Մտորումներ` Հայօրէն Ապրելու . Հայ Դպրոցին Վերամուտը
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Նոր յոյսերով բացուեցան մեր դպրոցներուն դռները: Մեր ծնողները, գիտակից իրենց պարտականութեան, իրենց զաւակները առաջնորդեցին հայուն կրթութեան եւ հայակերտումի օճախը: Որքան ալ տագնապներ ստեղծուին մեր շուրջը, յոյսին ու հաւատքին կառչած` կը սկսինք հայակերտումի մեր աշխատանքին` պահպանելու համար դարերէն մեզի փոխանցուած մեսրոպականչ հայոց լեզուն: Այս է մեր հիմնական առաքելութիւնը, որ դրուած է դպրոց-ծնողք ուսերուն: Անտեսելով այս հոգու պարտքը` փուլ կու գայ մեր ինքնութեան ամրոցը:
Ներկայի տնտեսական տագնապները պատճառաբանելով` չենք կրնար խուսափիլ հայ մնալու մեր իրաւունքէն եւ պարտաւորութենէն: Հարցում մը կ՛ուզենք ուղղել օրուան տեսակաւոր տագնապները, մանաւանդ տնտեսականը արգելք նկատող ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը յանձնեն օտարի փարախին: Արդեօք Եղեռնէն ետք Լիբանան հաստատուած, գլուխ պահելիք անկիւն մը գտած հայ ընտանիքները չքաւոր չէի՞ն: Ոչ միայն չքաւոր, այնքան խեղճ ու անտէր, որ չէին կրնար նոյնիսկ կարգին հագուստ մը, դպրոցական համազգեստ մը կամ կօշիկ մը տալ իրենց դպրոցական զաւակին: Այդ ժամանակաշրջանին տակաւին լաւ կազմակերպուած չէին մեր բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւնները: Ոչ ոք կը մտածէր օտար վարժարանի մասին: Ինչ կը վերաբերի մեր բարեկեցիկ դասակարգին, անոնց հոգեբանութիւնը տարբեր է. պարզապէս` գերակայութեան տրամադրութիւն, արմատներէն հեռանալու ունայնամտութիւն, տեղւոյն բարձր դասու անձնաւորութիւններու հետ մրցակցելու մարմաջ, որ ինքնաբերաբար կ՛օտարացնէ հայը: Այս է մերօրեայ պատկերը, ինչ կը վերաբերի մեր կրթական համակարգին հանդէպ սուր ճօճողներուն: Բարեկեցիկը, ունեւորը եւ չքաւորը կու գան նոյն հաւասարազօր մակարդակի վրայ: Հեռանալ հայ դպրոցէն, վնասել մեր ազգային կառոյցներուն, մեր զաւակները վերածել օտարատիպ կերպարներու:
Մեր մամուլը կ՛արձագանգէ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն հարիւր առ հարիւր յաջողութիւնը, պետական քննութիւններուն: Ասկէ աւելի ի՞նչ է ուզածը կամ փնտռածը մեր բարեկեցիկ ընտանիքներուն: Ինչո՞ւ չէք հաւնիր մեր սեփականը, մեր արիւն-քրտինքով ձեռք բերած յաջողութիւնները: Ինչո՞ւ կ՛արհամարհէք մեր հայկական ու մեր ազգային վարժարանները: Ցեղասպանութեամբ նոյն արհաւիրքը չապրեցա՞ք: Ձեր խիղճերը արթնցուցէք, օտարամո՛լ ծնողներ:
Ի՞նչ կրնաք ըսել մեր նիւթական տկար ընտանիքներուն: Անոնք շուարած են տնտեսութեան անկումին եւ հայեցի կրթութեան կենսական պարտաւորութեան միջեւ: Պէտք է փնտռենք եւ մէկիկ-մէկիկ մեր «տունը» բերենք դրամի չգոյութեամբ օտար մթնոլորտներու մէջ կորսուողները: Այս պարտականութիւնը պէտք է վերաբերի այն ընտանիքներուն, որոնք իրենց ունեցածէն բաժին մըն ալ պէտք է հանեն մեր ակնարկած ակամայ անկարողներուն:
Այս ըսելով` կ՛ուզենք մեր երախտագիտական զգացումները արտայայտել այն բացառիկ ազգայիններուն, որոնք կրթական ֆոնտեր, հիմնադրամներ գոյացուցած են ի նպաստ մեր վարժարաններու չքաւոր սաներուն: Ունինք նաեւ ընտանիքներ, որոնք անձայն եւ յօժարակամ իրենց քսակը լայն կը բանան այսպիսի պարագաներուն: Պէտք է բազմանայ այս դասակարգը, բան մը, որ շատ դիւրութեամբ կը գոյանայ, միայն թէ` «Կարենալին միանայ կամենալը»:
Մեր բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւնները կ՛օգնեն իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Մեր կանչը կ՛ուղղենք թմրած եւ անտարբեր դասակարգին, «ինծի ինչ» ըսողներուն, եթէ կ՛ուզենք, որ տոկայ ու դիմանայ հայ դպրոցը: Չի՞ բաւեր, որ 15 դպրոց փակած ենք արդէն լիբանանեան պատերազմին պատճառով: Մնացեալնե՞րն ալ փակենք… Երբե՛ք…: Քիչ առաջ յիշեցինք անցած օրերու չքաւորութիւնը, բայց այդ օրերուն մէկ ընտանիքի մէջ 5-6 երեխայ կը ծնէր: Ո՞ւր են մեր մայրերը այսօր: Անոնք թող չպատճառաբանեն, թէ «հիմա օրերը փոխուած են»: Մեր յիշած օրերուն անհամեմատօրէն աղքատ էինք, քան ներկայիս: Այս մասին ո՛չ մէկ չքմեղանք: Մենք զաւակներն ենք այդ ժամանակաշրջանին: Մեր ուսուցիչները ամառնային երեք ամիսներուն իրենց վարձատրութիւնը չէին ստանար, բայց անօթի չմեռան, քիչով, նուազագոյնով գոհացան, բայց մեզ, մեր սերունդը դաստիարակեցին հայօրէն: Չենք ուզեր այդ օրերուն չքաւորութիւնը ապրիլ, չենք ուզեր տեսնել վարժարաններու բակերուն ԼՕԽ-ի «Պնակ մը կերակուր»-ի սեղաններուն շուրջը բոլորուած աշակերտներ, քա՛ւ լիցի, բայց նոյն ատեն ուշքի պէտք է գանք եւ ամէն հարց տնտեսական եւ այլ տագնապներու չվերագրենք: Կանք ու պիտի մնանք, պիտի գոյատեւենք: Հեռացնենք մեզմէ մրցակցութիւնը, ցուցամոլութեան խեղճութիւնը: Գոհանալ գիտնանք: Այս մասին օրինակներով կրնանք վկայութիւններ ներկայացնել, բայց կը բաւականանանք այսքանով, որպէսզի մնանք հայոց լեզուին, հայոց պատմութեան, հայոց աւանդութեան պաշտպան ու պահապան, այն ատեն պիտի չքանան մեր գործած սխալները, Կոմիտաս վարդապետին, Մեսրոպ Մաշտոցին, Յովհաննէս Թումանեանին եւ մեր միւս սրբութիւններուն եւ հանճարներուն անունները չլսած մեր որդիք պիտի հայանան:
Հայ դպրոցին վերամուտն է, սիրելի ծնողք, «Նեղ ըրէք, տեղ ըրէք», ձեր գօտիները քիչ մը եւս սեղմեցէք, որպէսզի ապրի հայ դպրոցը, որպէսզի հպարտանանք մեր հայութեամբ:
Հայ ապրինք, եղբարք… Ա՛յս է պահանջուածը այսօր…:

