոլովոյթին եւ փոխադարձաբար` պիտի պայմանաւորէ այդ հոլովոյթը:

Այս տեսանկիւնէն դիտուած, հայեցի դաստիարակութիւնն ու ընդհանրապէս դաստիարակութիւնը միասնական ամբողջութիւն մը կը կազմեն: Հայկական դպրոցը կը ձգտի կազմաւորել իր խնամքին յանձնուած մարդը, որ հայ է, անդամ` աշխարհի տուեալ վայրի մը մէջ կայացած հայկական համայնքի մը: Համամարդկային արժէքները, գիտութիւնը, բնակութեան վայրի առանձնայատկութիւնները եւ հայկական պատկանելիութեան պահանջները ամրօրէն կը զօդուին իրարու եւ կը կազմեն միասնական ամբողջութիւն մը:

Իրարու զօդուած ու միասնականացած յատկանիշներու փոխանցման միջոցը ազգային տուեալ հաւաքականութեան լեզուն է, հայկական դպրոցի պարագային` հայերէնը:

Լեզուն քաղաքակրթական գործօն է. ան սոսկական արտայայտութեան եւ հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ յատուկ տեսակի արտայայտութեան եւ հաղորդակցութեան գործիք, որ իր մէջ կը խտացնէ ազգային քաղաքակրթական (աշխարհագրութիւն, պատմութիւն, ֆոլքլոր, մշակոյթ, քաղաքականութիւն, արուեստներ, եւ այլն) ողջ հարստութիւնը: Հայկական դիմագծութեամբ մարդ անհատին կազմաւորումին համար, հայկական հաւաքականութեան անդամակցող անհատին մտաւոր եւ հոգեկան աճման համար` մայրենի լեզուին` հայերէնին դերը անշրջանցելի է: Տարբեր լեզուներու, գիտութեան, ուսողութեան եւ ընկերային նիւթերու ուսուցումը պիտի յենի հայերէնի խարիսխին, պարզ այն պատճառով, որ հայերէնը հայ մարդուն ի սկզբանէ տրամաբանութեան, դատողութեան եւ զգացական աշխարհի լեզուն է:

Այս է հիմքը հայերէնի որակաւոր դասաւանդութեան անհրաժեշտութեան:

Հայերէնի իմացութիւնը պէտք է ըլլայ բազմակողմանի, համապարփակ, ատակ` զանազան ասպարէզներու մէջ մտածում կառուցելու, տրամաբանելու եւ տեսակէտ փոխանակելու: Այս պատճառով ալ, դպրոցը պէտք չէ բաւականանայ միայն լեզուն ու քիչ մըն ալ պատմութիւն սորվեցնելով, այլ հնարաւոր բոլոր նիւթերը` ուսողութիւնը, գիտութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը դասաւանդէ հայերէնով, գէթ դպրոցական առաջին չորս-հինգ տարիներու ընթացքին: Այս ձեւով  աշակերտը կ՛օժտուի կենսագործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն յատուկ բառամթերքով եւ դատողութեան ճկուն միջոցներով: Եթէ այս աշխատանքը կատարուի լրջութեամբ, իր յաջողութիւնը երաշխաւորող մեթոտներու կիրարկումով, օտար լեզուներու եւ ապագային այդ լեզուներով գիտական ու ընկերային նիւթերու դասաւանդութիւնը կը վայելէ տրամաբանութեան եւ հաղորդակցութեան ամուր խարիսխի մը բարիքը:

Ահա հայկական դպրոցին կարեւորագոյն դերը. հայերէնը դարձնել հաղորդակցութեան, դատողութեան, տրամաբանութեան եւ զգայնութիւններու դրսեւորման բնական ու ճկուն գործիք:

Սահմանեցինք դպրոց յղացքը, հայկական դպրոցը եւ անոր գլխաւոր դերը: Այժմ խօսինք առարկայական տուեալներու մասին:

Հայկական դպրոցը իր ժամանակին մէջ տեղաւորուելու համար պէտք է գոհացնէ արդիական հաստատութեան մը պահանջները: Յիշենք կարեւորագոյնները:

ա) Շէնքային յարմար պայմաններ, կառուցուած ճարտարապետական գեղեցիկ ու գործնապաշտ յղացումով: Պատշաճ կահաւորում եւ արդի պահանջներն ու կարելիութիւնները գոհացնող արհեստագիտական կազմածներու ապահովում:

բ) Սերտ կապերու ապահովում ընկերային միջավայրի կառոյցներուն հետ: Դպրոցը կեանքին համար մարդ կը պատրաստէ, ուրեմն մարդկային գործունէութեան այլազան բնագաւառներուն (տնտեսական, ընկերային, բնութենական, ֆոլքլորային, մշակութային, արհեստագիտական, եւ այլն) կարելիութիւնները պէտք է ծառայեցնէ ի սպաս կրթական գործին:

գ) Գիտակցիլ, որ դպրոցական-կրթական մարզը համագործակցական, հաւաքական աշխատանք կ՛ենթադրէ: Ան իր բնոյթով կը պատկանի փորձառական գիտութիւններու կալուածին. իր գործունէութիւնը չի հիմնուիր որեւէ վարդապետութեան վրայ, բայց նաեւ չի բացառեր ոչ մէկ բարի կամեցողութիւն: Դպրոցին միակ հոգը եւ նպատակը վաղուան հայ մարդուն կազմաւորումն է:

դ) Մտահան չընել, որ դպրոցը հանրային յառաջդիմութեան լծակ է: Կրթութիւնն ու ուսումը ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անբռնաբարելի իրաւունքներն են: Մերժելի է ամէն խտրականութիւն` կապուած ընկերային դիրքի, նիւթական կացութեան, ֆիզիքական կամ մտաւոր թերութեան եւ այլն:

ե) Գիտակցիլ, որ հայկական դպրոցը իր առաքելութիւնը իրագործելու համար չի կրնար անգիտանալ մեր իւրայատուկ կացութիւնը եւ անկէ բխած կրկնակ պատկանելիութիւնը: Հայկական դպրոցը չի կրնար գոհանալ պետական որեւէ ծրագրի սոսկական գործադրութեամբ: Հայ մարդուն կազմաւորումը աւելի՛ն կը պահանջէ:

զ) Վերջապէս, հայկական դպրոցը անմիջական ու վաղանցուկ արդիւնք պիտի չորոնէ, այլ պիտի նախընտրէ վաւերական մշակոյթի մը փոխանցումը: Ան պէտք է դիտուի իբրեւ աշակերտին հոգեմտաւոր զարգացման միջավայր եւ միջոց` ապագայ հոլովոյթները դիմագրաւելու կարողականութեան մշակման: Ուսումն ու կրթութիւնը ամբողջ կեանքի ընթացքին ընկերակցող երեւոյթներ են. դպրոցը պիտի հարթէ մնայուն զարգացման ճամբան:

Ի՞նչ պէտք է ընենք գործնական գետնի վրայ, թերեւս իտէալական թուացող այս առաջադրանքները իրականացնելու համար: Ահաւասիկ` առաջարկներու փոքր շտեմարան մը:

ա) Հայերէնագիտական դասանիւթերը նախապատուութիւն պէտք է վայելեն մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մէջ: Հայերէնի պահերուն թիւը ոչ միայն պէտք չէ նուազ ըլլայ այլ լեզուներու պահերու թիւէն, այլեւ գերազանցէ զանոնք, գէթ` նախակրթարանի առաջին քանի մը տարիներուն:

բ) Հայերէնը եւ հայերէնագիտական այլ նիւթեր օժանդակ դասանիւթերու կարգավիճակ պէտք չէ ունենան: Անոնք պէտք է դիտուին իբրեւ գլխաւոր դասանիւթեր ու բարձր վարկանիշով մասնակցին ընդհանուր հաշուառման:

գ) Հայերէնով պէտք է դասաւանդուին, կարելի եղածին չափ երկար ատեն (գոնէ մինչեւ նախակրթարանի Ե. դասարանը) ուսողութեան, գիտութեան եւ աշխարհագրութեան դասերը:

դ) Հայոց պատմութիւնը, Հայաստանի աշխարհագրութիւնը, քաղաքացիական ուսմունքը, ըստ հնարաւորի` հայ մատենագրութիւնը, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ հայկական արուեստներուն ու մշակոյթին վերաբերող այլ նիւթեր պէտք է ծրագրին մէջ ներառուին իբրեւ դասանիւթ, պահերու բաւարար թիւով եւ պատշաճ արժեւորումով:

ե) Արտադասարանային միջոցառումները, տօնակատարութիւնները, կարեւոր դէպքերու ու դէմքերու նշումները պէտք է կատարուին հայերէն լեզուով: Առանց անտեսելու միջազգային տարողութիւն ունեցող կամ տեղական երեւոյթները` պէտք է ջանալ նախապատուութիւնը տալ հայկականին, միաժամանակ զայն տեղադրելով ընդհանրական ու համամարդկային պարունակի մէջ:

զ) Պատի թերթ, ծանուցում, աշակերտական հրատարակութիւն, նիշերու ու գնահատման փոխանցում ծնողներուն պէտք է անխափան կատարել հայերէնով:

է) Հայաստանի ներկայութիւնը կենդանի պահել: Դպրոցը իր մթնոլորտով, նկարներով, քարտէսներով, զարդերով պէտք է հայկականութիւն բուրէ: Համաշխարհային հռչակ վայելող գեղեցիկը բացառելու մասին չէ խօսքը, այլ հայկականը կարեւորելն է նպատակը:

ը) Վերջապէս, խուսափիլ ազգային երեւոյթներուն քարոզչական նկարագիր տալէ եւ կարեւորել հայ լեզուի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի ծանօթութիւնը: Խուսափիլ քարոզէն եւ գիտութիւն փոխանցել:

Մեր դպրոցները պետական քննութիւններուն իրենց յաջողութիւններով ցոյց տուած են, որ ուսումնական որակի տեսակէտէն յառաջադէմ են ու չեն զիջիր լիբանանեան հռչակաւոր ուսումնարաններուն, որոնց վայելած հռչակը երբեմն նոյնիսկ չի համապատասխաներ իրենց իսկական կարողականութեան: Օտար վարժարան յաճախելը ոչ բարոյական, ոչ ալ գործնական արդարացում ունի: Հայկական վարժարանը հայ աշակերտին վաւերական կազմաւորման համար միակ հնարաւոր վայրն է, ուր որակաւոր ընդհանուր ուսման կողքին կը ջամբուի որակաւոր հայեցի դաստիարակութիւն եւ կը պատրաստուի թէ ազգային դիմագիծ ունեցող եւ թէ համամարդկային արժէքներու հետամուտ կրթուած հայ քաղաքացի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES