Նշմար. Սպասելով Հեգնական Արդարութեան

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Լիբանանեան մակարդակի վրայ 24 սեպտեմբերին Պքերքէի մէջ գումարուած քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու վեհաժողովը ՄԱԿ-էն պահանջեց կազմել օրէնսգէտներու յանձնախումբ մը` մշակելու համար կրօններուն արդար իրաւունքը պահպանող օրէնք մը: Եգիպտական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներն ու Ազհարի շէյխը եւս ժողովի մը ընթացքին որոշեցին կեցուածքները համակարգել` կրօններու, կրօնական հաւատալիքներու եւ կրօնական խորհրդանիշերու վարկաբեկումը քրէականացնող միջազգային օրէնքի մը որդեգրման համար:

Թրքական իշխանութիւնները իրենց կարգին այդ ուղղութեամբ աշխատանքի լծուած են: Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ցուցմունքներ տուած է կրօնական արժէքներու վարկաբեկումը մարդկութեան դէմ ոճիր նկատող որոշումի որդեգրման համար: Այդպիսի որոշումի մը որդեգրումը, եթէ համայն մարդկութեան համար ողջունելի քայլ մըն է, անիկա առաւել եւս ողջունելի է հայ ժողովուրդին համար, որուն սրբատեղիները թրքական իրերայաջորդ իշխանութեանց կողմէ ախոռներու եւ մթերանոցներու վերածուած են կամ զինավարժութեան համար իբրեւ թիրախներ օգտագործուած են:

Ճիշդ է, որ հայկական եկեղեցի մը թանգարանի վերածած, այդ արարքով այդ սրբավայրը սրբապղծած ու գրաւած, ապա «վեհանձնաբար» տարին մէկ անգամ Ս. պատարագ, իսկ Անիի եկեղեցիներուն մէջ բնորդներու կողմէ հագուստներու ցուցադրութիւն արտօնած Թուրքիան թերեւս ՄԱԿ-ի մէջ թէ այլուր այդպիսի ազնիւ աշխատանք մը կատարելու նուազագոյն բարոյական իրաւունքն իսկ չունի, սակայն լաւ է, որ կը կատարէ. մեր ուրախութիւնը առաւել եւս մեծ պիտի ըլլայ` տեսնելով այն հեգնական արդարութիւնը, թէ Թուրքիա կը դատապարտուի ՄԱԿ-ի այն որոշումին հիմամբ, որուն որդեգրման համար ջանք թափած էր ինք:

Այս առումով Թուրքիոյ տարած աշխատանքը աւելի քան ողջունելի է, թերեւս նոյնիսկ` զօրակցութեան արժանի:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )