Բարի Վերամուտ Բոլորին
ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ-ԱՍՄԻՆԵԱՆ
Վերամուտը հասաւ արդէն, եւ Լիբանանի բոլոր դպրոցները կը պատրաստուին կրթական նոր տարեշրջանի մը:
Բոլորս լաւատեղեակ ենք, թէ անցնող տարեշրջանը աւարտեցաւ տնտեսական որոշ դժուարութիւններով:
Մեր ծննդավայր Լիբանանը ցարդ ունենալով քաղաքական ու տնտեսական ոչ կայուն վիճակ մը` պետական մարմինները կը պայքարին երկիրը դուրս բերելու այդ բոլոր դժուարութիւններէն եւ քաղաքացիներուն համար ստեղծել հանգիստ պայմաններ ու խաղաղ վիճակ:
Ի հարկէ մեր սահմանակից երկրի` Սուրիոյ պատերազմին պատճառած տագնապալի վիճակը իր որոշ դերն ու ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մեր երկրի կայունութեան վրայ, ինչպէս` Սուրիայէն մեծ թիւով գաղթականներու հոսքը Լիբանան, նաեւ` մեր հողերուն վրայ տեղի ունեցող վերջին շրջանի յաճախակի բախումներն ու զանազան իրադարձութիւնները:
Վերամուտ է, ջանանք լաւատեսութեամբ եւ որոշ խանդավառութեամբ դիմաւորել 2012-2013 կրթական տարեշրջանը:
Սուրիահայերու ներկայ իրավիճակէն ելլելով` բոլորս ալ մեր ուսերուն վերցուցած ենք լուրջ պարտականութիւն մը, մեր կարելին ընելով` օգտակար դառնանք ե՛ւ Լիբանան գտնուող սուրիահայ ընտանիքներու եւ աշակերտներու, ե՛ւ միջոց ու յարմարութիւն չունեցող այն բոլոր սուրիահայ ընտանիքներուն, որոնք կարիքաւոր են եւ կը դիմագրաւեն շատ մեծ դժուարութիւններ` մնալով Սուրիոյ պատերազմի գէշ պայմաններու տակ:
Մենք անոնց օգնութեան հասնելու համար ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնենք:
Ոչ հեռու անցեալին մենք եւս ապրեցանք պատերազմական սարսափազդու իրավիճակ, որուն պատճառով մեր գաղութը կորսնցուց հազարաւոր հայ ընտանիքներ, որոնք գաղթեցին օտար երկիրներ, որոնց շարքին` Սուրիա:
Մեր հարեւան երկիրը` Սուրիան, ընդունեց լիբանանցին, շատ մը լիբանանահայ ընտանիքներ փախչելով պատերազմի արհաւիրքէն` բնակութիւն հաստատեցին Սուրիոյ հողին վրայ:
Այս նոյն հողն էր, որ մօտ մէկ դար առաջ ապաստան տուած էր Մեծ եղեռնէն մազապուրծ անթիւ գաղթականներու, որոնք այնտեղէն ալ հասած են Լիբանան:
Հայ ժողովուրդը ո՛ւր որ ապրած է, իր նուիրական եւ տքնաջան աշխատանքով ու հաւատարմութեամբ իր բաժինը բերած է իր երկրի զարգացման մէջ:
Լիբանանն ու Սուրիան սփիւռքի հայապահպանման զօրաւոր կեդրոններ էին:
Սակայն այս երկիրներուն պատերազմական տագնապը` պատճառ դարձաւ, որ հայութիւնը մեծ հարուած ստանայ:
Այսօր Լիբանանը գրկաբաց կ՛ընդունի սուրիացի գաղթականներ:
Գաղթականութիւնը ամէն տեսակի դժուարութիւններու առջեւ կը դնէ մարդ արարածը: Ընտանիքներ եւ անհատներ հեռանալով իրենց ծննդավայրէն, հողէն, տունէն եւ գեղեցիկ յիշատակներէն` կը փորձեն նոր երկրի ու միջավայրի մէջ մեծ դժուարութիւններով գոյութեան կռիւ մղել: Մարդը ընկճուելով տառապանքէն ու անորոշութենէն` կը դառնայ յուսահատ:
Պատերազմը միայն չարիք կը բերէ:
Փոքրիկներն ու պատանիները իրենց մանկութիւնն ու կեանքի քաղցրութիւնը չտեսած` փուլ կու գան անոնց մանկական գեղեցիկ ու անմեղ երազները:
Երիտասարդներն ալ գիրքի ու գրիչի տեղ իրենց ձեռքին կը կրեն զէնք:
Լիբանանցիներս անցեալին ապրեցանք պատերազմական ճգնաժամ, որուն արժանի չէինք: Այսօր բարձրաձայն կը գոչենք` «Թող վերջ գտնեն պատերազմները»: Մեր զարգացած ու քաղաքակիրթ կարծած մարդը կը դառնայ` մարդասպան, անգութ ու վայրագ: Ի հարկէ դատապարտելի է մարդու ոչնչացումը մարդու կողմէ: Պատերազմը իր ետին կը ձգէ աւերակներ, ցաւ ու արհաւիրք:
Աշխարհին կը մաղթենք խաղաղութիւն, որ իրեն հետ բերէ` ուրախութիւն, խաղաղ երկինք, պայծառ ու շողացող արեւ, նաեւ` խղճի ու հոգիի հանգստութիւն:
Վերամուտը նոյնպէս թող բերէ փոքրիկներուն, պատանիներուն եւ բոլոր աշակերտներուն ուսումնական, կրթական եւ դաստիարակչական նոր եռանդ, յաջողութիւններով լի տարի մը:
Բարի՛ վերամուտ…

