Վերամուտ
ՎԵՐ. Ր. ՄՍԸՐԼԵԱՆ
Սեպտեմբեր ամիսը ընդհանրապէս առնչուած է վերամուտի եւ դպրոցական կեանքի վերադառնալու գործընթացին, որ առնչուած է հիմնական չորս խմբաւորումներու` դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, աշակերտութեան եւ ծնողքին. բոլոր կողմերն ալ կը վերադառնան նպատակաուղղուած աշխատանքի, եւ իւրաքանչիւրը ունի իր առջեւ դրուած մարտահրաւէրներն ու յանձնառութիւնները:
Եթէ սահմանելու ըլլանք այս վերադարձը, կարելի է ըսել, որ անիկա կը խորհրդանշէ վերադարձ դէպի դպրոցական եւ ուսումնական նոր տարեշրջան:
Այս յօդուածին մէջ, որպէս Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի տնօրէն, կ՛ուզեմ ճշդել իմաստը վերամուտին` վերը յիշուած 4 խմբաւորումներուն նկատմամբ:
Ա.- Վերամուտը աշակերտին կեանքին մէջ ունի կարգ մը յատկութիւններ.
1.- Անիկա սկիզբն է նոր տարեշրջանի` նոր դասարան, նոր գիրքեր, նոր ուսուցիչներ, կրթական նոր ծրագիր եւ նոր մարտահրաւէրներ: Ուրեմն անիկա նորոգուելու ժամանակաշրջան է:
2.- Վերամուտը նաեւ ցոյց կու տայ աշակերտին փափաքը` մեծնալու գիտութեան մէջ, մեծնալու ընկերային մարզին մէջ իր ունեցած յարաբերութիւններով: Կեանքի մէջ ուսումը սահման չի կրնար ունենալ: Աշակերտը որքան ուսման պաշարը աւելցնէ, այնքան աւելի պիտի գիտնայ, որ տակաւին շատ բան ունի սորվելիք: Այդ իմաստով ան պէտք ունի վերադառնալու դպրոց եւ ըլլալու աշակերտ:
3.- Վերամուտը աշակերտին համար պիտի ամրապնդուի տեսիլքով: Ի՞նչ է իր տեսիլքը դպրոց յաճախելու: Իր տեսիլքը պիտի որոշէ իր կեանքին նպատակը եւ օգնէ իրեն` ընտրելու լաւագոյն միջոցը այդ նպատակին հասնելու: Այստեղ կարեւոր է, որ աշակերտը կարենայ այդ տեսիլքը մանրամասնօրէն ներկայացնել` կիրարկելի նպատակներով եւ կարենայ կամուրջ հաստատել իր ստացած կրթական ծրագիրին եւ ունեցած տեսիլքին միջեւ: Հետեւաբար կրթական ծրագիրը եւ տարբեր նպատակներ իրականացնելու միտող աշխատանքները աշակերտին համար կը դադրին սոսկ ծրագիր ու նպատակ ըլլալէ, այլ կը դառնան միջոց` աճման, իր կարողութիւնները զարգացնելու եւ գիտական պաշար ապահովելու` իւրացնելով գործածելու իր տեսիլքի գործադրութեան եւ իր կեանքի առօրեայ ընկերային, ազգային եւ հասարակական մարզերուն մէջ:
4.- Վերամուտը Հայ աւետարանական դպրոցի աշակերտին համար նաեւ որոշում է հաւատքի եւ հայրենասիրութեան մէջ մեծնալու: Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը զարգացնելու մէջ դպրոցը իր դերը ունի, եւ ամէն անգամ որ մէկ դասարան բարձրանանք, կրնայ ըլլալ, որ կրթական նոյն պատմութիւնները դարձեալ կը սերտենք, սակայն ատոնք նոր, տարբեր եւ քննական աչքով պիտի դիտենք եւ պիտի կարենանք իւրացնել այդտեղ պահուած մեզի տրուող դասերը: Երբ այս բոլոր իրականութիւնները նկատի առնենք, պիտի գիտնանք, որ վերամուտը խիստ կարեւոր եւ էական է աշակերտին համար, եւ մեր փափաքն է, որ մինչ աշակերտներ կը սկսին դպրոցական նոր տարեշրջան, անոնք կարենան ճշդել նպատակներու իրագործման ուղիները:
Բ.- Վերամուտի սեմին կը գիտակցինք, որ դպրոցական արձանագրութիւնները, կրթաթոշակը, գիրքերը եւ առօրեայ կարիքները ծնողները կը դնեն նիւթական ծանր պարտաւորութիւններու տակ եւ իսկապէս գնահատելի են այն ծնողները, որոնք նախանձախնդիր եւ հաւատարիմ են իրենց պարտաւորութիւններուն մէջ, մանաւանդ` հայկական դպրոցին նկատմամբ:
Սակայն գիտնալու ենք, որ ծնողներուն դերը միայն առնչուած չէ նիւթական մարզին, այլ անոնք մեծ դերակատարութիւն ունին կրթական ընդհանուր գործընթացին եւ ուղղութեան մէջ: Անոնք իրենց տուներուն մէջ հրաւիրուած են ստեղծելու այնպիսի առողջ միջավայր մը, որ աշակերտը կարենայ սերտել եւ պատրաստել իր դպրոցական պարտականութիւնները: Ծնողները պէտք է կարենան արժեւորել եւ հասկնալ իրենց զաւակներուն ամէն տեսակի կարողութիւնները եւ օգնեն իրենց զաւակին, որ ան կարենայ այդ տուեալները զարգացնել իր մէջ: Անոնք պէտք է կամուրջ հանդիսանան դպրոցին ու աշակերտին միջեւ եւ օգնեն դպրոցի եւ ուսուցիչին, որպէսզի կարենան կրթական ծրագիրը եւ միջոցները իրագործել աշակերտին մէջ` այդ տուեալները զարգացնելու: Վերջապէս, ծնողներու արժեւորումը պիտի չըլլայ անպայման բարձր նիշով, այլ անոնք պիտի ջանան տեսնել իրենց զաւակին զարգացումը` տարբեր մակարդակներու վրայ գոյացած:
Գ.- Ուսուցիչը պատասխանատուն է հաւատարմութեամբ կրթական ծրագիրը իրագործելու եւ գիտելիքներ փոխանցելու աշակերտին: Սակայն այդ մէկը միայն մէկ բաժինն է անոր աշխատանքին: Ուսուցիչը աշակերտին համար կոչուած է ըլլալու դաստիարակ, ծնող, բարեկամ եւ ուղղիչ: Ուսուցիչը դաստիարակ է, որովհետեւ ան, գիտութեան կողքին, կոչուած է փոխանցելու հոգեւոր եւ ազգային արժէքներ, որոնք պիտի կերտեն այդ աշակերտին նկարագիրը եւ հաւաքականութեան մէջ ուղղամտութեամբ վարուելու հիմքը: Ուսուցիչը դասարանին մէջ նաեւ ծնող է եւ որպէս ծնողք՝ ան կոչուած է լաւ գիտնալու իր աշակերտներուն զարգացման հանգրուանները, անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ այդ բոլորը գիտնալով` ան պիտի առաջնորդէ աշակերտը իր կրթական ընթացքին մէջ: Ուսուցիչը նաեւ ըլլալու է աշակերտին բարեկամը եւ ստեղծէ այնպիսի վստահութիւն, որ ան ջանայ բաց ըլլալ այս յարաբերութեան մէջ: Ուսուցիչը այս յարաբերութեան մէջ պիտի օգնէ աշակերտին` զարգացնելու նաեւ իր ընկերային կարողութիւնը իր ապրած միջավայրին մէջ:
Այս բոլորը իրական են ոեւէ ուսուցիչի համար: Սակայն հայ ուսուցիչը նաեւ ունի մարտահրաւէրը իր դասաւանդութեան եւ յարաբերութեան միջոցով փոխանցելու հայկական այդ ոգին, որ նաեւ նախանձախնդիր է հայոց լեզուին, պատմութեան, գրականութեան, մշակոյթին, արժէքներու պահպանման: Ան պիտի կերտէ ապագայի հայ մարդը, առաջնորդը, գործիչը, կղերականը …
Դ.- Վերոյիշեալ բոլոր իրականութիւնները կը պատահին դպրոցին մէջ, որ կը ղեկավարուի տնօրէնութեամբ: Հայ աւետարանական դպրոցի տնօրէնութիւնը այն կառոյցն է, որ պատասխանատու է ստեղծելու պայմաններ, որպէսզի այդ գործընթացը ըլլայ որակաւոր եւ արդիւնաւէտ: Այս մէկը դպրոցին առաքելութիւնն է եւ այդ առաքելութիւնը իրագործելու համար դպրոցը տնօրէնութեան միջոցով կը ճշդէ կրթական նպատակներ, որոնց իրականացման ի խնդիր կ՛աշխատի` գործակցաբար ուսուցիչներուն, աշակերտին եւ ծնողաց հետ:
Վերոյիշեալ բոլոր տուեալները իրական են Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին համար, եւ ասոնց կողքին, 2012- 2013 կրթական տարեշրջանի սեմին վարժարանը նաեւ կ՛ուզէ հաստատել իր յանձնառութիւնը` տալու որակաւոր դաստիարակութիւն իր աշակերտներուն եւ պատրաստելու զանոնք կեանքի ասպարէզ մտնելու: Նաեւ դպրոցը կոչուած է տալու հայեցի դաստիարակութիւնը` դասաւանդելով հայերէն լեզու, պատմութիւն եւ գրականութիւն, նաեւ ` փոխանցելով հոգեւոր դաստիարակ` Աստուածաշունչի դասաւանդութեամբ եւ արտադպրոցական հոգեւոր գործունէութիւններով:
Այս բոլորին կողքին, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը նաեւ ունի ընկերային առաքելութիւն, յատկապէս` իր գիշերօթիկ բաժինով, ուր ընկերային տարբեր հարցեր ունեցող աշակերտներ 9 ամիսներու վրայ կը ստանան հոգածութիւն, ուսում եւ կրթութիւն:
Կրթական այս նոր տարեշրջանի սեմին գիտակից ենք, որ Լիբանանի հայկական բոլոր վարժարանները կը դիմագրաւեն նիւթական ծանր մարտահրաւէրներ իրենց առօրեային մէջ, եւ մեր աղօթքն է, որ Աստուած օգնէ մեր բոլոր վարժարաններուն եւ առաջնորդէ, իրենք իրենց առաքելութեան մէջ:
Թող Աստուած պահէ հայ վարժարանը:

