Փրկութեան Լաստը. (Կրթական Նոր Տարեշրջանի Վերամուտին Առիթով)
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Սեպտեմբեր է դարձեալ: Վերամուտի եռուզեռ է չորս կողմ: Ծնողներու գլխաւոր մտահոգութիւնն է դպրոցը, գիրքն ու գրենականը: Շատեր շուարած են, թէ ո՛ր վարժարանը արձանագրեն իրենց զաւակը: Կը փնտռեն դպրոցին լաւը, լաւագո՛յնը, որպէսզի իրենց «աչքին լոյսը» ամէնէն կարճ ժամանակին պատրաստ ըլլայ կեանքին ու անոր մարտահրաւէրներուն:
Բնական է այս մտահոգութիւնը, մանաւանդ` հայ ծնողին համար, որ հազարումէկ զոհողութիւններու գնով ստիպուած է իր զաւակը մարդ դարձնել, ապահով դիրքի մը հասցնել: Կար ժամանակ, երբ ծնողներ մարդ հասկացողութեամբ նկարագիրի, հոգիի եւ մտքի ներդաշնակ արժանիքներ կը փնտռէին իրենց զաւակներուն մէջ: Այսօր կեանքի պայմանները փոխուած կը թուին ըլլալ եւ, շատերու համար մարդ կը նկատուի այն, որ գիտէ ու կրնայ շատ ու շուտ դրամ շահիլ: Մարդը կարծէք հոմանիշ դարձած է իր շրջուած ընթերցումին` դրամին: Տարբեր ձեւով մտածողը այս օրերուն կրնայ ժամանակավրէպ նկատուիլ: Մարդ «գրոց-բրո՞ց» է, հանրային եւ մարդկային հարցերու հանդէպ հետաքրքրութիւննե՞ր ունի, շահաբեր զբաղումներէ աւելի` հոգեմտաւոր կրթութի՞ւն կը փնտռէ, «Ի՞նչ արժէք ունին այս բոլորը, ենթական եւ ընտանիքը դժբախտացնելէ զատ, ինչի՞ կը ծառայեն անոնք…»:
Գործնական իմաստով թերեւս մասամբ ճիշդ է այս ըմբռնումը, որովհետեւ նիւթական բարօրութիւն չունեցող հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին ի վերջոյ ստիպուած են օտար լեզուներով եւ մասնագիտական ուսման «զէնք»-երով պայքարիլ կեանքի դժուարութիւններուն դէմ:
Առանց ժխտելու այս անհրաժեշտութիւնը, պէտք չէ, սակայն, չափազանցութեան տանիլ զայն եւ կեանքի իմաստն ու նպատակը փնտռել անոր մէջ:
«Երջանկութիւնը կարելի չէ դրամով գնել», կ’ըսէ մեր ժողովուրդը: Կան հոգեմտաւոր հարստութիւններ, որոնց տեղը դրամը չի լեցներ: Ծնողներուն պարտականութիւնն է մտածել նաեւ ա՛յդ արժանիքներուն մասին եւ իրենց զաւակները օժտել ոչ միայն դրամ շահելու կարելիութիւններով, այլեւ` մարդկային ու ազգային տարրական կարգ մը ստորոգելիներով:
Այսպէս, կարեւոր է, որ մայրենի լեզուին հնչիւններով բացուին մանուկի մը շրթները, այլապէս մինչեւ կեանքին վերջը ան զրկուած պիտի ըլլայ այն հարազատ ոգիէն, որ պիտի շնչաւորէ էութիւնը: Մայրենի լեզուին անհաղորդ մէկը որբի մը պէս մեծցած մէկն է. հոգեկան որբութիւն մը, որ աւելի՛ ցաւալի է, քան` բուն որբութիւնը:
Անմահ Պարոնեանի օրերուն, «Եթէ թաղականներու տղաները օտար վարժարան կ’երթային, հոգ չէ, ժողովուրդին զաւակները հայկական վարժարան կ’երթային»: Այսօր պատկերը շատ աւելի մտահոգիչ է, որովհետեւ ժողովուրդի համեստ խաւն ալ, նիւթականի թէ այլ պատճառներով, բռնած է օտար վարժարաններու ճամբան:
«Նիւթականի պատճառով ոչ մէկ աշակերտ դպրոցէ դուրս չձգելու» Ազգային իշխանութեան որոշումը եթէ դուռը մասամբ կը փակէ օտար վարժարաններ ժողովուրդի հոսքին դէմ, հապա ի՞նչ ըսել շփացած ու քաղքենի այն զանգուածին, որ կը յամառի չտեսնել հայկական վարժարաններու յաջողութիւնները եւ մատղաշ զաւակները կը զրկէ հայ լեզուի եւ կրթութեան սնուցիչ կաթէն: Պարոնեանն իսկ չէր կարողացած հասկնալ, թէ ինչո՞ւ ժողովուրդին այս խաւը «Դպրոցներուն դրամ կու տայ, բայց տղայ չի տար»:
Հարցը շատ աւելի ծանրակշիռ է, քան մենք կը կարծենք: Այսօր այբը մոռցողը, վաղը բենն ալ կը մոռնայ, մանաւանդ երբ հաշտուի մոռնալու գաղափարին հետ:
Ժամանակն է, որ մարդիկ համոզուին այլեւս, որ մեր տունը քանդողը գործուած սխալները չեն այնքան, որքան զանոնք արդարացնել փորձող, անոնց հանդէպ միշտ ներողամիտ եղող, անոնց համար չտագնապող մտայնութիւնն է:
Մարդ ըլլալու համար նախ պէտք է ազգի մը զաւակը ըլլալ` ժառանգելով անոր դարաւոր մշակոյթին արժէքները: Հայկական վարժարանները մէկական աւանդատուն են այս իմաստով, մէկական բերդ ու ամրոց` այլասերման հեղեղին դէմ:
Հայկական վարժարաններու մէջ հայ աշակերտը թիւ մը չէ լոկ, ոչ ալ ֆիզիքական ներկայութիւն մըն է միայն, այլ ազգային տարր մըն է, ապագայ մըն է: Հայկական վարժարան յաճախելը, իբրեւ հայապահպանման ազդակ, ունի նաեւ ազգային արժէք:
Հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը հինէն ի վեր եղած են հայուն ազգային միասնականութիւնը ապահովող, հայրենասիրութիւնն ու հայկականութիւնը կազմաւորող հիմնական միջոցներ: Հայեցի կրթութեան հէնքին վրայ եւ համապատասխան համակարգի ստեղծման շնորհիւ` հայութիւնը կարելիութիւնը ունեցած է դարեր շարունակ հաղորդակցելու համաշխարհային մշակոյթի արժէքներուն հետ, իւրացնել զանոնք` ազգային ու համամարդկային իր պահանջներուն համապատասխան:
Հայեցի կրթութեան եւ ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը յատկապէս կը շեշտուի մեր օրերուն, երբ հետզհետէ աւելի կ’արագանայ ազգերու քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային համարկումը համաշխարհային անգոյն ու անձեւ նոր համակարգին մէջ: Հետեւաբար, հայութեան նման փոքր ազգերը իրենք զիրենք կը գտնեն սեփական ինքնութեան պահպանման լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Նման պայմաններու մէջ, հայապահպանման, ազգային ինքնութեան եւ գիտակցութեան ամրապնդման համար այսօր, աւելի քան երբեք, կարիքը կը զգացուի ազգային կրթութեան եւ մշակոյթի:
Այս իմաստով բախտաւոր գաղութ է լիբանանահայութիւնը, որովհետեւ հակառակ իր դիմագրաւած տեսակաւոր տագնապներուն` ան ունի երեք տասնեակէ աւելի հայկական վարժարաններ, որոնք ոգի, շունչ եւ յոյս կու տան անոր, մնայուն աւիշ կը ներարկեն գաղութին ազգային կեանքին: Այս վարժարանները չունի՞ն օտար վարժարաններու փարթամութիւնն ու շքեղութիւնը: Ի՞նչ փոյթ, քանի անոնք օժտուած են սերունդներու կրթութեան համար կարեւորագոյնը նկատուած` ապահով միջավայրով, ուր բարոյական հասկացողութիւններն ու մարդկային արժէքները կը պահուին լաւագոյնս: Հայկական վարժարաններուն տուածը, իբրեւ կրթական շէնքի հիմնաքար, իբրեւ հայակերտ դաստիարակութիւն, անփոխարինելի եւ անգնահատելի է` իր կարգ մը թերութիւններով հանդերձ:
Բազմաթիւ օրինակները ցոյց տուած են, որ իրենց կրթութիւնը հայկական վարժարաններու մէջ ստացած պատանիները շատ աւելի կազմուած նկարագիր կ’ունենան եւ շատ աւելի հասուն միտք, քան անոնք, որոնք մատղաշ տարիքէն թութակի կը վերածուին օտար յարկերու տակ: Լաւ պատրաստուած վիճակագրութիւն մը պիտի փաստէր, որ գործնականօրէն յաջողողներուն լաւագոյնները անոնք են դարձեալ, որոնք ազգային կրթութեան իրենց վէմին վրայ կը բարձրացնեն իրենց ապագայ մասնագիտութիւնը:
Կարճատես մօտեցում մըն է, ուրեմն, այն յաւակնութիւնը, թէ «կորսուած տարիներ են» հայկական վարժարաններու մէջ ուսումնառութեան տարիները: Ընդհակառակն, անվարան պէտք է հաստատել, որ այդ տարիները կոչուած են փրկութեան լաստ դառնալու` անհատական թէ ազգային տեսակէտէ:

