Կար Ու Չկար…

ԱՐԱ ՎԱՍԻԼԵԱՆ

Կար ու չկար հայկական վարժարան յաճախող, իր մայրենիին անհուն սիրով կապուած հայ աշակերտ մը կար: Դպրոցի դասաժամերէն դուրս, դասերը սերտելէ եւ յաջորդ ուսումնական օրուան պարտաճանաչ  կերպով պատրաստուելէ ետք,  յետմիջօրէին ան թաղի բնակիչներուն անդորրը կը սիրէր խանգարել իր զուարթ «աղմուկով», ապա երեկոյեան տուն կը փութար` հետեւելու իր սիրեցեալ «Կրենտայզր» ֆիլմաշարի հաղորդումին:

Հեքիաթային այդ աշակերտը … ոչ եւս է:

Կար ժամանակ…

Կար ժամանակ, երբ հայ ծնողքին համար հայ դպրոցէն զատ այլընտրանք չկար, չէ՛ր կրնար ըլլալ: Կար սերունդ մը` հաւատաւոր հայերու, որ կ՛անսար իր ցեղի ձայնին եւ իր զաւակները կ՛առաջնորդէր միայն ու միայն հայկական վարժարան, որովհետեւ այդ սերունդը յստակ կը գիտակցէր, թէ որքան նուիրակա՛ն էր հայերէնը եւ հաց ու ջուրի նման կենսական էր հնամենի այդ կառոյցներուն մէջ առկայ ապահով միջավայրը. հայկակա՛ն միջավայրը:

Առասպելական այդ սերունդը… մահաքունի մէջ է արդէն:

Ընկերատնտեսական պայմաններու բարելաւման եւ արհեստագիտական նորարարութիւններու իրերայաջորդ հեղեղները իրենց հոսանքին հետ թաւալգլոր քշեցին-տարին դպրոցական այդ աշակերտն ու հաւատաւոր  սերունդը: Փոխարէնը` կազմուեցաւ «քաղքենիացած» հասարակութիւն մը, որ օտար վարժարաններու խաբուսիկ երեւոյթով տարուած, մատնանշելով հայ դպրոցին ունեցած ենթադրեալ թերութիւնները` օտարին «հոգատար» խնամքին վստահեցաւ իր զաւակները:

Կերպարանափոխուեցաւ նաեւ աշակերտը: Անոր թուղթ-մատիտին եւ աշխուժ խաղին փոխարինելու եկաւ համակարգիչը եւ համացանցի վրայ, առանց մեր կարծիքն անգամ հարցնելու, իրե՛ն համար ստեղծեց լատինատառ այլանդակ, անընդունելի «կիսահայերէն» մը:

Պէտք է խոստովանիլ, որ հայրենիքն  ու սփիւռքը ընդհանրապէս եւ հայ դպրոցը յատկապէս, հարկ եղած սթափութեամբ չհակազդեցին եւ գործնական ազդու քայլերու չձեռնարկեցին ամենակուլ այս վտանգին դիմակայելու նպատակով: Այո, եղան անհատական ու հաւաքական նախաձեռնութիւններ, կազմակերպուեցան խորհրդաժողովներ ու կլոր սեղաններ, բայց, հաւատարիմ մեր հաւաքական կեանքի աշխատելաոճին, հոն հնչած առաջարկները մնացին մելան` թուղթի վրայ: Իր երեխաներուն դաստիարակութեամբ իրապէս մտահոգ սփիւռքահայուն սիրտը մղկտաց ի տես արձանագրուած այս նահանջին, բայց անով հանդերձ, ան մնաց հանդիսատեսի դիրքին վրայ: Որպէս հետեւանք` նահանջեց նաեւ հայկական դպրոցը:

Վերամուտի այս ժամանակաշրջանին, սակայն, հայկական լրատուամիջոցներուն հետեւող մեր հայրենակիցներուն համար, վստահ ենք, ակնյայտ պիտի դառնայ այն, թէ հայ դպրոցը դուրս եկած է իր լճացած, մեկուսացած ու թեւաբեկ վիճակէն եւ այսօր ան կ՛ապրի իր հոգեմտաւոր զարթօնքը: Հայ մամուլը խճողուած է հայկական վարժարաններու ծանուցումներով: Օտար վարժարանները, հայ աշակերտը հրապուրելու իրենց ճիգին մէջ, շատոնց կ՛օգտագործեն ծանուցումի այս եղանակը, եւ մենք այս առումով ուշ ենք թէպէտ, բայց` ոչ ուշացած: Ծանուցման միջոցով մենք կրնանք գովաբանել մեր վարժարանները ու վեր առնել անոնց բարեմասնութիւնները: Սակայն զգո՜ւշ, պէտք է խուսափիլ շուկայական գռեհիկ մօտեցումներէ, որոնք կրնան վարկաբեկել հայ դպրոցը: Այս պարագային, ինքնագովութիւնը դրական երեւոյթ մըն է, բայց չափաւոր ըլլանք ու չմոռնանք, թէ մեր «լոյսի տաճարներ»-ը հագուստի վաճառատուն չեն եւ, առ այդ, պէտք է հեռու մնան «զեղչ-վաճառք»-ի նման անյարիր  յայտարարութիւններէ եւ սայթաքումներէ:

Վերոնշեալ զարթօնքը համակած է մեր վարժարաններուն կրթական ոլորտը: Հակառակ բազում դժուարութիւններուն` հայկական դպրոցը միշտ ինքզինք պահած է ուսումնական բարձր մակարդակի վրայ, վկայ` պետական քննութեանց եւ լիբանանեան բարձրագոյն ուսման հիմնարկներուն մէջ մեր աշակերտներուն արձանագրած փայլուն արդիւնքները: Ուսումնական այս բարձր մակարդակի պահպանման աշխատանքը կը շարունակուի եւ անոր զուգահեռ, մեր վարժարանները կը տանին մարզական ու մշակութային բեղուն գործունէութիւն: Օտար ո՞ր վարժարանին մէջ արդեօք կը գործեն մարզական եւ մշակութային զանազան ակումբներ: Օտար ո՞ր վարժարանը ունի շաբաթական ատենամարզանքի պահեր: Օտար ո՞ր վարժարանը ուսումնապէս եւ վարքով յառաջադէմ աշակերտներու մեծաթիւ խումբ մը անվճար կը ղրկէ Հայաստան: Այս ամէնը կ՛իրագործէ հա՛յ վարժարանը:

Եւ ոչ միայն: Ուսումնական ու արտադասարանային գործունէութեան զարթօնքին հետ համընթաց, արհեստագիտական տարբեր նորարարութիւններէ զերծ չմնաց հայ դպրոցը: Հայկական բոլոր վարժարանները ընդհանրապէս ունին ժամանակակից համակարգչային գիտաշխատանոցներ, իսկ ոմանք նոյնիսկ օժտուած են համակարգչային active board-երով: Լիբանանահայ վարժարաններուն բոլոր կրթական մշակները եւ պատասխանատուները խորին յարգանքի արժանի են, քանի որ իրենց շնորհիւ հայ դպրոցը կ՛ապրի իր զարթօնքը, եւ շնորհիւ այդ աշխատանքին` այսօր յստակօրէն կրնանք յայտնել, թէ դէպի օտար վարժարաններ արտահոսքը վերջ գտած է, եւ մենք  ուրախութեամբ ականատես կ՛ըլլանք օտար դպրոցներէն դէպի մեր վարժարանները հայ աշակերտի «ներգաղթի» երեւոյթին:

Թէեւ յոյժ գովելի է տարուած այս ճիգը, սակայն մեր աշխատանքը դեռ չէ հասած իր աւարտին: Տակաւին խոցելի են հայերէնի ուսուցման եղանակն ու փոխանցուող դասանիւթերուն ընտրութիւնը: Հրատապ հարց է միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու հայերէնի ու հայոց պատմութեան այժմէական ծրագիրներու պատրաստութիւնն ու համապատասխան գիրքերու հրատարակումը, աշխատանք մը, որ անկասկած անհատ հեղինակներու, հրատարակիչներու կամ դպրոցներու ուժերէն վեր է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին նախաձեռնութեամբ, արդէն կազմուած է «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խորհուրդ»-ը: Կ՛առաջարկենք, որ այս խորհուրդը կազմէ մասնագէտ հեղինակներէ, մանկավարժներէ, հոգեբաններէ եւ ընկերաբաններէ կազմուած յանձնախումբ մը, որ մեր բոլորին աջակցութեամբ  կարենայ իրագործել այս կենսական ծրագիրը:

Հրատապ է նաեւ աշակերտութեան հայերէնի գործածութեան մակարդակի բարելաւումը: Այս նպատակին հասնելու նախապայմանը  համացանցի «հայացումն» է. անհրաժեշտ է համակարգչային հայերէն սրբագրիչի մը ստեղծումն ու միասնական ստեղնաշարի մը որդեգրումը, մանաւանդ` «Microsoft Office»-ի ծրագիրներուն մէջ: Այս առումով, արդէն իսկ գոյութիւն ունին սահմանափակ անհատական նախաձեռնութիւններ, որոնք սակայն կը մնան աշակերտութեան համար դժուարամատչելի: Առկայ վիճակը բարեփոխելու համար կը խնդրենք հայրենի պետութենէն, որ ի՛նք ստանձնէ այդ առաքելութիւնը ու համացանցի աշխարհը մեր ոսկեղինիկի զոյգ երանգներով հարստացնելու համար համապատասխան բանակցութիւններ վարէ «Microsoft» ընկերութեան հետ: Հայերէն սրբագրիչի ու միասնական ստեղնաշարի մը առկայութեամբ, կարելի կ՛ըլլայ համացանցի վրայ հայերէնի գործածութիւնը դասաւանդել աշակերտութեան` խթանելով անոնց մօտ լատինատառի փոխարէն մաքուր ուղղագրութեամբ հայերէնի օգտագործումը:

Այո՛, մենք անկասկած հպարտ ենք անցեալի մեր իրագործումներով, եւ կրթական այս նոր վերամուտի շեմին հաւատքով պէտք է նայինք ապագային: Մենք կը հաւատա՛նք հայ դպրոցի կարեւորութեան, անոր դերին, նշանակութեան, անհրաժեշտութեան, զարգացման, այժմէականացման… Առանց դպրոցի` ուծացումը քանի մը տարուան հարց է միայն: Դպրոցը վահան է, դպրոցը սեփական դէմքը` հետեւաբար եւ արժանապատուութիւնը պահելու հզօրագոյն միջոց է: Եթէ իւրաքանչիւր երիտասարդ ծնող ունենայ այս գիտակցութիւնը, մենք ոչ միայն ետ կը մղենք ուծացումի վտանգը, այլեւ նոր արժէքներ կը ստեղծենք եւ մարդկային ամբոխներու գորշութեան մէջ մենք մեր փայլքով կ՛առանձնանանք:

Հաւատքի ու լաւատեսութեան կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայ երիտասարդութեան, հաւատքի, առանց որուն` մենք պարզապէս անկարող կ՛ըլլանք շարունակել մեր ճամբան: Հաւատարիմ մնանք մեր արմատներուն եւ մեր նախորդներու տեսլականին: Ճիշդ է, որ սփիւռք ենք մենք, բայց չմոռնանք, որ քսանմէկ տարուան երիտասարդ հայրենիք ունինք, որ ուժ, երազ ու թեւեր կու տայ մեզի: Ուրեմն զինուինք այդ երազով ու թեւերով եւ պայծառ աչքերով դիմաւորենք մեր փայլուն ապագան: Դպրոցական նոր շրջանը նո՛ր հուն մտած է եւ այս առթիւ մենք կ՛ուզենք բարի տարի մաղթել բոլոր հայկական վարժարաններուն, անոնց ուսուցչակազմերուն եւ տնօրէններուն:

Թող լոյսի մեր փարոսները անմար մնան ու շարունակեն լուսաւորել մեր ճանապարհը:

Share this Article
CATEGORIES